Քայլ դեպի եկեղեցական միություն
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
«Աղօթք Սուրբ Նահատակներու հետ միասին» այս է համամիութենական բնոյթ ունեցող եւ 25 ապրիլ 2021-ի երեկոյեան ժամը 6.30 Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին առթիւ Հռոմի «Isola Tiberina» անուամբ կղզիի Սուրբ Բարթողոմէոս Պազիլիքային մէջ տեղի ունեցած արարողութիւնը զոր կազմակերպուած էր Քրիստոնեաներու միութեան խթանման Քահանայապետական Խորհուրդի եւ Հռոմի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցչութեան կողմէ։
Աղօթքի արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին ի մէջ այլոց Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, Սուրբ Աթոռի մշակութային խորհուրդի քարտուղար գերապայծառ Փոլ Թիկէ, Հայաստանի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ Արհ Ռաֆայէլ Արք Մինասեան, Սուրբ Աթոռում Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Անկլիքան Եկեղեցւոյ Սուրբ Աթոռի մօտ ներկայացուցիչ Գերապայծառ Եան Էրնեսթ, Մեթոտիստ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը Վերապատուելի Մաթիու Լաֆերթի, Լուտերական Եկեղեցւոյ Հովիւ Միքայէլ Եոնաս, Ղպտի եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը ու այլ եկեղեցականներ, ինչպէս նաեւ կաթողիկէ եւ հայ եկեղեցիներու հոգեւորականներու դասը ու Հռոմաբնակ հայորդիներ ու անոնց իտալացի բարեկամները։
Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ՀՀ Սուրբ Աթոռի եւ Իտալիոյ հանրապետութեան մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններ Տիար Կարեն Նազարեան ու Տիկ Ծովինար Համբարձումեան, որոնք բացման խօսքով հանդէս եկան ու ներկաներուն փոխանցեցին իրենց պատգամը։ Արժանի է նաեւ նշել թէ արարողութիւնը մասնակցութիւնը տեսաւ նաեւ այլ երկիրներու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն ու իտալացի քաղաքական անձնաւորութիւններուն։
Սուրբ Բարթողոմէոս եկեղեցին
Նշենք թէ Սուրբ Բարթողոմէոս եկեղեցին յատուկ նշանակութիւն ունի հայութեան համար։ Նախ որովհետեւ Կարդինալ Աղաճանեանը եղած է այդ Եկեղեցւոյ տիտղոսաւոր Ծիրանաւորը, ապա որովհետեւ այնտեղ, ի շարս Ի դարու քրիստոնեայ նահատակներուն, պահպանուած են նաեւ հայ նահատակներուն մասունքները, (Տէյր էլ Զօրի անապատէն բերուած հայ նահատակներուն մասունք մը եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Արքեպիսկոպոսին ձեռագրիր մէկ նամակը), հուսկ Եկեղեցին երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ կամքով նուիրուած է Ի դարու քրիստոնեայ նահատակ մարտիրոսներուն։
Կարդինալ Քիւրդ Քոխին քարոզը
Աղօթքի արարողութեան ընթացքին յաւուր պատշաճի քարոզը արտասանեց վսեմաշուք Կարդինալ Քիւրդ Քոխը` Քրիստոնեաներու միութեան խթանման Քահանայապետական Խորհուրդին նախագահը։
Ան ակնարկեց «Հայ Քրիստոնեաներու մեծ ու արիւնալի մարտիրոսութեան» ու աշխարհին մէջ այսօրուայ նահատակներուն, որնnք հալածուած են պարզապէս, որովհետեւ քրիստոնեայ են։
«Մարտիրոսութիւնը նշան է Քրիստոսին նկատմամբ սիրոյ եւ հաւատարմութեան ու ան կարող է դառնալ միութեան սերմ մը» ըսաւ ի մէջ այլոց Կարդինալ Քոխը յիշեցնելով, որ Յիսուս բռնութիւնը փոխակերպեց սիրոյ իր կեանքը նուիրելով խաչին վրայ։
Հայ քրիստոնեաներու մեծ եւ արիւնալի նահատակութիւնը
«Քրիստոնէական մարտիրոսութեան յատկանշական նշանը սէրն է։ Որովհետեւ մարտիրոսը ի գործ կը դնէ սիրոյ յաղթանակը ատելութեան ու մահուան վրայ, ան ապա կը յայտնուի որպէս սիրոյ մեծագոյն արարք ի սպաս Աստուծոյ, եղբայրներուն եւ քոյրերուն» աւելցուց Քրիստոնեաներու միութեան խթանման Քահանայապետական խորհուրդին նախագահը, որ քարոզին մէջ խօսեցաւ նաեւ Վատիկանի Բ Տիեզերական Ժողովին կողմէ հաստատուած «սիրոյ ծայրայեղ փաստի» մասին, «որ չի հայիր, ըսաւ Ան, միայն կաթողիկէ եկեղեցւոյ այլ նաեւ քրիստոնեայ միւս հասարակութիւններուն ու եկեղեցիներուն», հաստատելով, որ այս «խոր ճանաչումը միշտ աւելիով ընդլայնուեցաւ քրիստոնեաներուն մէջ, մասնաւորապէս վերջին դարու ընթացքին, որուն սկիզբը տեղի ունեցաւ հայ քրիստոնեաներու այն մեծ եւ արիւնալի նահատակութիւնը, այդ ժողովուրդի ցեղասպանութեան ընթացքին, որուն յիշատակութեան առթիւ այսօր հաւաքուած ենք աղօթքի մէջ։ Այդ ժամանակէն ի վեր քրիստոնէութիւնը դարձաւ անհամեմատելի չափով մարտիրոսութեան եկեղեցի»։
Քրիստոնեաները ամենաշատ հալածուած կրօնական խումբն են
Արդարեւ այսօր շատ աւելի նահատակներ կան քան առաջին դարերու ընթացքին տեղի ունեցած հալածանքներու նահատակներէն.«Հալածուածներուն ութսուն առ հարիւրը հալածուած են իրենց քրիստոնեայ հաւատքին համար» դիտել տուաւ Կարդինալ Քոխը նշելով նաեւ թէ այսօրուայ հալածուած քրիստոնեաները մաս կը կազմեն` ոչ միայն կաթողիկէ այլ բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներուն ու հաստատեց՝ որ «Մարտիրոսութիւնը համամիութենական է» ու թէ կարելի է խօսիլ «մարտիրոսութեան համամիութեան» մասին, որ կարող է դառնալ միութեան սերմ մը։
Հայերը առաջին քրիստոնեայ ազգ, որ հաւատարիմ մնաց իր հաւատքին
Հայ նահատակները եղան անոնք՝ որոնք մեր աչքերը բացին ու մեզի յիշեցուին թէ նահատակութիւնը քրիստոնէութեան լուսանցքային երեւոյթ մը չէ, այլ Եկեղեցւոյն հիմքն է »: Նահատակը կը մեռնի սիրոյ համար, ոչ թէ գաղափարի, այլ «Քրիստոսի հետ», որ «արդեն մահացած է իրեն համար» ըսաւ ապա Կարդինալ Քոխը մատնանշելով նաեւ հայերուն՝ որպէս «առաջին քրիստոնեայ ազգ, որ հաւատարիմ մնաց իր առաքելական հաւատքին ու կեանքը տուաւ Քրիստոսին համար»։
«Անոնք Մարտիրոս եզրին յունական արմատին բառին բուն իմաստն են, այսինքն վկաներ, եւ վստահաբար ոչ միայն խօսքերով ՝ այլ գործնականապէս հաւատքի վկաներ» հաստատեց Կարդինալ Քոխը հուսկ քարոզը եզրափակեց նշելով թէ Ֆրանչիսկոս Պապը աղօթքով միացած է արարողութեան եւ իր օրհնութիւնները կը շնորհէ բոլորին։
Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի շնորհակալական խօսքը
Համամիութենական արարողութեան աւարտին խօսք առաւ նաեւ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը որուն ջանքերով կազմակերպուած էր աղօթքի երեկոն։ Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր ներկաներուն ու քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն ընդգծելով թէ սոյն համամիութենական աղօթքը կարելի է համարել քայլ մը՝ դէպի եկեղեցական միութիւն ու մէջբերեց Ֆրանչիսկոս Պապին Հայոց ցեղասպանութեան հարիւր ամեակին առթիւ՝ 12 ապրիլ 2015-ին արտասանած խօսքերը եւ ելոյթը աւարտեց Նարեկացիէն քաղուած հետեւեալ աղերսական աղօթքով. «Յիշի՛ր, [Տէր,…] նրանց, ովքեր մարդկային ցեղում մեր թշնամիներն են, սակայն նրանց բարիքի համար. նրանց մէջ իրագործիր ներում եւ ողորմութիւն […] Մի՛ վերացնիր նրանց ովքեր ինձ կծոտում են. կերպարանափոխի՛ր: Արմատախիլ արա աշխարհիկ ախտաւոր ընթացքը եւ տնկիր բարին իմ եւ նրանց մէջ»։