• ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԵՒ ԳԵՐԵՐՋԱՆԻԿ ՏԷՐ ՏԷՐ ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ․ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ ՄԵՐ ՏԷՐ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀՐԱՇԱՓԱՌ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

    Արդ, Քրիստոսի Յարութեամբ այսօր, ի հեճուկս աշխարհի բոլոր դժուարութիւններուն, մենք կը հաւատանք, որ մենք եւս Քրիստոսով կը յաղթենք դժոխքին եւ մահուան։


    Ողջոյն եւ Աստուածաւանդ Օրհնութիւն Պատուական եղբարաց մերոց Արհ. Արքեպիսկոպոսաց, Եպիսկոպոսաց, հոգեշնորհ քահանայից եւ հաւատացեալ ժողովրդեանս

    Պատուական Եղբայրք եւ սիրեցեալ Որդեակք ի Քրիստոս,

     

    Մինչ աշխարհը այսօր արեան մէջ թաթխուած իրար կը սպաննեն անցողակի փառքի ու շահերու համար, դարեր առաջ Քրիստոսը կը հալածէին։

     

    Մինչ Քրիստոս հաշտութիւն եւ խաղաղութիւն կը քարոզէր, մարդիկ խաչին մատնեցին զինք։ Նոյնն է այսօր, միեւնոյն մարդկութիւնը որուն համար Քրիստոս խաչը կրեց զանոնք փրկելու համար, այսօր կը շարունակէ մարդասպանութիւն եւ ատելութիւն սփռել, Քրիստոսի արեամբ փրկուած աշխարհը քանդել։

     

    Ընտանեկան բարոյականը քայքայուած, անհատի իրաւունքները անտեսուած, ընչաքաղցութիւնը եւ իշխանամոլութիւնը կը տիրեն այս աշխարհին։

     

    Աւագ Շաբթուան ընթացքին, ապրեցանք Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ մահուան յիշատակութիւնը։ Քալեցինք Անոր հետ Գողգոթայի ճանապարհը, փորձեցինք առաքեալներու պէս անգամներ հաւատարիմ եւ շատ անգամներ փախուստի ճամբան բռնել։ Ի վերջոյ Աստուածամօր նման կանգնեցանք անոր խաչին առջեւ եւ տեսանք մահը երկնաւոր վարդապետին։

     

    Մինչ ամէնքը լքեցին Աստուածորդոյն եւ յուսալքուած էին, կատարուեցաւ սաղմոսերգուին խօսքերը թէ. «Իմ անձը դժոխքում չես թողնի եւ Քո սրբին ապականութիւն տեսնիլ չես տայ» (Սաղմ. ԺԴ.10):

     

    Յիրաւի սիրելիներ, Քրիստոս չարչարուեցաւ ու մեռաւ խաչին վրայ, բայց Ան իր մահով յաղթեց սատանային եւ ազատեց բոլորս դժոխքի կապանքներէն։ Եւ կատարուեցաւ մարգարէի խօսքը․ «Ես դժոխքէն կ’ազատեմ անոնց եւ մահէն կը փրկեմ։ Ո՞ւր է քու յաղթանակը, մա՛հ, ո՞ւր է քու խայթոցը՝ դժո՛խք»։ Եւ Քրիստոս Յարութիւն առաւ եւ մենք Անոր վկաներն ենք առաքեալներէն սկսեալ մինչեւ այսօր։

     

    Արդ, Քրիստոսի Յարութեամբ այսօր, ի հեճուկս աշխարհի բոլոր դժուարութիւններուն, մենք կը հաւատանք, որ մենք եւս Քրիստոսով կը յաղթենք դժոխքին եւ մահուան։ Մեր մաղթանքն է, որ Քրիստոսի Յարութիւնը մեր սրտին մէջ դաջուած անվախ բացագանչենք՝ խաղաղութիւն համայն աշխարհի, ի մասնաւորի անոնց, որոնք այսօր կը տառապին եւ կը հալածուին, եւ յատկապես չենք կրնար չյիշել Արցախը եւ Հայաստանը։

     

    Եւ արդ եկէ՛ք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի յաղթանակով գօտեպնդուած գոչենք. «Փառք հրաշափառ Յարութեան Քո Տէր»։ Այս է քրիստոնեաներու յոյսը եւ հաւատքը. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց…»

     

     

    Տուեալ ի Պատրիարքարանէս, որ ի Պէյրութ, Լիբանան, ի 17 ապրիլ, յամի Տեառն 2022, ի Ա. ամի հայրապետութեան մերոյ:

     

     

    ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ
    Կաթողիկոս-պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

     

     

     

     

    Աղբյուրը՝ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի

     

     

Օրացույց

Օրացույց