• Հռոմի Սբ. Վլասի եկեղեցում մատուցվել է Սբ. Պատարագ՝ ՀՀ անկախության տոնի առթիվ

    Լուրը հրապարակված է Ռադիո Վատիկանի հայկական բաժնի կայքէջում:


    22 սեպտեմբերի, 2015թ.

    (Ռատիօ Վատիկան)

     

    Երկուշաբթի` 21 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 18,30-ին, Հռոմի Վիա Ճուլիա թաղամասի մէջ գտնուող Սուրբ Վլասի անուան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հովանաւորութեամբ, նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 24-րդ տարեդարձը, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիի մատուցած Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած այլ երկիրներու դիւանագէտներ, կղերականներ, ինչպէս նաեւ հայ եւ իտալացի ու օտար ազգի հաւատացեալներ։

     

    Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ Կարդինալ Սանտրի մեկնաբանելէ ետք օրուան սուրբ գրային ընթերցումը որ կը խօսի Մատթէոսի դարձի մասին, ակնարկեց Հայ ազգի հանդէպ Աստուծոյ ողորմածութեան, որ այդ ազգին շնորհեց պարգեւը դառնալու առաջին ազգը որ ընդգրկեց քրիստոնէական հաւատքը` 301 թուականին։

     

    ”Յիշել ազգային տօնը կը նշանակէ յատկապէս գիտակցիլ այն պատմութեան որուն մէջ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանի հետ զօդը եղաւ անկիւնաքար մը, որուն վրայ հիմնուած է իւրաքանչիւրի ինքնութիւնը”  ըսաւ Ծիրանաւորը վերյիշելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի խօսքերը (21 նոյեմբեր 1987-ին) ուղղուած հայ հաւատացեալներուն ”ձեր նահատակութեան ու տառապանքի պատմութիւնը արժէքաւոր մարգրիտ մըն է, որով հպարտ է նաեւ տիեզերական եկեղեցին։ Մարդու Փրկիչ Քրիստոսի մէջ հաւատքը,  ձեզի շնորհեց հիանալի քաջութիւն մը ձեր ուղեւորութեան մէջ, որ շատ անգամ նման է խաչի ուղեւորութեան, որուն վրայ քալեցիք ձեր ազգի ու հաւատացեալի ինքնութիւնը պահպանելու վճռակամութեամբ”։

     

    Կարդինալ Սանտրին ապա նշեց թէ ազգային տօնը տօնախմբելը կը նշանակէ գոհութիւն մատուցել Տիրոջ` խաղաղութեան, մարդու արժանաւորութեան ու ժողովուրդներու զարգացումին ի սպաս ծառայութեան համար, որոնք հիմը կը կազմեն Սուրբ Աթոռի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական կապերուն որոնք սկիզբ առած են 1992-ին։ Այս առընչութեամբ Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը դրուատեց այդ կապերուն հայող մի քանի պատմական եղելութիւններ սկսեալ երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի Հայաստան կատարած պատմական այցելութենէն, 2001-ին, Հայաստանի Քրիստոնէացման 1700 ամեակին առթիւ, մինչեւ անցեալ 12 ապրիլ 2015-ին Ֆրանչիսկոս Պապին Վատիկանի մէջ մատուցած աննախընթաց ու պատմական սուրբ պատարագը, նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն։

     

    Կարդինալ Սանտրի ապա երախտագիտութեան զգացումները յայտնեց բոլոր անոնց որոնք սատարեցին այդ կապերու ամրապնդումին, սկսեալ Վսեմաշուք դեսպան Միքայէլ Մինասեանէն ու Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր դեսպաններէն, ապա Երանելի Պօղոս Զ քահանայապետ, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետ ու Ֆրանչիսկոս Պապ, հուսկ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսներ Վազգէն Ա, Գարեգին Ա ու Գարեգին Բ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա ու հանգուցեալ երջանկայիշատակ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս – Պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ Թարմունին որ ”մեծապէս սատարած էր, անցեալ ապրիլին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ կատարուած ձեռնարկին իրագործումին”։

     

    ”Այս բարեկամութեան պատմութեան մենք կ՛ուզենք ըլլալ արժանի ժառանգորդներ ու վկաներ որպէսզի Սուրբ Աթոռի եւ Հայաստան Աշխարհի միջեւ բարեկամութիւնը շարունակուի ու դառնայ պարգեւ խաղաղութեան Կովկասի, Միջին Արեւելքի ու համայն աշխարհին մէջ” – ըսաւ կարդինալ Սանտրի նշելով թէ մօտ օրէն պիտի մեկնի Հայաստան որպէս Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամաւոր, իր մասնակցութիւնը բրելու Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցող Միւռոնօրհնէքի արարողութեան ինչպէս նաեւ Կիւմրրի մէջ ”Սրբոց Նահատակաց” Հայ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ օծման արարողութեան որ տեղի պիտի ունենայ 24 սեպտեմբեր 2015-ին։

Օրացույց

Օրացույց