• Ֆրանցիսկոս Սրբազան Պապը հանդիպել է Սբ. Հաղորդության երիտասարդական շարժման միջազգային հանդիպման մասնակիցների հետ

    «Որպեսզի ուրախությունը ձեզ հետ լինի»:


    5 օգոստոսի, 2015թ.

    (Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժին)

    Սուրբ Հաղորդութեան երիտասարդաց շարժումի առաջին հարիւրամեակի առթիւ, Սուրբ Հաղորդութեան երիտասարդաց շարժումի երիտասարդները 4 օգոստոսէն սկսեալ ժամանած են Հռոմ `մասնակցելու Սուրբ Հաղորդութեան երիտասարդաց շարժումի միջազգային հանդիպումին որ կ՛եզրափակուի 7 օգոստոս 2015-ին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ հանդիպումով։

     

    Սուրբ Հաղորդութեան երիտասարդաց շարժումը Յիսուսեան միաբանութեան նախաձեռնութիւն է որ ներկայ է աշխարհի 56 երկիրներուն մէջ եւ ունի մէկ միլիոն եւ 100 հազար` 5 – 25 տարեկան երիտասարդ հետեւորդներ։

     

    ”Որպէսզի ուրախութիւնը ձեր հետ ըլլայ” այս է միջազգային հանդիպումի բնաբանը որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ազգային 38 պատուիրակութիւնները ներկայացնող  1500 երիտասարդներ եւ որ յատկանշուած է աղօթքի եւ ամփոփումի պահերով, դասախօսութիւններով, գետնադամբաններու այցելութեամբ եւ տօնախմբութեան նախաձեռնութիւններով։

     

    Հաւաքին կեդրոնական նիւթը ուրախութիւնն է եւ ամէն մէկ օրը վերապահուած ուրախութեան հայող յատուկ նիւթի ինչպէս. ”միասնաբար գտնուելու  ուրախութիւնը”, ”առաքելութեան ուրախութիւնը”, Աստուծոյ Ժողովուրդ ըլլալու ուրախութիւնը”։

Օրացույց

Օրացույց