«Զգուշացէ՛ք ամէն տեսակի ընչաքաղցութենէ, որովհետեւ նոյնիսկ հարստութեան մէջ մարդուն կեանքը կախում չունի ինչքերէն»
Նոյեմբերի 24-ը չորրորդ ու վերջին Կիրակին է, որ Ս. Պատարագով ժամուորները կը համախմբէ Տիրոջ Աստուածային Սեղանին շուրջ՝ հոգեպէս եւ մարմնապէս ըմբոշխնելու համար Խաչեալ-Յարուցեալ-Համբարձեալ-Փառաւորեալին անապական Մարմինն ու կենարար Արիւնը, ինչպէս ալ ունկնդրելու Աստուծոյ Խօսքը՝ փոխանցուած Ղուկաս աւետարանիչէն «Անմիտ հարուստը» խորագրեալ հատուածին մէջ (Ղկ. 12,13-21):
Սիրելի՛ Ընթերցող, ժամուոր կամ՝ ո՛չ, կը խնդրեմ քեզմէ, որ կարդաս այս առակը. ասոր հնարումին պատճառը տուաւ «մէկը բազմութեան մէջէն», որ «ըսաւ Յիսուսին». «Վարդապե՛տ, ըսէ իմ եղբօրս, որ հետս բաժնէ մեր ժառանգութիւնը»: Սխալ բան մը չէ խնդրածը, քանի իրաւական հարցերու կամ վէճերու պարագային՝ հինաւուրց աւանդութիւն էր դիմել համբաւ ունեցող դպիրի մը, որ լուծէր խնդիրը:
Անգերազանցելի այսպիսի համբաւաւոր «Վարդապետ» էր Յիսուս, որ, սակայն, կտրապէս մերժեց խաղալ «դատաւորը … կամ բաժնողը … ինչքերուն», հասկցնելով, թէ այս գործը կ’իյնայ անոնց, որոնք պատասխանատու էին այս հարցերուն լուծումին:
Յստակ ըլլայ բոլորիս եւ բոլորին, թէ Քրիստոսի օրինակն ու խօսքը կ’արժեն բոլոր ժամանակներուն մէջ եւ բոլոր մարդերուն համար: Հոգեւոր պաշտօնին հետ խառնելու չէ որեւէ օտարոտի բան մը…: Ասիկա հրահանգն է մեր Վարդապետին, որ աշխարհ չեկաւ այս մարդուն նիւթականը փրկելու կամ եղբօր դատը տեսնելու, այլ՝ «աշխարհականացաւ» մարդն ազատագրելու սարսափելի չարիքէ մը, որուն զոհը գացած ենք մենք…:
«Զգուշացէ՛ք ամէն տեսակի ընչաքաղցութենէ, որովհետեւ նոյնիսկ հարստութեան մէջ մարդուն կեանքը կախում չունի ինչքերէն»: Շատ յստակ ու պարզ են թէ՛ հրահանգը եւ թէ՛ սահմանումը, որոնց միտ դնելու ենք մարդերս, քանի համարեա բոլորս կը տառապինք այս տեսակի ագահութենէն կամ այն տեսակի ընչաքաղցութենէն…:
Հոս աւելի բացայայտ ու մեկնաբանուած խօսքերով կը միջամտէ Ս. Պօղոս.«Այո՛, աստուածապաշտութիւնը մեծապէս օգտակար է անոնց համար, որոնք գիտեն գոհանալ ունեցածով: Որովհետեւ ոչինչ բերինք աշխարհ եւ ոչինչ պիտի կարենանք տանիլ: Երբ ունինք զգեստն ու կերակուրը, գիտնանք բաւարարուիլ անոնցմով: Իսկ անոնք, որոնք կ’ուզեն հարստութիւն դիզել, կ’իյնան փորձութեան եւ որոգայթի մէջ, խօլ ու չարաղէտ ցանկութիւններու մէջ, որոնք մարդերը կը տանին կործանումի եւ կորուստի: Արդարեւ, դրամին սէրը աղբիւրն է բոլոր չարիքներուն: Ոմանք կապուեցան անոր եւ մոլորեցան հաւատքէն հեռու եւ իրենց մտքերը կը լլկեն անթիւ ցաւերով» (1Տիմ. 6,6-10):
Արտաքին եւ նիւթական կեանքէն կ’անցնինք ներքին ու հոգեկան կեանքին: Անոր յաւերժացումին կարեւորութիւնը շեշտելու համար՝ Յիսուս կը գործածէ երկու հրամայական բայեր գրաբարի մէջ, թէ «տեսէ՛ք եւ զգոյշ լերո՛ւք», որպէս զի մեզի ապահովէ մեր արթնամտութիւնն ընչաքաղցութեան հանդէպ ու ձեռքձգէ մեր ազատագրումն այս հիմնական չարիքէն, որ այս կամ այն ձեւով թաքնուած մեր մէջ:
Մեր Վարդապետին տեսութեամբ՝ կեանքն ու երջանկութիւնը չեն գար ինչքէն, այլ՝ այն Աստուծմէն, զոր կ’աւետարանէ Յիսուս Քրիստոս: Անոր «Անմիտ հարուստը» վերտառեալ առակը պարզապէս նկարագրութիւնն է յիմարութեան ունեւորին, որ իր հարստութենէն կը յուսայ անհոգ ու հանգստաւէտ կեանք մը շատ տարիներու համար:
Կեանքին իմաստը չի կայանար անոր մէջ, որ մենք ապրինք ու կենցաղավարինք առատութեամբ մեր ունեցած ինչքին հիման վրայ…: Այս պատճառով՝ հարուստին մտածածը յիմարութիւն է…: Ասիկա ալ իմացնեմ, թէ ըրածը, խորքին մէջ, չար բան մը չէ, եւ սակայն անմտութիւն է Տիրոջ առջեւ: Բացասականն այն է, որ կը խօսի միայն ինքնիրեն եւ իր մասին լոկ, ինչպէս կը փաստեն 12 անգամ գործածած «ես»-երն ու «իմ»-երը: Այնպէս մը կը մտածէ եւ կը գործէ, որ, կարծէք, իրե՛ն կը պատկանի ամէն ինչ ու կրնայ տրամադրել ամէն բանի, նոյնիսկ հոգիին վրայ…: Բայց շուտ իմացաւ հակառակը…:
Արդ, իրավիճակը ի՞նչ եւ ի՞նչպէս է մեր քով…: Որչա՞փ ստէպ կը գործածենք «ես»-ը եւ «իմ»-ը…: Չըսելու համար՝ միշտ, հարցնենք, թէ յաճախագոյնս չե՞նք դիտեր մեր անձը լոկ…: Եւ սակայն, ինչպէս Յիսուս կ’իմացնէ, կեանքին իմաստը չէ մեր «ես»-ին ու «իմ»-ին մէջ, ո՛չ ալ կը կայանայ մեր ինչքերէն եւ մեր ճոխութենէն.«Աստուած ըսաւ անոր.’Անմի՛տ, այս գիշեր իսկ հոգիդ պիտի պահանջեն քեզմէ, եւ ամբարածդ որո՞ւն պիտի մնայ’»:
Մեզի կը յստականա՞յ, թէ ահազդու հակադրութիւն կայ յիմար հարուստին ինքնախօսութեան ու Տիրոջ դատասանին միջեւ, որուն շանթահարիչ խօսքը խստօրէն կը ցուցնէ կուրացումը հարուստին՝ իր աշխարհահայեացքին եւ ապրելակերպին մէջ…:
Արդ, հարուստին յիմարութեան դիմաց՝ ո՞ւր է մեր անմտութիւնը…: Մեզմէ շատեր ու շատեր կ’ապրին յանդիմանուած հարուստին պէս, բայց ասիկա ապրիլ չէ, այլ՝ միայն վախնալ է՝ կորսնցնելու: Կեանքը, սակայն, վախը չէ կորսնցնելու եւ կորսուելու, այլ՝ ուրախութիւնը՝ հաւատքով, յոյսով եւ սիրով շահելու: Մենք կը շահինք յաւիտենական կեանքը: Մենք կ’ընթանանք դէպի մեր վերջին նպատակը: Ա՛յս է իմաստը կեանքին:
Որդիին եզրակայանգումին դիմաց, թէ «ահաւասիկ, ի՛նչ կը պատահի անոր, որ իր ’ես’-ին ու ’իմ’-ին համար գանձեր կը հաւաքէ՝ փոխանակ հարստանալու Աստուծոյ առջեւ», Մայրը, «Կոյս իմաստուն» եւ «Աթոռ իմաստութեան», որուն «Ընծայման տօնը» կատարեցինք ամսոյս 21-ին, թող լուսաւորէ մեզ՝ հասկնալու Յիսուսի տեսութիւնն ու ապրելու ա՛յն կեանքը, որուն ուրախութեան միակ Աղբիւրն է Աստուած, իսկ բո՛ւն նպատակը՝ մե՛ր ընթացքը յաւիտենական կեանքին…:
Այնճար, 24 Նոյեմբեր 2019
Մեսրոպ Հայունի