«օրհնեալ ըլլայ Ա՛ն, որ կու գայ Տիրոջ Անունով»
Աստուածաշնչական այս բերկրալից ձայներգութեամբ՝ Այնճարի «Ս. Վարդարանի Տիրամայր» Հ. Կ. Համայնքին ժողովրդապետը ողջունեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց նորընտիր Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքին առաջին հովուապետական այցելութիւնը՝ տրուած մեր Հայաւանին, եւ այն՝ Կիրակի, 19 Դեկտեմբեր 2021-ին:
Արդարեւ, Այնճարի եւ մուսալեռցի այնճարցիներուն համար յիշեալ Կիրակին հանդիսացաւ պատմական օրը, որուն թուականը կ’արձանագրուի մեր Հայաւանին տարեգրութեան մէջ:
Այցելութիւնը պաշտօնապէս սկիզբ առաւ Թանայէլի մայրուղիէն, ուր Վարդգէս Խօշեան քաղաքապետն ու Հ. Մեսրոպ Վրդ. Թոփալեան ժողովրդապետը դիմաւորեցին Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը, ընկերակցող հոգեւորականները, եւ ապա մեր ոստիկանութեան ինքնաշարժներով ուղղուեցան Այնճար:
Հրապարակին տեղի ունեցաւ հանդիսական եւ ժողովրդական դիմաւորութիւնը՝ ներկայութեամբ հայ կաթողիկէ կղերականներուն, Գերպտ. Հ. Անանիա Ծ. Վ. Գուճանեանի՝ Պեքաաի հոգեւոր տեսուչին, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» Կոմիտէին ընկ. Յարութ Զէյթլեան հերթապահին եւ անդամներուն, քաղաքապետական խորհուրդին, Հ. Կ. Համայնքին պատասխանատուներուն եւ մեր համագիւղացիներուն:
Ապա, «Արարատ» փողոցով՝ հետիոտն թափօր դէպի եկեղեցի՝ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ: Դարպասին առջեւ ու զանգակներուն ղօղանջով՝ Հայ Առաքելական ու Հայ Աւետարանական Համայնքներէն տարազակիր երկու աղջնակներուն մատուցած աղուհացին օրհնութիւնը կատարեց Ամենպտ. Հայրապետը, որ եկեղեցին մուտք գործեց Հ. Կ. «Հէպոյեան» երգչախումբին հնչեցուցած «Հրաշափառ»-ով:
Ճիշդ ժամը 10.30-ին սկսաւ հայրապետական Ս. Պատարագը: Ներկայ էին Գերշ. Հ. Վարուժան Արքեպս. Հէրկելեան, Գերպծ. Հ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան, Լիբանանի Հ. Կ. Թեմին Օգնական Եպիսկոպոսը, Այնճարի աւագանին եւ հաւատացեալներ: Առընթերակաները եւ սարկաւագներն էին Գերյ. Հ. Յովսէփ Ծ. Վ. Թոփալեան, Հ. Նարեկ Վրդ. Մնոյեան, Տ. Ալիշան Քհ. Աբարդեան եւ Տ. Արամ Սրկ. Սատօ:
Պատարագիչ Հայրապետին քարոզէն առաջ, բարեգալուստի իր խօսքին մէջ՝ ժողովրդապետը արտայայտեց Հայաւանին ու Համայնքին պատասխանատուներուն եւ զաւակներուն անսահման ուրախութիւնն ու շնորհակալութիւնը՝ բացագանչելով. «Օրհնեալ ըլլայ Ա՛ն, որ կու գայ Տիրոջ Անունով» (Մտթ. 21,9): Մաղթեց, որ Գերերջ. Հոգեւոր Տիրոջ օրհնաբեր գալուստով, աստուածահաճոյ աղօթքով ու հայրական օրհնութեամբ՝ ներքին եւ արտաքին զարթօնք մը ապրի Այնճար:
Իր հոգելից քարոզին մէջ՝ Ամենպտ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը շեշտեց Քրիստոսի՝ ներկայութիւնը Իրեն հաւատացողներուն կեանքին մէջ, ինչպէս ալ անոնց ամէնօրեայ ապրումը բարի ու քաջ Հովիւին հետ, որ «կը ճանչնայ իր ոչխարները, կը կանչէ զանոնք՝ իւրաքանչիւրը ի՛ր անունով, եւ կ’առաջնորդէ դուրս» իրենց կեանքին մէջ (Յվհ. 10,3):
Գերերջ. Քարոզիչին համար՝ այս այցելութիւնը յարմար առիթնէ ճանաչումին «բարի Հովիւին եւ անոր ձայնին հետեւող ոչխարներուն» միջեւ:
«Բարի Հովիւը» միաժամանակ առաջնորդն է իրեն յանձնուած հոգիներուն, ժողովուրդին զաւակներուն: «Առաջնորդութիւնը կը նշանակէ ստանձնումը պատասխանատութեան: Առաջնորդութի՛ւնը, որուն մէջ կայ սէր, խնամք, գուրգուրանք: Կայ նաեւ խոնարհութիւն, պարզութիւն, զիջում՝ շատ անգամ, համբերութիւն՝ միշտ: Բայց ամէնէն կարեւորն է անձնական նուիրումը, զոհողութիւնը: Սա է գերագոյն սէրը, որուն օրինակն է Քրիստոս: Ան իր կեանքը զոհեց մեզի համար, որպէս զի մեզի տայ յաւիտենական երջանկութիւնը»:
«Աւելորդ են պատիւ, մեծութիւն եւ ամէն ինչ, եթէ չպահենք մտերմութիւնը Քրիստոսի հետ: Հետեւաբար, դուք եւ ես՝ մենք ապրի՛նք միասին Քրիստոսի հետ»:
«Ծնած աղքատութեան ու խեղճութեան մէջ, որ պատկերն է ապրած մերօրեայ թշուառութեան՝ Լիբանանի մէջ, Քրիստոս տուաւ յոյսը, տուաւ ուրախութիւնը»:
«Կայ ուրիշ իրողութիւն մը՝ դեռ աւելի կարեւոր եւ գեղեցիկ: Քրիստոս մէկ անգամէն չիջաւ իր փառքէն՝ մարդանալով առանց Մարիամ Կոյսին: Այլ՝ ուզեց Իրեն համար կազմել ընտանիք մը, որդեգրող հայր եւ հարազատ մայր մը, զոր կը դաւանինք ու կը փառաւորենք իբր Աստուածամայր: Հետեւաբար, այս իրողութեան մէջ կը տեսնէք ձեր իւրաքանչիւրին ընտանիքը, թէ ի՛նչքան սուրբ է, ի՛նչպիսի օրհնութեամբ օժտուած է: Որովհետեւ Քրիստոս անգամ, որպէս Ստեղծիչ, Աստուած եւ Փրկիչ, ուզեց ծնիլ ընտանիքին մէջ: Այս իմաստով՝ ձեզի կը մաղթեմ, որ ունենաք երջանիկ, ուրախ օրեր, որպէս զի ունենաք ժպիտը, խաղաղութիւնը, ինչպէս նաեւ ունենաք սրտի անդորրութիւնը, որովհետեւ դուք Քրիստոսի էք եւ Ս. Հոգին ձեր մէջ է, մեր մէջ է»:
«Այս հոգեւոր զգածումներն ու մտածումները եթէ ապրիք, հաւատացէ՛ք, որ շատ երջանիկ ձեր օրերը կ’անցնէք եւ ձեր կեանքը կ’օժտէք աստուածային ուրախութեամբ: Բոլորիս դէմքին վրայ երբ կ’արտացոլայ այդ ուրախութիւնը, գիտենք, թէ Որուն հետ եւ Որուն համար կ’ապրինք՝ Քրիստոսի հետ եւ Քրիստոսի համար:
Այսպէս, հետեւաբար, անկարելի է, որ ունենանք դժգոհ դէմք մը: Այլ՝ շատ նուրբ եւ շատ պարզ ժպիտը կ’ունենաք, որ արտացոլումն է ձեր սրտին մէջ ունեցած ուրախութեան, թէ դուք քրիստոսնեայ էք եւ Քրիստոսի ծնունդով կը վայելէք ու կ’ապրիք: – Ձեզի կը մաղթեմ սուրբ ծնունդ՝ ծնունդը Քրիստոսի: Ամէն»:
Ս. Պատարագին յաջորդեց աջահամբոյրի, շնորհաւորութեան, հիւրասիրութեան եւ լուսանկարումի մտերմիկ պահը «Աղաճանեան» սրահին մէջ: Ուրախ ու ցնծուն էին բոլորը՝ Հ. Կ. Եկեղեցիին «Գլուխն ու Հայրը» եւ անոր զաւակները հայ ժողովուրդին:
Հոս շնորհակալութեամբ յիշելու է Գերերջ. Հոգեւոր Տիրոջ ի պատիւ «Արեւ» ճաշարանին տէրերուն՝ պարոնայք Յովիկ եւ Յարութ Զէյթլեան եղբայրներուն հիւրասիրած ագապը, որուն հրաւիրուած էին քառասունէ աւելի հոգեւորականներ, անձնաւորութիւններ ու պատասխանատուներ:
Իր հակիրճ ելոյթին մէջ՝ Գերշ. Հ. Վարուժան Արքեպս. Հէրկելեան ուրուագծեց կերպարը տարիներէ ի վեր իրեն ծանօթ Ամենպտ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին՝ իբր ժիրաժիր, բարի, համեստ, մարդասէր ու առաքելագործ հոգեւորականը: Իսկ ժողովրդապետը, բոլոր ներկաներուն անունով եւ իր սրտով յայտնեց իր խոր երախտագիտութիւնը «Արեւ»-ի հիւրամեծար ճաշարանատէրերուն՝ անոնց մաղթելով արեւշատութիւն ու յաջողութիւն իրենց հաստատութեան:
Ապա, շատ կարճատեւ դադարին յաջորդեցին շնորհաւորութիւնները Հայ Առաքելական Համայնքէն Հովիւին, Թաղական Խորհուրդին, Տիկնանցին, «Յառաջ» Ազգ. Վարժարանին Տնօրէնութեան ու Խնամակալութեան, ինչպէս ալ Հայ Աւետարանական Համայնքէն Պատուելիին, Հոգաբարձու Խորհուրդին, Տիկնանցին, Հայ Աւետարանական Գոլէճին Տնօրէնութեան ու Խնամակալութեան: – Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը իր սրտաբուխ շնորհակալութիւնը յայտնեց շնորհաւորողներուն, որոնց արտաբերեց իր հայրական քաջալերանքն ու տուաւ իր յուսադրիչ թելադրանքները:
Զահլէի «Ֆաթիմա Տիրամայր» Հ. Կ. Համայնքին Հովիւը, աւագանին ու ցնծուն հաւատացեալներուն հոծ բազմութիւնը լեցուցին սրահը՝ հրճուեցնելով իրենց Ամեպտ. Եկեղեցապետը, որ իր պարզ խօսքով եւ առինքնող ժպիտով խրախուսեց իր զաւակները միշտ հաւատարիմ մնալու իրենց ազգային ինքնութեան ու քրիստոնէական պատկանելիութեան:
Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղին, «Գարակէօզեան» Հիմնարկին, Համազգային «Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղին ու ՀՄԸՄ-ի վարչականներուն հետ հանդիպումը, սրտազեղ շնորհաւորանքէն անդին, դարձաւ անկեղծ պարզաբանող խօսակցութիւն մը գործունէութիւններու եւ մտահոգութիւններու մասին՝ յատկապէս այս շատ դժուար ու անտանելի ժամանակին, որուն մէջ կը տուայտի լիբանանահայութիւնը: – Նորընտիր Կաթողիկոս-Պատրիարքը, որ Հայաստանի ու Վրաստանի «Քարիթաս»-ներուն նախագահն էր վերջին տաս տարիներուն, ինչպէս ալ իր մարդասիրական ու բարեգործական բեղուն առաքելութեան փորձառութենէն, տուաւ որոշ գաղափարներ եւ ըրաւ գործնական ցուցմունքներ:
Հովուապետական այցելութեան պաշտօնական փակման հանգրուանին՝ Ճորճ Պուչիքեան Նախարարը, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ»-ի Հերթապահը եւ Կոմիտէն, Քաղաքապետը, Քաղաքապետական Խորհուրդն ու Թաղապետները շնորհաւորեցին նորընտիր Ամենպտ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը:
Խօսք առնողներն եղան Պրն. Քաղաքապետը, Այնճարի անունով, Տիար Նախարարը, Պրն. Եսայի Հաւաթեան, Կոմիտէին անունով, եւ Պրն. Վազգօ Գալոշեան, Թաղապետներուն անունով: Անոնք իրենց շնորհաւորանքին համընթաց, յայտնեցին իրենց խորին շնորհակալութիւնը, քանի Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը մեծ բարեհաճութեամբ եւ բերկրանքով որոշեց տալ Այնճար Հայաւանին իր հայրապետութեան առաջին հովուապետական այցելութիւնը, որուն առիթով Քաղաքապետն ու Հերթապահը նուիրեցին երկու յուշանուէրներ:
Նոյն պահուն, իրենց Ամենպտ. Հովուապետին ժողովրդապետը ընծայեց իր Համայնքին պատմութեան հատորը՝ մակագրուած պաշտօնավարող վարդապետներէն, Ծխական Խորհուրդին անդամներէն եւ Տիկնանց Միութեան վարչականուհիներէն: Իր կարգին՝ Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը «Ս. Վարդարանի Տիրամայր» եկեղեցին նուիրեց ոսկեզօծ հայկական մեծ խաչ մը նախշուն, որ արդէն զետեղուեցաւ մկրտարանին խորանին վրայ:
Զանազան նիւթերու եւ մերօրեայ հրատապ տագնապներու մասին մտերմիկ խօսակցութեան ու կարծիքներու փոխանակումին վերջաւորութեան՝ բոլորը ուղղուեցան Մուսալեռի Նահատակներուն յուշակոթողը, ուր Ամենպտ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը կատարեց «Հոգւոց հանգուցելոց» արարողակարգը, զոր փակեց «Պահպանիչ»-ով եւ արձակման օրհնութեամբ ներկաներուն:
Անկէ առաջ, սակայն, իբրեւ կարեւորագոյն հովուական ու եղբայրսիրական արարք, «բարի Հովիւը» այցելեց Այնճարի երիցագոյնին՝ Պօղոս Քէշիշեանին (100 տարեկան, Հայ Առաքելական) եւ Գաբրիէլ Չափարեան հիւանդին (Հայ Կաթողիկէ), որոնց համար աղօթեց՝ բաշխելով Տիրոջ օրհնութիւնն ու հայցելով Տիրամօր բարեխօսութիւնը ոչ միայն երկուքին ընտանիքներուն, այլ նաեւ մեր Հայաւանին բոլոր այնճարցիներուն համար:
Ստուգիւ, «օրհնեալ ըլլայ Ա՛ն, որ կու գայ Տիրոջ Անունով»:
Թղթակից