• «Պէտք է իրարու համար աղօթենք, պէտք է ձեռք ձեռքի տանք».Երանաշնորհ Հայրապետի 2014թ. հոկտեմբերի 24-ի քարոզը

    Երանաշնորհ Տ. Ներսես Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիո Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքի քարոզը՝ իր գահակալության 15-ամյակի առթիվ, 2014թ. հոկտեմբերի 24-ին:


    23 հուլիսի, 2015թ.

    ««Ես եմ Բարի Հովիւը։ Եւ Բարի Հովիւը իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար», կ’ըսէ Յիսուս եւ կը գործադրէ այս խօսքը, որովհետեւ իր կեանքը տուաւ իր հօտին ամէն մէկ ոչխարին համար, երբ խաչին վրայ չարչարուեցաւ, արիւնը թափեց մինչեւ վերջին կաթիլը եւ մեռաւ մեզմէ ամէն մէկուն համար։ Մեռաւ նոյնիսկ անոնց համար, որ զինք չեն ճանչցած, որ իր դէմ կը պայքարին, որովհետեւ Յիսուս կ’ուզէ բոլորին փրկութիւնը։

     

    Յիսուս Եկեղեցին հիմնեց եւ անոր գլխուն վրայ դրաւ հայրապետներ, եպիսկոպոսներ, քահանաներ, սարկաւագներ, որպէսզի կառավարեն իր հօտը։ Եկեղեցին այս շէնքը չէ։ Եկեղեցին դուք էք։ «Եկեղեցի» բառը յունարենէն կու գայ եւ կը նշանակէ հասարակութիւն, համայնք։ Եւ երբ կ’ըսէին ժամանակին՝  Եկեղեցին հաւաքուեցաւ Մարկոսին տան մէջ, այսինքն ըսել կ’ուզէին քրիստոնեայ համայնքը, որ հաւաքուեցաւ Մարկոսի տան մէջ՝ աղօթելու համար։ Այն ժամանակ, առաջին դարուն կառուցուած եկեղեցիներ  չկային եւ այս բառը մնաց մինչեւ այսօր, ցոյց տալու համար տեղը, ուր հաւատացեալներ կը միանան, իրենց աղօթքը բարձրացնելու համար առ Աստուած։ Որով Եկեղեցին դուք էք եւ շէնքը այն տաճարն է, որ մեզ կը հաւաքէ։

     

    Աստուած անարժանս ընտրեց 15 տարի առաջ, որպէսզի հովուեմ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին՝ տարածուած աշխարհի 5 ցամաքամասերուն մէջ, ուր ամէն տեղ չկան բաւականաչափ հովիւներ, եկեղեցիներ, կառոյցներ, որպէսզի հայ կաթողիկէ հաւատացեալները հաւաքէ եւ յառաջ տանի զանոնք հաւատքի կեանքին մէջ:

     

    Աստուած անարժանս ընտրեց ոչ թէ իմ կարողութիւններուս համար։ Աստուած գիտէ, որ ես անկարող եմ։ Աստուած գիտէր իմ պակասութիւններս ձեզմէ աւելի։ Ձեզմէ ոմանք գիտեն իմ պակասութիւններս, տկարութիւններս։ Աստուած ձեզմէ աւելի գիտէ իմ պակասութիւններս։ Այսուհանդերձ Աստուած զիս ընտրեց։ Եւ ուզած է ինծի յանձնել այս պաշտօնը վստահելով, որ ես պիտի հետեւիմ իր զաւակին՝ Յիսուսի Քրիստոսի: Պիտի շալկեմ խաչը, ինչպէս որ Յիսուս շալկեց, որպէսզի հօտը հասցնեմ բարի ճանապարհի վրայ եւ չցրուի։ Այս գաղափարը առաջին մէկ օրէն գիտէի։ Գիտակից էի, որ ես առանձին անկարող եմ համայնք մը կառավարելու։ Մարդկային ուշիմութեան, գիտութեան, լեզուներու կարողութիւնը չունիմ։ Եւ սակայն Աստուծոյ վրայ վստահեցայ եւ կրնամ վկայել ձեր առջեւ, որ Աստուած ոչ մէկ օր զիս լքած է կամ առանձին ձգած է ամէն անգամ, որ Իրեն դիմած եմ։ Որով աշխատանքը, որ կը տանի համայնքապետը, հիմնուած պէտք է ըլլայ Աստուծոյ վրայ, ոչ թէ իր անձին, կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն, ժողովներուն, յանձնախումբերուն վրայ: Ո՛չ։ Ամէն օր Աստուած մեզի պիտի ներշնչէ նոր ուղիներ, որպէսզի սրբագրենք սխալը, որպէսզի յառաջ երթանք, որպէսզի կարենանք մխիթարել հիւանդը, լքեալը, աղքատը, տկարը։ Որպէսզի մենք կարենանք մեր բարի օրինակով Աստուծոյ մօտեցնել բոլոր անոնք, որոնք տակաւին համոզուած չեն, որ փրկութիւնը Աստուծմէ է։

     

    Բայց ասիկա չ’իրականանար միայն խօսքով։ Ասիկա կեանքի վկայութեամբ պէտք է ըլլայ։ Վկայութիւն՝ ամէն մէկէս եւ իւրաքանչիւրէս. չեմ խօսիր միայն իմ անձիս մասին, որովհետեւ դուք մկրուած էք, եւ ինչպէս որ ըսին Սիւնհոդոսական Հայրերը Հռոմ, Վատիկանի Սիւնհոդոսի ընթացքին, ամէն մկրտուած անձ պէտք է աւետարանիչ ըլլայ, պէտք է Աւետարանը քարոզէ իր կեանքի վկայութեամբ, իր բարի գործերով։ Ասիկա միայն կաթողիկոսի, եպիսկոպոսի, քահանայի գործը չէ, որովհետեւ ամէն մկրտեալ մկրտութեան օրը իր սրտին մէջ ունեցաւ սուրբ Երրորդութեան պարգեւները, Սուրբ Հոգիին եօթը պարգեւները։

     

    Սիրելիներ, ես առանձինս չեմ կրնար բան մը ընել։ Ըսի, որ պէտք է Աստուծոյ վրայ վստահիմ, Անոր վրայ կրթնիմ։ Բայց նաեւ ձեր վրայ պէտք է վստահիմ եւ ձեր վրայ կրթնիմ, որովհետեւ գլուխը,  որ ես  կը ներկայացնեմ, այս Եկեղեցւոյ, չի կրնար աշխատիլ, եթէ չունի բազուկներ, չունի ոտքեր, չունի սիրտ, լեարդ եւ ամէն տեսակ անդամ, որ հարկաւոր է, որպէսզի այս մարմինը ուղիղ կերպով շարժի։ Առանց ձեզի չեմ կրնար բան մը ընել։ Կը տեսնէք՝ որքան ձեր ներկայութիւնը կարեւոր է: Ձեզմէ ոչ մէկը պէտք է կրաւորական դիրք բռնէ։ Հակառակը՝ ձեզմէ իւրաքանչիւրը պատասխանատու է, եւ Աստուած ինձմէ եւ ձեզմէ՝ ամէն մէկէն հաշիւ պիտի պահանջէ։

     

    Երեւակայեցէ՛ք, որ երկու տարի առաջ Սիւնհոդոսի ատեն եպիսկոպոս մը ըսաւ. «մենք կ’ուզենք ունենալ աշխարհականներ, որոնք կարենան Եկեղեցւոյ անունով խօսիլ»։ Այսինքն, գիտնան սուրբ Գիրքը, Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը եւ ունենան այդ առաքելութեան ոգին, տարածելու համար Սուրբ Աւետարանը։ Կ’ուզենք ունենալ աշխարհականներ, որ եկեղեցւոյ անունով խօսին, որպէսզի զիրենք տեսնողները կարենան իրենց երեսը Աստուծոյ դարձնել: Գիտէ՛ք, որ Հայաստան 70-է աւելի տարիներ մնաց համայնավարութեան լուծին տակ։ Այսուհանդերձ, մայրերը, մեծ հայրերը, մեծ մայրերը իրենց հաւատքով, իրենց աղօթքով առաջնորդեցին իրենց փոքր ընտանիքը, ամէն մէկը իր շուրջը հաւաքեց հարազատները,  գաղտնաբար կը մկրտէին պզտիկները։ Անոնց մէջ չկար ոչ մէկ եպիսկոպոս, չկար քահանայ, չկար սարկաւագ, եւ սակայն, հաւատքը մնաց ժողովուրդին սրտին մէջ։ Ինչո՞ւ համար։ Որովհետեւ գտնուեցան ընտանիքներ, կազմուած էրիկ մարդոցմէ, կիներէ եւ երիտասարդներէ, որոնք կարողացան այս հաւատքը վառ պահել եւ վկայել Քրիստոսի սիրոյն։ Բայց մենք առանձին նորէն չենք կրնար ամէն բան ընել, եթէ մեր յոյսը, մեր ոյժը Աստուծմէ չառնենք։ Ատոր համար մենք պէտք է իրարու համար աղօթենք, պէտք է ձեռք ձեռքի տանք. ըսել չէ, որ սխալներ պիտի չըլլան, ըսել չէ որ մենք կատարեալ ենք. Ո՛չ։ Կատարելութիւնը Աստուած պիտի դնէ։ Եւ ամէն անգամ, որ ձեռք կու տանք ուրիշի մը, գիտցած ըլլանք, որ նոր էջ մը կը բացուի Եկեղեցւոյ մէջ, համայնքին մէջ, ընտանիքին մէջ։ Այս է, որ պէտք է ընենք սիրելիներս»։

Օրացույց

Օրացույց