Հ Ժորժ -Անրի Ռոյսսէնի այս հետազօտական եզակի եւ իւրօրինակ աշխատանքը առիթ կ՛ընծայէ այլ ուսումնասէրներու մօտէն ճանչնալու Վատիկանեան Դիւաններու փաստաթուղթերը` հայող Մեծ Եղեռնի իրականութեան ու Վատիկանի եւ Սուրբ Աթոռի դերակատարութեան, այդ ահռելի օրերուն առթիւ։ Այդ վաւերագրական գրութիւններուն մէջ մեզի կը յայտնուին Սուրբ Աթոռի տարած ճիգերը եւ ստէպ՝ միջազգային քաղաքականութեան վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու անկարողութիւնը։ Դիւանային նիւթերու հանրութեան տրամադրելիութիւնը կարելիութիւն կու տայ պատմաբաններու՝ աւելի խոր թափանցելու հարցի էութեան մէջ եւ դուրս բերելու իրադարձութիւններու հետ առընչուած փաստաթուղթեր, նոր լոյս սփռելով պատմական որոշ դէպքերու վրայ։
Հ. Ժ.-Ա. Ռոյսսէն՝ ծնած 1967ին Deinze, Պելճիքա՝ կանոնագիտութեան մասնագէտ եւ դասախօս է Հռոմի Քահանայապետական Արեւելեան Համալսարանի եւ Փարիզի Centre Sèvres, Facultés Jésuites Քահանայապետական Համալսարանի։ Իր բազմաթիւ կանոնագիտական աշխատանքներուն կողքին ան միշտ մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է հայագիտական հարցերու հանդէպ։
Սուրբ Աթոռը ու 1915-ի հայոց ցեղասպանութիւնը
Յովհաննէս Պալեանի (1915) եւ Պետրոս Աղաճանեանի (1916) յիշատակին
(Երկու Յիսուսեան վարդապետներ որոնք նահատակուեցան ցեղասպանութեան տարիներուն)
Ա – Նախաբան
Եթէ ուզենք իմանալ թէ ”Հայկական ցեղասպանութեան մասին” քանի գիրք գրուած է բաւարար է դիմել համացանցին, մինչ ինչպէս կը նշէ Փրոֆ Անտրէա Ռիքքարտին, իր հրատարակած մէկ հատորին մէջ ”Գոյութիւն չունի Սուրբ Աթոռի վերաբերմունքի մասին ուսումնասիրութիւն մը”, ասոր համար Վատիկանեան աղբիւրները առաջնակարգ վկայութիւն մը կը հանդիսանան Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ապրող քրիստոնեաներու ճակատագրի մասին։
Առ այդ 2013-էն մինչեւ 2015 լոյս տեսան ”Հայկական հարց” բնաբանով 7 հատորներ որպէս նպատակակէտ ունենալով Վատիկանեան արխիւներու աղբիւրները մատչելի դարձնել բոլոր հետազօտողներուն` որոնք համերաշխ նայուածքով կ՛ուզեն ուսումնասիրել` 1915-ի հայրերու ցեղասպանութեան ”Մեծ Եղեռնի” բարդ իրականութիւնը։
Անտրէա Ռիքքարտին հաստատած էր թէ ”Սուրբ Աթոռի եւ Քահանայապետի դերը այդ եղելութեան ծիրէն ներս տակաւին չէ պարզուած, աղբիւրներու պակասի պատճառաւ։ Սուրբ Աթոռին դերը կը սահմանափակուի անոր մատուցած մարդասիրական օգնութեան գործունէութեան մէջ … սակայն ի՞նչ դեր ունեցաւ Պենետիկտոս ԺԵ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ստեղծուած Քրիստոնեայ – Իսլամ տագնապի կապակցութեամբ, յոյսով ենք որ ”Հայկական Հարց” բնաբանով հատորները կարողանան լուսաբանել ու վերակառուցել այդ պատմական իրականութիւնը ու յատկապէս Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական գործունէութիւնը, որուն միտումն էր պաշտպանել քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները Օսմանեան Կայսրութեան եւ Թուրքիոյ Պետութեան մօտ։
Հասկնալի է թէ կարճ ժամանակի մէջ կարելի է միայն ներկայացնել Սուրբ Աթոռի ու Քահանայապետերու դերին մասին հակիրճ տեղեկութիւններ եւ ասոր համար է որ այսօր պիտի անդրադառնանք Պենետիկտոս ԺԵ Քահանայապետին` Մեծ Եղեռնին հայող եւ Սուլթանին ուղղուած` 10 սեպտեմբեր 1915 թուակիր նամակին։ Առ այդ նկատի պիտի չառնենք 1984-1896ի ջարդերը, 1909-ի Ատանայի ջարդերը ինչպէս նաեւ 1918 – 1922-ին տեղի ունեցած եղելութիւնները։
Բ – Առաջին աշխարհամարտի նախօրեակին Օսմանեան Կայսրութեանմասին ընդհանուր ակնարկ ։
Համաշխարհային առաջին պատերազմը կը յատկանշէ աշխարհի մը մթագնումը ու յատկապէս Օսմանեան Կայսրութեան մէջ Եւրոպական ներկայութեան որոշ անհետացումը։
Համաշխարհային առաջին պատերազմէն առաջ Կայսրութեան մէջ ներկայ էին Կաթողիկէ եւ Բողոքական միսիոնարներ որոնք բաւականի գործ տարած էին դաստիարակչական ու բարեսիրական ասպարէզէն ներս, ապա անոնց միջոցաւ տեղ գրաւած էին նաեւ Եւրոպական Իշխանութիւնները Ֆրանսան. Գերմանիան, Ռուսիան եւ Իտալիան որոնց ”կրօնական” շահերը կը համընկնէին աշխարհաքաղաքական եւ տնտեսական շահերուն հետ։
Ֆրանսան կը պաշտպաներ Կաթողիկէներու շահերը, Ռուսիան օրթոտոքսներունը, Մեծն Պրիտանեան ու Միացեալ նահանգները բողոքականներուն ու հրեաներունը։ Հայրերու շահերը ընդհանրապէս պաշտպանուած էին բոլորին կողմէ։
Շատ յաճախ սակայն քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն մէջ ազգայնական խմբակներ կը ստեղծուէին որոնք կը ձգտէին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ անկախ հողամասեր ունենալ, թէեւ այս ձիրէն ներս պէտք է ընդգծել թէ կաթողիկէ հասարակութիւնները ընդհանրապէս կը խուսափէին բռնութիւններ գործադրելէն։
Միւս կողմէն Եւրոպական զօրքերու ճնշումին որպէս այլընտրանք Կայսրութեան մէջ ծնունդ կ՛առնէ ”Երիտասարդ Թուրքերու” շարժումը որուն նպատակն էր հզօրացնել թրքական ինքնութիւնը ու սատարել Օսմանեան Կայսրութեան վերածնունդին` ”Թուրքիան Թուրքերուն” կարգախօսով։
Անշուշտ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու բազմացեղային ներկայութիւնը խոչընդոտ մըն էր այդ ծրագրին յատկապէս որովհետեւ այդ փոքրամասնութիւններու քաղաքական, ընկերա-տնտեսական ու մտաւորական դասին կազմաւորումը վստահուած էր միսիոնարներու որոնք աւանդաբար արեւմտամէտ էին։
Եւ ահա այս իրողութիւնն է որ համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին այնպէս կ՛ընէ որ Իսլամ-Քրիստոնեայ դարաւոր համակեցութիւնը տագնապի մէջ մտնէ եւ Պատերազմին սկիզբը` 1914-ին, ֆրանսան ու անոր դաշնակիցները կ՛անհետանան Օսմանեան իրականութենէն ու Պալգանեան շրջանի մէջ տիրող տագնապին մէջ Սուրբ Աթոռը կը մնայ մինակ դերակատարը` ու հետեւաբար Կաթողիկէներու շահերուն միակ պաշտպանը։
Սուրբ Աթոռը սակայն ընդհանրապէս քաղաքական ծրագիր մը չունէր ու անոր միջամտութիւնները պատերազմի այդ տարիներուն, ունէին միայն մարդասիրական բնոյթ, այսինքն պաշտպանել հալածուած քրիստոնեաները ու կասեցնել կամ առ նուազն թեթեւցնել այդ հալածանքները, օգնութիւններ ուղարկել, ապա Արեւելքի մէջ ամրապնդել կաթողիկէ եկեղեցիներու ներկայութիւնը։ Եւ ճիշդ այս ուղղութեամբ է որ 1917 թուականին Պենետիկտոս ԺԵ Քահանայապետը հիմնեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Սուրբ Ժողովը եւ Քահանայապետական Արեւելեան Ինստիտուտը։
Նախ քան խօսքը տանք արխիւներու փաստաթուղթերուն, պէտք է յիշեցնենք որ Պատերազմի ընթացքին ու յատկապէս 1915-1916 տարիներուն, ջարդերու ու տեղահանումներու բերումով իրենց կեանքը կորսնցուցին 2 միլիոն քրիստոնեաներ, որոնց մեծամասնութիւնը հայեր էին։ Հայերէն զատ կային նաեւ Ասորիներ, Քաղդէացիներ, Մարոնիներ։
Անոնց ոչնչացումի հետեւանքով Անատոլիայի ընդարձակ մարզեր պարպուեցան քրիստոնեաներու ներկայութենէն։
Այդ լայնածաւալ կայսրութեան տարածքին Սուրբ Աթոռը Կ. Պոլսոյ մէջ ունէր ”առանց դիւանագիտական հանգամանքի” մէկ առաքելական պատուիրակութիւն, յանձինս Գերապայծառ Անճելօ Մարիա Տոլչիի, մինչ այլ առաքելական պատուիրակութիւն մը կը գտնուէր Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ եւ երրորդ մըն ալ Միջագետքի մէջ։
Սուրբ Աթոռը իր այս ներկայութեամբ ստիպուած կ՛ըլլայ փոխարինելու ֆրանսան, Աւստրիան Հունգարիան ու Գերմանիան եւ գործելու քահանայապետական նուիրակներու միջոցաւ։
Գ – 1915-ի ցեղասպանութեան սկիզբը` պատմուած Վատիկանիարխիւներու փաստաթուղթերու ընդմէջէն։
31 յունուար 1915-ին, Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Տոլչի, այդ շրջանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Կասփարիին կը գրէր. ”Հոս բոլորովին կղզիացած ենք եւրոպայէն…Կ. Պոլսոյ մէջ որոշ կրօնական հանդարտութիւն կը տիրէ, մինչ կայսրութեան ներքին տարածքներէն ոչ մէկ լուր ունինք”։
Տեղեակ ենք թէ հայոց ցեղասպանութեան սկիզբի թուականը` 24 ապրիլ 1915 է, եւ այդ օր, որ ամէն տարի կը յիշատակուի, 300 – 400 հայեր որոնց մեծամասնութիւնը ուղղափառ եկեղեցւոյ կը պատկանէին, ձերբակալուեցան ու աքսորուեցան դէպի կայսրութեան ներքին շրջաններ։
27 ապրիլ 1915-ի մէկ զեկոյցի մէջ գերապայծառ Տոլչի կ՛ակնարկէ վերոնշեալ դէպքին գրելով. ”Այսօր Օսմանեան կառավարութիւնը, իշխանութեան դէմ յեղաշրջում ամբաստանութեամբ ձերբակալեց ու կայսրութեան ասիական շրջան ուղարկեց մայրաքաղաքի մէջ բնակող 400 հերետիկոս հայեր, քաղաքական դաւադրութեան յանցանքով, ու մինչեւ օրս յայտնի չէ այդ դաւադրութեան բնոյթը….մինչ անոնց շարքին կան նաեւ հազուաթիւ հայ կաթողիկէներ, 5 կամ 6 հոգի”։
Կղզիացած վիճակի մէջ գտնուելով գերապայծառ Տոլչի չէր կարողացած մանրամասն տեղեկութիւններ ունենալ կատարուած ջարդերու մասին եւ 1915-ի յունիսին տակաւին կը կասկածէր թէ այդ ձերբակալութիւնները հետեւանքն էին հայերու ըմբոստութեան ու կը միտէին այդ ըմբոստութիւնները կասեցնել։ Ահա թէ ինչու` գերապայծառ Տոլչի` Հաւատոյ Ժողովի Կառավարիչ` Կարդինալ Կոթթիին յղած մէկ նամակին մէջ կը գրէ թէ ”Հայերու դաւադրութիւնը օսմանեան կայսրութեան մէջ սկիզբ առաւ Վանի մէջ, ուր ռումբ մը պայթեցուցին կառավարութեան շէնքին դէմ….այդ ըմբոստութիւնը արդեն վարակեց քովնտի ”Վիլլայէթը” ու կառավարութիւնը զայրացած է բոլոր հայերուն դէմ…սակայն ըմբոստներու մեծամասնութիւնը ուղղափառներ են, թէեւ անոնց շարքին կան նաեւ մի քանի կաթողիկէներ…մտավախութիւն կայ որ Թրքական իշխանութիւնները ընդհանուր ջարդ մը պատուիրեն բոլոր հայերուն դէմ անխտիր”։
Գերապայծառ Տոլչին տակաւին կը շարունակէ մտածել թէ պատահածը հետեւանքն է ըմբոստութեան եւ կաթողիկէները պաշտպանելու միտումով` Յունիս 1915-ին, Մեծն Վեզիրին նամակ մը կը յղէ, Անորմէ խնդրելով որ բաղդատութիւն դնէ կաթողիկէներու եւ ուղղափառ հայերու միջեւ, ու դադրեցնել տայ կաթողիկէներու տարհանումը, անոնց թոյլատրելով դառնալ իրենց տուները։
Այսուամենայնիւ 17 Յուլիս 1915-ին` երբ հալածանքները արդէն յառաջացած վիճակի մէջ էին, գերապայծառ Տոլչի` Պետական Քարտուղարին հեռագիր մը կ՛ուղարկէ որուն մէջ կը գրէ. ”Լուր հասած է թէ հարիւրաւոր հայեր, որոնց մէջ նաեւ կաթողիկէ բազմաթիւ ընտանիքներ, հալածանքներէ ազատելու համար, իսլամացած են։ Իսկական ու ծրագրուած ջարդերու մասին լուրերը առ աւելիով կը հաւաստիացնեն այս տեղեկութիւնը, մինչ դաշնակից զօրքերու Դեսպաններու միջամտութիւնները ապարդիւն թը մնան…”։
Իսկ 29 Յուլիս 1915-ի զեկոյցին մէջ Գերապայծառ Տոլչի կը վերահաստատէ այդ տխուր իրողութեան լուրը` զանազան աղբիւրներէն իրեն հասած ստոյգ լուրերու հիման վրայ, որոնք կը հաստատեն Հայերու տեղահանումներն ու անոնց ջարդը։
Այդ աղբիւրներէն մին Քափուչին միաբանութեան անդամ Հայր Միքելէ Լիեպլի նամակն է որ Սամսունէն կը գրէ. ”’23 Յունիս 1915-ին զանգուածային ձերբակալութիւններ տեղի ունեցան, մինչ յաջորդ օրը բոլոր պատերուն վրայ զետեղուած հրահանգ մը Հայերուն կու տար հինգ օրուայ պայմանաժամ որպէսզի կարգի դնեն իրենց գործերը, ու այրեր, կիներ, մանուկներ, հիւանդներ, կաթողիկէ քահանաներ ու մայրապետներ անխտիր, յանձնուին Կառավարութեան, որպէսզի զանոնք տեղափոխէ այլ անյայտ շրջաններ…։ Երրորդ օրը սկիզբ առաւ տեղահանումը…ջարդերու մասին սոսկալի լուրեր կը հասնին։ Կիները անոնք են որոնք աւելիով կը դիմանան….։
Ձերդ գերազանցութիւնը կը հասկնայ թէ չեմ կրնար աւելի մանրամասնութիւններու մէջ մտնել ու կը խնդրեմ ձեր ու Սուրբ Աթոռի օգնութիւնն ու միջամտութիւնը` Թուրքիոյ դաշնակից իշխանութիւններու մօտ”։
Գերապայծառ Տոլչի ի տես այս իրողութեան կը ջանայ միջամտել Օսմանեան կառավարութեան մօտ, սակայն անոր բոլոր փորձերը դժուարութեան կը հանդիպին, յատկապէս որովհետեւ արեւմուտքի Քրիստոնեայ Զօրքերը պատերազմի մէջ կը գտնուէին ու կարելիութիւնը չունէին օգնութեան հասանելու կայսրութեան մէջ ապրող քրիստոնեաներուն։
Ասով հանդերձ գերապայծառ Տոլչի կը շարունակէ իր գործունէութիւնը ի սպաս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան։
Տեղահանումներու ծրագիրը լաւապէս կը ներկայացուի Նորպերթօ Հոֆէր անունով այլ Քափուչին Վարդապետի մը կողմէ։ Ան կը գրէ. ”տեղահանում բառը կը նշանակէ
ամուսինները իրենց տիկիններէն բաժնել ու մայրերը իրենց զաւակներէն։ Ապա Թուրք զինուորականներու սպառնալիքներ կ՛ուղղեն որպէսզի անոնք ուրանան իրենց հաւատքը, եւ անոնք որոնք կը դիմեն հաւատուրացութեան – սակաւաթիւեր – անմիջապէս կ՛ուղարկուին իսլամական շրջաններ։
Հայր Հոֆէր ապա կը շարունակէ. տեղահանում բառը կը նշանակէ ”Կիներու բռնաբարումը ու կամ Ֆիզիկական յատկանիշներու համաձայն անոնց վաճառքը հարեմներու մէջ։ Երիտասարդ աղջիկները կը վաճառուին իսլամ հարուստներուն, որպէս տան աղախիններ… մինչ բոլոր վերապրածները ստիպուած են թողուլ տուն, տեղ, կալուածք, դրամ ու բռնի մեկնիլ դէպի անյայտ ուղղութիւն։ …. Անոնցմէ շատեր կը մեռնին ճանապարհի վրայ ուրիշներ կը սպաննուին։ Այս ուղղութեամբ հաստատ լուրեր կան Վանի ու Պիթլիսի մէջ տեղի ունեցող հաւաքական ջարդերու մասին, ապա նաեւ Մարտինի մէջ ուր նոյնիսկ կաթողիկէ Եպիսկոպոսը սպաննուեցաւ իր 700 հաւատացեալներու հետ միասին։
………………………
Քոնիայի տարածքին վրայ հազարաւոր հայեր մեռան. Անոնք ստիպուած են քալել 40էն մինչեւ 50 օր, առանց հանգիստի։ Բոլոր անոնք որոնք տկար էին յոգնութենէն մահացան։
Կեզլի Կոլ Համմամի մօտ 300 մանուկներ իրենց ճակատագրին լքուեցան, որովհետեւ յոգնութեան պատճառաւ չէին կրնար քալել ու սովի եւ ծարաւի պատճառաւ մահացան։
Շատեր վայրենի կենդանիներու կերակուր դարձան։ Անոնք որոնք տակաւին ֆինանսական կարելիութիւններ ունէին կարող էին շոգեկառքով ճամբորդել, այդ ալ սակայն անտանելի ճանապարհորդութիւն մըն էր, 80 հոգի ամէն մէկ սայլակի մէջ։ Շատեր որոնք բացօթեայ սայլակներու վրայ կը գտնուէին, եղանակային վատթարացումներու թիրախ դարձան ու բազմաթիւ անձեր ուժաթափ ինկան շոգեկառքէն դուրս։…… Յուսահատութեան մատնուած մայրեր, իրենց զաւակները կը նետէին գետերու ջուրերուն մէջ, զանոնք խնայելու համար աւելի մեծ տառապանքներէ։
…. Միայն փոքրիկ խումբ մը յաջողեցաւ ողջ մնալ, միւսները` մեծամասնութիւնը, մահացաւ յոգնութեան, անօթութեան ու զինուորներու գործադրած վայրագութեան հետեւանքէն։
… այդ ժամանակներուն Քոնիայի մէջ վաճառքի դրուեցան հայ աղջնակներ։ բազմաթիւ երիտասարդուհիներ ապա դիմեցին պոռնկութեան, չարչարանքներէն փախուստ տալու միտումով”։
20 օգոստոս 1915-ի իր զեկոյցին մէջ գերապայծառ Տոլչի կը հաստատէ այդ բոլոր պատահածները ապա կը հաղորդէ թէ կը շարունակէ աշխատիլ վերջ դնելու համար այս բարբարոսական արարքներուն։
Ան արդարեւ` ամէն երկուշաբթի օր` դիւանագիտական անձնաւորութիւններու ընդունման օրը, կը դիմէր ”Բարձր Դուռին”, հուսկ ամէն երեք օր անգամ մը կը հանդիպէր Գերմանիոյ եւ Աւստրիայի դեսպաններուն հետ, ինչպէս նաեւ Պուլկարացի նախարարին հետ, անոնցմէ խնդրելով որ իրենց կարգին միջամտեն ջարդերն ու տեղահանութիւնները կասեցման ի խնդիր։
Գերապայծառ Տոլչի, ի տես այս իրավիճակին անմիջականօրէն կը դիմէ Քահանայապետին Անորմէ խնդրելով միջամտութիւն եւ ի տես հարցի ծանրութեան Պետական Քարտուղար Կարդինալ Կասփարրիին ուղղած 2 սեպտեմբեր 1915-ի հեռագիրին մէջ Ան կը գրէ ”Ձեզ կը հրաւիրեմ Օսմանեան Կառավարութեան դիմելու, կասեցնելու համար հայերու դէմ հալածանքը”։
Հոս հարկ է ընդգծել թէ Սուրբ Աթոռը, այլեւս բաղդատութիւն չի դներ կաթողիկէներու եւ ուղղափառներու կամ բողոքականներու միջեւ, անոր նպատակն է կասեցնել կոտորածը` ամէն գինով։
Այն ինչ որ ապա Պենետիկոս ԺԵ Քահանայապետը կը մղէ անձնական միջամտութիւն կատարելու, Մխիթարեան Միաբանութեան Աբբահօր Գերապայծառ Իգնատիոս Կիւրեքեանի 28 օգոստոս 1915 թուակիր նամակն է, որուն մէջ Աբբահայրը մանրամասն կերպով կը ներկայացնէ տեղի ունեցածը ու կը դիմէ Քահանայապետին որպէսզի Ան անյապաղ միջամտէ Օսմանեան կառավարութեան մօտ, վերջ դնելու համար` անմեղ հայ ազգի զաւակներուն կրած վայրագ ջարդերուն։
Աբբահայրը Քահանայապետին կը տեղեկացնէ զանազան գիւղերու ու վիլլայեթներու բնակիչներուն կրած չարչարանքի ու հալածանքներու մասին, հաստատելով թէ այս մէկը ”ծրագիր մըն է ոչնչացնելու հայ ազգը։ Հսկայական սպանդ մըն է, անձայն ու անանուն”։
”Թուրքիոյ բոլոր հայ բնակիչները այժմ կը գտնուին համակեդրոնացման ճամբարներու մէջ։…. Հայ ազգը Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրի իր կեանքի վերջին օրերը, ու մեզի ոչ մէկ միջոց տրուած է այդ մահը յետաձգելու համար…. Երբ մի քանի ամիսէն ի յայտ պիտի գան 1.5 միլիոն հայերու միայն հետքերը, բնաջնջումը անխուսափելի իրականութիւն պիտի սեպուի”։
Պենետիկտոս ԺԵ Քահանայապետը ներշնչուելով Աբբահօր նամակէն, 10 սեպտեմբեր 1915-ին ինքնագիր նամակ կը կ՛ուղարկէ Մոհամմէտ Ե Սուլթանին որուն մէջ մատնանշելով իրեն հասած տեղեկութիւններուն ու յատկապէս հայերու դէմ գործուած ոճիրներուն, Անորմէ կը հայցէ խնայել հայերը ու հակառակ պարագային պատժել միայն անոնք որոնք յանցանք գործած են։
Երբ Գերապայծառ Տոլչին Սուլթանին կը ներկայանայ անոր Քահանայապետին նամակը յանձնելու համար, Սուլթանը կը նշէ թէ ինք եղած է միշտ խաղաղասէր ու թէ ստիպուած եղած է այս պայքարին մէջ մտնելու միայն իր կայսրութիւնը պաշտպանելու համար։ Ապա 10 Նոյեմբեր 1915-ին` Քահանայապետի նամակին յղած պատասխանին մէջ, Սուլթանը կը մատնանշէ հայ յեղափոխականներուն, որոնք համակրանք կը ցուցաբերէին կայսրութեան թշնամի Ռուսիոյ նկատմամբ եւ թէ ասոր համար Ինք այլընտրանք չունէր ու ստիպուած էր դիմելու տեղահանութեան միջոցներուն։
Այսուամենայնիւ Սուլթանի պատասխանը արգելք չի հանդիսանար որ Պենետիկտոս ԺԵ, 6 դեկտեմբեր 1915-ին. ”Nobis Profecto” ճառին մէջ ընդգծէ հետեւեալը. ”հակառակ որ մենք ամէն միջոց օգտագործեցինք հասնելու համար խաղաղութեան ու վերակազմելու տարաձայնութիւնները, այդ պատերազմը կը շարունակուի … մինչ միս կողմէն Հայաստանը կը գտնուի ծայրայեղ քանդումի անմխիթար վիճակի մէջ”։
Այս առնչութեամբ Պետական Քարտուղարը եւս քայլեր կ՛ուղղէ, դիւանագիտական գետնի վրայ, Թուրքիոյ դաշնակից երկիրներու մօտ, ինչպէս էր պարագան Աւստրիա Հունգարական – ու Գերմանիոյ կառավարութիւններուն, անոնց ուշադրութեան յանձնով հայերու դժբախտ ճակատագիրը ու անոնց կրած տառապանքներն ու հալածանքները, անոնց ազդարարելով թէ եթէ չի միջամտէին ու դադրեցնել չի տային այդ ջարդերը իրենք եւս յանցաւոր ու մեղսակից պիտի նկատուին այդ արարքներու գործադրութեան։
”…Ասոր համար Յանուն Սրբազան Քահանայապետին, կը խնդրուի արտաքին գործոց նախարարին իմացնել թէ մարդկային ու քաղաքակրթութեան իրաւունքներն ու օրէնսդրութիւնը Աւստրիայէն կը պահանջեն որ ճնշում բանեցնէ Օսմանեան Կառավարութեան վրայ, որպէսզի անմիջապէս դադրեցնէ բարբարոսական այդ արարքները, որոնք ոչ միայն անպատութիւն են անոնց որոնք կ՛իրագործեն զանոնք, այլեւ անոնց որոնք` թէեւ կարող են սակայն չեն միջամտէր ու չեն կասեցներ զանոնք”։
Այսպէս գրած էր Պետական Քարտուղարը` պապական նուիրակին ուղարկած մէկ նամակին մէջ։ Նիւթեր ու կոչեր որոնք կրկնուեցան 9 եւ 10 նոյեմբերին անոր յղած հեռագիրներու մէջ։
Գերմանիան եւ Աւստրիան քաջ տեղեակ էին ուրեմն պատահած ջարդերու մասին, որոնք կը հարուածէին նախ եւ առաջ հայերը ապա ասորիները, քաղդէացիներն ու լատիններ։
Ահա թէ ինչ կը գրէ Քափուչին միաբանութեան անդամ միսիոնար Հայր Նորպերթօ Հոֆէր.
”Հայ ազգին դէմ գործադրուած պատիժները, պատրուակներ են որ թուրք մասոնական կառավարութիւնը կ՛օգտագործէ բնաջնջելու համար քրիստոնէական տարրը։ Հայերու հետ միասին կը հալածուին նաեւ բոլոր միւս քրիստոնեաները, ներառեալ կաթողիկէները… Անհաւատալի լուրեր կը հասնին այն դաժան պայմաններու մասին որոնց ենթակայ են հայ քրիստոնեաները, որոնք կը գտնուին այդպէս կոչուած համակեդրոնացման ճամբարներու մէջ… Արդեն հեռուներէն կ՛իմացուի դիակներու ու կեղտոտութեան գարշահոտ բուրմունքը… Հարիւրաւոր, հազարաւոր տեղահաններէն միայն քիչեր կը հասնին Հալէպ, անոնց մեծամասնութիւնը կիներ են, այր մարդիկը մեռան անօթութեան պատճառաւ ու կամ սպաննուեցան։
Հալէպի մէկ Խանի մէջ ականատես եղանք մերկ վիճակի մէջ գտնուող ու իրենց աղտոտութեան մէջ թաղուած հարիւրաւոր կիներու, որոնցմէ շատեր իրենց կուրծքերուն փաթթած են իրենց մանուկները, որոնցմէ մի քանիները ողջ են սակայն այլք մեռեալ…. ամէնքն ալ ընդհանուր անտարբերութեան մատնուած ու մահամերձ վիճակի մէջ”։
Ի տես այս իրավիճակին` Վիեննայի մօտ առաքելական նուիրակը կը յորդորէ դիմել Գերմանիոյ Կուլիելմօ Բ կայսրին։ Ան կը գրէ. ”Իմ կողմանէ չի զլացայ Արտ գործ նախարարին տեղեկացնելու խեղճ հայերու ճակատագրի մասին։ Ան ինծի վստահեցուց թէ Աւստրիա Հունգարական կառավարութիւնը արդեն կը գործէ ու պիտի շարունակէ գործել` որպէսզի այդ ցաւալի իրադարձութիւնները չի կրկնուին։ Սակայն իրողութիւնը չէ փոխուած ու ջարդերը կը շարունակուին…. Կը կարծեմ թէ Աւստրիայէն աւելի արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ խնդրել Գերմանիոյ միջամտութիւնը, որ այսօր Թուրքիոյ տէր տիրականն է….հարկաւոր է առ այդ դիմել անձնապէս Կուլիելմօ Բ կայսրին, որմէ կարելի է ակնկալել պատշաճ արդիւնքներ…”։
11 Նոյեմբեր 1915-ին, Մոնաքո Տի Պավիերայի մօտ պապական նուիրակը` Պերլինի Կառավարութեան մօտ իր միջամտութեան բերումով հետեւեալ կը գրէ. ”Հարցը ներկայացուցի ու խնդրեցի որ Պերլինի Կառավարութեան մօտ եռանդուն միջամտութիւն կատարուի` զօրեղ ճնշում բանեցնելու համար Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի դադրեցնէ քրիստոնեաներուն դէմ հալածանքները։ Տիար Վոն Լոսել, թէեւ վերապահութիւն յայտնեց լուրերու իրականութեան մասին, քանի որ գերմանական թերթերը հերքեցին քրիստոնեաներու դէմ գործադրուած հալածանքներու լուրը, խոստացաւ թէ պիտի աշխատի ցանկալի ուղղութեամբ միջամտելու Պերլինի Կառավարութեան մօտ”։
Այս առընչութեամբ հարկաւոր է սակայն նշել թէ 4 Յուլիս 1915-ի մէկ գրութեան համաձայն Գերմանիոյ Կառավարութիւնը պաշտօնական բողոք ներկայացուցած էր ջարդերու դէմ, իր վրայէն վերացնելով բոլոր պատասխանատուութիւնները։
”Ի տես այդ դէպքերուն, Գերմանիոյ Դեսպանութիւնը, իր Կառավարութեան հրամանով, պարտաւոր է անգամ մը եւս բողոքել այդ սարսափելի արարքներու դէմ ու կը մերժէ այս առումով որեւէ պատասխանատուութիւն” գրուած է վերոնշեալ բողոքի նամակին մէջ։
Եզրափակելու համար կարող ենք հարց տալ թէ ի՞նչ հետեւանք ունեցան Քահանայապետի հեռագիր նամակը ու Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական միջամտութիւնները այդ արարքներու ընթացքին։
Պենետիկտոս ԺԵ հանդիսացաւ միակ Գերիշխանը ու Կրօնապետը որ իր ձայնը բարձրացուց ջարդերու դէմ, արժանանալով դաշնակից զօրքերու գնահատանքին, ինչպէս կը գրէ գերապայծառ Տոլչի. ”Միացեալ նահանգներու դեսպանը ինծի յայտնեց թէ ”Քահանայապետին ըրածը մեծերու կը պատկանի”, մինչ Հոլանտայի ներկայացուցիչը ըսաւ ” Եւրոպայի օրհասական այս օրերուն, այս Քահանայապետը նախախնամութեան Քահանայապետ է”։ Իսկ Տանիմարքի պատուիրակն ու լուսահոգի Գերմանիոյ Դեսպանը ընդգծեցին Քահանայապետական գիրին դիւանագիտական արժէքը` աւելցնելով թէ ”Սրբազան Քահանայապետը մեծ դիւանագէտ է եւ մեծ դեր մը կը խաղայ այս պատերազմին մէջ”։
Միացեալ նահանգներու դեսպանը ապա մեծապէս արժեւորեց Քահանայապետին նամակը որուն մէջ ան կրօնական որեւէ խտրականութիւն չէր ընէր ու կը բարեխօսեր համայն հայ ազգի զաւակներուն համար։
Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ մօտ քայլերուն հետեւանքը եղաւ ընդգծել թէ ”գոյութիւն ունի միջազգային համբաւի հայող հարց մը, ի տես անոնց` Օսմանեան կառավարութեան հետ ունեցած յարաբերութեան, ուստի համա-պատասխանատուութիւն”։ Կարծէք թէ քահանայապետական միջամտութիւնը գերմանիոյ ճնշումներուն հետ միասին որոշ չափով թեթեւցուցին հայերու դէմ առնուած որոշումներու հետեւանքները, թէեւ 1915-ի վերջաւորութեան ու 1916-ին ընթացքին ջարդերն ու տեղահանումները շարունակուեցան։
Սուրբ Աթոռը բացի մինչեւ այժմ ներկայացուած տեղեկութիւններէն, շարունակեց նաեւ իր բարեսիրական գործունէութիւնը, ըլլայ Սուրիա ըլլայ Լիբանան հասած քրիստոնեաներուն ի սպաս։
12 մարտ 1918-ին Պենետիկտոս ԺԵ Քահանայապետը երկրորդ նամակ մը յղեց Սուլթանին որուն մէջ կ՛աջակցէր անկախ ու ինքնավար Հայաստանի ստեղծումի գաղափարին։
Այսուամենայնիւ Պենետիկտոս ԺԵ միջամտութիւնը հայերուն ի սպաս չի սահմանուեցաւ միայն դիւանագիտական միջամտութեան այլ ունեցաւ նաեւ բարեսիրական ծաւալ, յատկապէս հայ տեղահաններու նկատմամբ։ Տրուած ըլլալով որ այդ ժամանակ գոյութիւն չունէին գաղթականներով զբաղող միջազգային հաստատութիւններ, Սուրբ Աթոռի միջամտութիւնն ու մարդասիրական օգնութիւնները սահմանուեցան նախատիր բոլոր հալածուած քրիստոնեաներուն։
Այդ տարիներուն առաքելական պատուիրակ գերապայծառ Անճելօ Մարիա Տոլչի մեծապէս նպաստեց հայերու օգնութեան, մինչեւ այն աստիճան որ ան որակուեցաւ որպէս ”Հայերու Հրեշտակը”։
Պենետիկտոս ԺԵ-ի անունով հիմնուեցան բարեգործական հաստատութիւններ ինչպէս ”Les Larmes cachées, Œuvre de bienfaisance de Benoît XV” եւ կամ Կ. Պոլսոյ մէջ` 5 նոյեմբեր 1918-ին հիմնուած ”Պենետիկտոս ԶԵ անուան որբանոցը” ու այլ հաստատութիւններ, որոնց առաջնահերթ գործունէութիւնը եղաւ ընկալել հայ որբ պատանիները։ Անոնցմէ մաս մը ապագային ընկալուեցաւ նաեւ Պիոս ԺԱ քահանայապետին կողմէ, Քասթելկանտոլֆոյի Քահանայապեատական ամարանոցի պալատին մէջ։
Նոյնիսկ եթէ հայրերուն ի սպաս դիւանագիտական ու մարդասիրական գործունէութիւնը կարելի չէ արտասովոր որակել, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նկատմամբ հայերու երախտագիտութիւնը մեծ եղաւ։
Այս առնչութեամբ նշենք` Հայոց ազգային ժողովի նախագահ Պօղոս Նուպար Փաշայի` 24 մարտ 1919-ին նամակը որուն մէջ ի մէջ այլոց գրուած է. ”Առաջին անգամը չէ որ Նորին Սրբութիւնը ուզեց իր գերագոյն բարոյական հեղինակութեան աջակցութիւնը ցուցաբերել հայկական հարցին, ու հայերը իրենց սրտերուն մէջ ցմիշտ պիտի պահպանեն Անոր միջամտութիւններու փաստացի հետեւանքները։ Ձեզմէ կը խնդրեմ Նորին Վսեմութիւնը Սրբազան Հօր փոխանցել համայն հայ ազգի երախտագիտութեան զգացումները….”։
10 Ապրիլ 1919-ին առաքելական եկեղեցւոյ Պատրիարք Զավէն Ա Տէր Եղիաեանը եւս երախտագիտութեան նամակ յղեց Սրբազան Քահանայապետին որուն մէջ գրեց. ”Սրբազան Հայր, բազմաթիւ այն անձերուն մէջ` որոնք քրիստոնէական զօրակցութիւն ու կարեկցութիւն ցուցաբերեցին, դուք կը հանդիսանաք այն անձը որ պատերազմի ընթացքին աւելիով նուիրուեցաւ հայ զոհերուն համար…հակամարտութեան ընթացքին, որ տառապող մարդկութեան մէկ մասէն կը թուէր խլած ըլլար իմացութիւնը, քրիստոնեայ աշխարհը կարողացաւ առ նուազն հանդիպիլ առաքելական բարձր առաքինութիւններու, ինչպէս եղան ձեր անհատական ղեկավարութիւն շնորհիւ իրականացուած գործողութիւնները։ Ասոր համար մեծ յուզմունքով է որ յանուն հայ ազգին ձեզի կը ներկայացնենք մեր երախտագիտութեան զգացումները ու մեր հիացմունքը Ձերդ Սրբութեան մարդկային առաքինութիւններուն նկատմամբ”։
Այս բոլորը պսակումը հանդիսացաւ Պենետիկստո ԺԵ արձանի զետեղումը` Պոլսոյ Սուրբ Հոգի կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դիմաց, 1921-ին, որուն տակ փորագրուած է ”Աշխարհի օրհասային ժամու Մեծն Քահանայապետին, Պենետիկտոս ԺԵ-ին, ժողովուրդներու ու ազգերու պաշտպան, երախտագիտութեան զգացումներով։ Արեւելքը”։
Այդ արձանը կը մնայ Պենետիկտոս ԺԵ աշխարհի մէջ նուիրուած հազուագիւտ արձաններէն մին, որ զետեղուեցաւ գերապայծառ Տոլչիի նախաձեռնութեամբ ու ֆինանսաւորումը հոգացին ոչ կաթողիկէ եւ ոչ քրիստոնեայ անձնաւորութիւններու կողմէ։
Դ – Եզրակացութիւն
Որպէս եզրակացութիւնը կը ներկայացնենք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայերու Պատրիարք` Պետրոս Պօղոս ԺԳ Թերզեանի, 1918-ի դեկտեմբերին շարադրած հաշուեկշիռը, հայող կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաւատացեալներու ցեղասպանութեան, ու ասոր հետ միասին կ՛ուզենք նաեւ մեծարել 1915ի Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ կաթողիկէ բոլոր եպիսկոպոսներն ու կղերականները։
Պատրիարքը իր գրութեան մէջ կը մատնանշէ բազմաթիւ հաւատացեալներու սպանութեան որոնց շարքին Տիարպէքիրի եպիսկոպոս գերապայծառ Անդրէաս Սելեպեանը, որ ողջ ողջ թաղեցին ջրհորի մը մէջ, ապա Ինքնատիոս Մալոյեանը` Մարտինի Արքեպիսկոպոսը` որ նահատակութենէն առաջ սուրբ հաղորդութիւնը բաժնեց ապա իր քահանաներուն ու հաւատացեալներուն հետ միասին գնդակահարուեցաւ քաղաքի դռներէն դուրս։ Միքայէլ Գերապայծառ Խաչատուրեանը` Մալաթիայի Եպիսկոպոսը որ բանտի մէջ գլուխն ի վար խաչուեցաւ…. Գերապայծառ Ստեփան Իսրայէլեան Խարբուրթի եպիսկոպոսը` որ հակառակ որ Խարբուրթի Կառավարիչին եւ իսլամ բնակչութեան յարգանքին արժանացած էր, հազիւ քաղաքէն դուրս ելած գնդակահարուեցաւ…ապա գերապայծառ Թոփուզեանը` Մուշէն որուն մարմինը առանց գթութեան յօշոտուեցաւ….։
Կարելի չէ ըսել որ Սուրբ Աթոռը անտարբեր մնաց այն ողբերգութեան որ ընկերացաւ Օսմանեան Կայսրութեան փլուզումին, այլապէս կարելի է հաստատել թէ Սուրբ Աթոռը եղաւ առանձնաշնորհեալ դիտորդ մը։
Պենեդիկտոս ԺԵ երկու անգամ միջամտեց Սուլթանին մօտ կասեցնելու համար ջարդերը։ Թիկունք կանգնեցաւ ազատ Հայաստանի մը ստեղծումին։
Գերապայծառ Տոլչին եւս, առաքելական պատուիրակը, ամէն ջանք թափեց քրիստոնեաներու անվտանգութիւնը ապահովելու համար։
Սուրբ Աթոռը ապա դիմեց Գերմանիոյ, Աւստրիական Հունգարական կայսրութեան, որպէսզի օգնութեան հասնին քրիստոնեաներուն։
Տուեալ փաստաթուղթերէն ի յայտ կու գայ թէ Սուրբ Աթոռը քաղաքական-դիւանագիտական մեծ դեր մը ունեցաւ Անատոլիայի մէջ գործադրուած քրիստոնեաներու ողջակիզումը կանխարգիլելու համար ։
Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը Հայաստան կատարած այցելութեան ծիրէն ներս, 2001-թուականին, յիշելով Պենետիկտոս ԺԵ յանձնառումը` հայոց ցեղասպանութեան կանխարգիլման ուղղութեամբ` Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ արտասանած աղօթքին ընթացքին ըսաւ «Ով ողջերու եւ մեռեալներու դատաւոր, լսիր ողբը, որ բարձրանում է այս վայրից՝ Մեծ եղեռնի վիհերից, կոչը մեռեալների, անմեղ արեան աղաղակը, որ աղերսում է Աբէլի արեան պէս: Լսիր, ով Տէր, Հռոմի եպիսկոպոսի ձայնը, որ արձագանքում է իր նախորդներից մէկի՝ Պենետիկտոս 15-ի աղաչանքին, որը 1915-ին ձայն բարձրացրեց ի պաշտպանութիւն ծանրօրէն վշտահար ու բնաջնջման շեմին հասած հայ ժողովրդի”:
Այն նոյնը աղերսը կրկնուեցաւ նաեւ անցեալ 12 ապրիլ 2015-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Վատիկանի մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին երբ Նորին Սուրբ Օծութիւն Գարեգին Բ իր արտասանած խօսքին մէջ յիշելով Պենետիկտոս ԺԵ հայերու պաշտպանութեան ի սպաս յանձնառումը հաստատեց թէ ”Վատիկանի արխիւներու մէջ պահպանուած փաստաթուղթերու հրատարակութիւնը մեծ կարեւորութիւն ունին”։
Եկեղեցական Թեմերու կացութիւնը ցեղասպանութենէն առաջ եւ վերջ
Թեմեր |
Հաւատա-ցեալների մոտաւոր թիւ
|
եկեղեցիներ եւ մայր տաճարներ |
Առաքելու-թիւններ՝ կայիւն եւ այցելութեամբ |
դպրոցներ տղաների եւ աղջիկների |
միաբա-նութիւններ՝ արական եւ իգական |
ճեմա-րաններ |
եպիսպկոպոսներ, քահանաներ |
որբա-նոցներ |
Սպանուած եպիսկոպոսներ եւ քահանաներ |
|||||||||
1. Monte Libano | 300 | 200 | 3 | 3 | 3 | 3 |
5 |
1 | 1 | 1 | 1 | 3 | 3 | 14 | ||||
2. Aleppo | 7.000 | 6.000 | 8 | 1 | 8 | 5 | 2 | 1 | 1 | 9 | 1 | 1 | ||||||
3. Mardin | 8.000 | 1.500 | 8 | 8 | 7 | 1 | 9 | 11 | ||||||||||
4. Sebaste & Tokat | 6.000 | 7 | 6 | 9 | 4 | 7 | 3 | |||||||||||
5. Malatia | 5.000 | 6 | 7 | 8 | 1 | 8 | 9 | |||||||||||
6. Diarbekir | 3.500 | 5 | 5 | 4 | 1 | 6 | 4 | |||||||||||
7. Marasc | 8.000 | 7.000 | 6 | 1 | 3 | 5 | 1 | 1 | 1 | 4 | 1 | 3 | ||||||
8. Adana | 3.500 | 6 | 1 | 5 | 8 | 3 | 1 | 6 | 2 | |||||||||
9. Alessandria | 2.000 | 2.000 | 2 | 2 | 2 | 2 | 2 | 1 | 1 | 1 | 2 | 2 | ||||||
10. Cesarea | 2.000 | 3 | 3 | 2 | 3 | |||||||||||||
11. Beyrouth | 2 | 2 | 1 | 1 | ||||||||||||||
12. Damasco | 2.700 | 2.700 | 1 | 1 | 1 | 1 | ||||||||||||
13. Gerusalemme | 1 | 1 | 1 | 1 | 1 | |||||||||||||
14. Costantinopoli | 6.000 | 6.000 | 13 | 12 | 10 | 5 | 5 | 5 | 1 | 1 | 14 | 12 | 1 | 1 | ||||
15. Brussa | 3.000 | 3.000 | 6 | 4 | 5 | 4 | 8 | 2 | 2 | 1 | 5 | 4 | 1 | |||||
16. Angora | 11.000 | 1.500 | 12 | 5 | 12 | 1 | 1 | 3 | 10 | |||||||||
17. Trebizonda | 3.500 | 7 | 7 | 3 | 4 | 7 | 9 | |||||||||||
18. Erzerum | 15.000 | 41 | 30 | 30 | 1 | 1 | 30 | 48 | ||||||||||
19. Musc | 5.000 | 6 | 3 | 9 | 3 | 4 | ||||||||||||
20. Karputh | 4.000 | 9 | 9 | 16 | 1 | 9 | 8 | |||||||||||
21. Smirne | 2.000 | 2.000 | 2 | 2 | 1 | 1 | 1 | 1 | 1 | 1 | 1 | |||||||
22. Nicomedia | 500 | 1 | 1 | 1 | 1 | 1 | ||||||||||||
23. Baghgegik | 800 | 1 | 0 | 2 | 2 | 1 | ||||||||||||
24. Altre località | 2.000 |