• «Չլինե՛նք անմիտ զոհերը մեր նյութական իրերի…». Հ. Մեսրոպ Հայունու քարոզը

    «Զգուշացէ՛ք ամէն տեսակի ընչաքաղցութենէ, որովհետեւ նոյնիսկ հարստութեան մէջ մարդուն կեանքը կախում չունի ինչքերէն»


    Նոյեմբերի 24-ը չորրորդ ու վերջին Կիրակին է, որ Ս. Պատարագով ժամուորները կը համախմբէ Տիրոջ Աստուածային Սեղանին շուրջ՝ հոգեպէս եւ մարմնապէս ըմբոշխ­նելու համար Խաչեալ-Յարուցեալ-Համբարձեալ-Փառաւորեալին անապական Մար­մինն ու կենարար Արիւնը, ինչպէս ալ ունկնդրելու Աստուծոյ Խօսքը՝ փոխանցուած Ղու­­կաս աւետարանիչէն «Անմիտ հարուստը» խորագրեալ հատուածին մէջ (Ղկ. 12,13-21):

     

    Սիրելի՛ Ընթերցող, ժամուոր կամ՝ ո՛չ, կը խնդրեմ քեզմէ, որ կարդաս այս առակը. ասոր հնարումին պատճառը տուաւ «մէկը բազմութեան մէջէն», որ «ըսաւ Յիսուսին». «Վարդապե՛տ, ըսէ իմ եղբօրս, որ հետս բաժնէ մեր ժառանգութիւնը»: Սխալ բան մը չէ խնդրածը, քանի իրաւական հարցերու կամ վէճերու պարագային՝ հինաւուրց աւանդութիւն էր դիմել համբաւ ունեցող դպիրի մը, որ լուծէր խնդիրը:

     

    Անգերազանցելի այսպիսի համբաւաւոր «Վարդապետ» էր Յիսուս, որ, սակայն, կտրապէս մերժեց խաղալ «դատաւորը … կամ բաժնողը … ինչքերուն», հասկ­ցնելով, թէ այս գործը կ’իյնայ անոնց, որոնք պատասխանատու էին այս հարցերուն լուծումին:

     

    Յստակ ըլլայ բոլորիս եւ բոլորին, թէ Քրիստոսի օրինակն ու խօսքը կ’արժեն բոլոր ժամանակներուն մէջ եւ բոլոր մարդերուն համար: Հոգեւոր պաշտօնին հետ խառնելու չէ որեւէ օտարոտի բան մը…: Ասիկա հրահանգն է մեր Վարդապետին, որ աշխարհ չե­կաւ այս մարդուն նիւթականը փրկելու կամ եղբօր դատը տեսնելու, այլ՝ «աշ­խար­հա­կա­­նա­ցաւ» մարդն ազատագրելու սարսափելի չարիքէ մը, որուն զոհը գացած ենք մենք…:

     

    «Զգուշացէ՛ք ամէն տեսակի ընչաքաղցութենէ, որովհետեւ նոյնիսկ հարստութեան մէջ մարդուն կեանքը կախում չունի ինչքերէն»: Շատ յստակ ու պարզ են թէ՛ հրահանգը եւ թէ՛ սահմանումը, որոնց միտ դնելու ենք մարդերս, քանի համարեա բոլորս կը տառապինք այս տեսակի ագահութենէն կամ այն տեսակի ընչաքաղցութենէն…:

     

    Հոս աւելի բացայայտ ու մեկնաբանուած խօսքերով կը միջամտէ Ս. Պօղոս.«Այո՛, աստուածապաշտութիւնը մեծապէս օգտակար է անոնց համար, որոնք գիտեն գոհանալ ունեցածով: Որովհետեւ ոչինչ բերինք աշխարհ եւ ոչինչ պիտի կարենանք տանիլ: Երբ ունինք զգեստն ու կերակուրը, գիտնանք բաւարարուիլ անոնցմով: Իսկ անոնք, որոնք կ’ուզեն հարստութիւն դիզել, կ’իյնան փորձութեան եւ որոգայթի մէջ, խօլ ու չարաղէտ ցանկութիւններու մէջ, որոնք մարդերը կը տանին կործանումի եւ կորուստի: Արդարեւ, դրամին սէրը աղբիւրն է բոլոր չարիքներուն: Ոմանք կապուեցան անոր եւ մոլորեցան հաւատքէն հեռու եւ իրենց մտքերը կը լլկեն անթիւ ցաւերով» (1Տիմ. 6,6-10):

     

    Արտաքին եւ նիւթական կեանքէն կ’անցնինք ներքին ու հոգեկան կեանքին: Անոր յաւերժացումին կարեւորութիւնը շեշտելու համար՝ Յիսուս կը գործածէ երկու հրամայական բայեր գրաբարի մէջ, թէ «տեսէ՛ք եւ զգոյշ լերո՛ւք», որպէս զի մեզի ապահովէ մեր արթնամտութիւնն ընչա­քաղ­ցութեան հանդէպ ու ձեռքձգէ մեր ազատագրումն այս հիմնական չարիքէն, որ այս կամ այն ձեւով թաքնուած մեր մէջ:

     

    Մեր Վարդապետին տեսութեամբ՝ կեանքն ու երջանկութիւնը չեն գար ինչքէն, այլ՝ այն Աստուծմէն, զոր կ’աւետարանէ Յիսուս Քրիստոս: Անոր «Անմիտ հարուստը» վերտառեալ առակը պարզապէս նկարագրութիւնն է յիմարութեան ունեւորին, որ իր հարստութենէն կը յուսայ անհոգ ու հանգստաւէտ կեանք մը շատ տարիներու համար:

     

    Կեանքին իմաստը չի կայանար անոր մէջ, որ մենք ապրինք ու կենցաղավարինք առատութեամբ մեր ունեցած ինչքին հիման վրայ…: Այս պատճառով՝ հարուստին մտա­ծա­ծը յիմարութիւն է…: Ասիկա ալ իմացնեմ, թէ ըրածը, խորքին մէջ, չար բան մը չէ, եւ սա­կայն անմտութիւն է Տիրոջ առջեւ: Բացասականն այն է, որ կը խօսի միայն ինքնիրեն եւ իր մասին լոկ, ինչպէս կը փաստեն 12 անգամ գործածած «ես»-երն ու «իմ»-երը: Այն­պէս մը կը մտածէ եւ կը գործէ, որ, կարծէք, իրե՛ն կը պատկանի ամէն ինչ ու կրնայ տրա­մադրել ամէն բանի, նոյնիսկ հոգիին վրայ…: Բայց շուտ իմացաւ հակառակը…:

     

    Արդ, իրավիճակը ի՞նչ եւ ի՞նչպէս է մեր քով…: Որչա՞փ ստէպ կը գործածենք «ես»-ը եւ «իմ»-ը…: Չըսելու համար՝ միշտ, հարցնենք, թէ յաճախագոյնս չե՞նք դիտեր մեր անձը լոկ…: Եւ սակայն, ինչպէս Յիսուս կ’իմացնէ, կեանքին իմաստը չէ մեր «ես»-ին ու «իմ»-ին մէջ, ո՛չ ալ կը կայանայ մեր ինչքերէն եւ մեր ճոխութենէն.«Աստուած ըսաւ անոր.’Ան­մի՛տ, այս գիշեր իսկ հոգիդ պիտի պահանջեն քեզմէ, եւ ամբարածդ որո՞ւն պիտի մնայ’»:

    Մեզի կը յստականա՞յ, թէ ահազդու հակադրութիւն կայ յիմար հարուստին ինքնախօսութեան ու Տիրոջ դատասանին միջեւ, որուն շանթահարիչ խօսքը խստօրէն կը ցուցնէ կուրացումը հարուստին՝ իր աշխարհահայեացքին եւ ապրելակերպին մէջ…:

     

    Արդ, հարուստին յիմարութեան դիմաց՝ ո՞ւր է մեր անմտութիւնը…: Մեզմէ շատեր ու շատեր կ’ապրին յանդիմանուած հարուստին պէս, բայց ասիկա ապրիլ չէ, այլ՝ միայն վախնալ է՝ կորսնցնելու: Կեանքը, սակայն, վախը չէ կորսնցնելու եւ կորսուելու, այլ՝ ուրախութիւնը՝ հաւատքով, յոյսով եւ սիրով շահելու: Մենք կը շահինք յաւիտենական կեանքը: Մենք կ’ընթանանք դէպի մեր վերջին նպատակը: Ա՛յս է իմաստը կեանքին:

     

    Որդիին եզրակայանգումին դիմաց, թէ «ահաւասիկ, ի՛նչ կը պատահի անոր, որ իր ’ես’-ին ու ’իմ’-ին համար գանձեր կը հաւաքէ՝ փոխանակ հարստանալու Աստուծոյ առջեւ», Մայրը, «Կոյս իմաստուն» եւ «Աթոռ իմաստութեան», որուն «Ընծայման տօնը» կատարեցինք ամսոյս 21-ին, թող լուսաւորէ մեզ՝ հասկնալու Յիսուսի տեսութիւնն ու ապրելու ա՛յն կեանքը, որուն ուրախութեան միակ Աղբիւրն է Աստուած, իսկ բո՛ւն նպատակը՝ մե՛ր ընթացքը յաւիտենական կեանքին…:

     

    Այնճար, 24  Նոյեմբեր 2019

    Մեսրոպ Հայունի

Օրացույց

Օրացույց