«Կաթողիկէ եկեղեցին…երկրում մարդկային սահմանափակ քանակով ներկա լինելով հանդերձ, ուրախ է բերել իր ներդրումը հասարակութեան աճին, յատկապէս, իր աշխատանքով՝ ուղղուած ամենատկարներին և ամենաաղքատներին», Ֆրանցիսկոս Սրբազան Քահանայապետ
2018թ. մայիսի 22-ին, նախագահությամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի «Վաչե և Թամար Մանուկյան» մատենադարանում տեղի ունեցավ «Հայաստանի Հանրապետությունը և Հայ Եկեղեցու դերակատարությունը հայոց պետականության կայացման գործում (1918-2018 թթ.)» խորագրով գիտաժողովը, կազմակերպված համագործակցությամբ ՀՀ Սփյուռքի նախարարության: Գիտաժողովին ներկա էր ՀՀ Սփյուռքի նախարար Մխիթար Հայրապետյանը, թեմայի շուրջ ելույթներ ունեցան ներկայացուցիչներ Հայ Առաքելական Եկեղեցու Սբ. Էջմիածնի և Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսություններից, Հայ Կաթողիկէ և Ավետարանական եկեղեցիներից, հետազոտողներ՝ տարբեր գիտական, կրթական հաստատություններից:
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցուց գիտաժաղովին մասնակցում էին Գյումրիի հայ կաթողիկէների ժողովրդապետ Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերյանը և Մխիթարյան միաբանության Երևանի ընծայարանի տեսուչ Հ. Գևորգ Վրդ. Սարգսյանը:
Ներկայացնում ենք Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերյանի ելույթի տեքստը՝ ամբողջությամբ.
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԵՐԴՐՈՒՄԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ՄՇԱԿԱԾ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅՈՑ ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՐԱՏԵՒՄԱՆ ԵՒ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ ՄԷՋ
Նորին Սրբութիւն Փրանկիսկոս Պապը, 2016 թուականի 24 Յունիսին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական նստավայր այցելութեան ընթացքին հետեւեալ արտայայտութեամբ բնութագրեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը.
«Կաթողիկէ եկեղեցին…երկրում մարդկային սահմանափակ քանակով ներկա լինելով հանդերձ, ուրախ է բերել իր ներդրումը հասարակութեան աճին, յատկապէս, իր աշխատանքով՝ ուղղուած ամենատկարներին և ամենաաղքատներին»:
Ակնյայտ է այն իրողութիւնը, որ Հայաստան՝ Խորհրդային կարգերէն ետք թեւակոխեց անցումային նոր փուլ, որ կը յատկանշուի ընկերային եւ հասարակական կեանքի շարք մը փոփոխութիւններով: Ասիկա կը վերաբերի նաեւ ընդհանրապէս կրօնական խնդրին եւ յատկապէս հայ ժողովուրդի կրօնական ինքնութեանը:
Սակայն, նախ փորձենք հակիրճ կերպով պարզել ազգային ինքնութեան հետ կրօնական ինքնութեան յարաբերութեան ձեւերը, տեսնելով հոգեւոր կեանքին հետ առնչուած անոնց վաւերականութիւնը, եւ վերլուծական փորձ մը կատարել այդ փոխյարաբերութիւններուն ընդմէջէն քօղազերծելու նաեւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դրական ազդեցութիւնը քաղաքացիին ամենօրեայ կեանքին մէջ:
Նախ «Ազգային ինքնութիւն» ըսելով, նկատի ունենալու ենք թէ՝ Հայաստանի մէջ, «էթնոս», «ազգ» եւ «քաղաքացիութիւն» եզրերը ընդհանրապէս միախառնուած են: Խորհրդային շրջանին, Հայաստանը ձեռք բերաւ ճարտարարուեստատէր հասարակութիւն մը, ուր կրթութիւնը եւս դարձաւ համընդհանուր, սակայն եկեղեցին մղուեցաւ հանրային կեանքէն դուրս: Իսկ անկախ Հայաստանի շրջանը յայտնուեցաւ ազգայնականութեան պետական-պաշտօնական կարգավիճակով, եւ միւս կողմէն «ազգ»ի ընկալումը սկսաւ անջատուիլ կրօնի հասկացողութենէն եւ ընդելուզուեցաւ պետականութեան հասկացողութեան մէջ:
Մեր պատմութեան էջերը ուսումնասիրելու ընթացքին, անպատճառ պիտի հանդիպինք այն գաղափարին՝ թէ կրօնական ինքնութիւնը անպայմանօրէն էթնիկ ինքնութեան կարեւոր մասերէն մէկը կը կազմէ: Ինչպէս կը վկայեն շատ մը պատմական տուեալներ, թէ պետականութիւնը կորսնցուցած հայերու համար եւ Եկեղեցւոյ կողմէ կիրարկուած քաղաքականութեան արդիւնքին հիման վրայ, կրօնական ինքնութիւնը սերտօրէն փոխ-կապակցուած եղած է էթնիկ ինքնութեանը հետ: Արդ, մինչեւ 19-րդ դար, իր պետականութիւնը կորսնցուցած հայերու ինքնագիտակցութիւնը եղած է ex-տարածքային, այսինքն՝ մէկ խօսքով՝ հայ հասարակութիւններու կամ գաղութներու առաջնորդը եղած է Կաթողիկոսը, այն չէ կոչուած լոկ Հայաստանի Կաթողիկոս, այլ՝ բոլոր հայերու Կաթողիկոսը: Իսկ կարգ մը պատմագէտներու, տարածքի հետ կապուած ազգայնականութեան հասկացողութիւնը յառաջացած է 19-20-րդ դարերուն:
Ներկայիս, արեւմտեան գիտական կարգ մը աղբիւրներ կը միտին այն կարծիքին, որ հայկական միջավայրի կրօնի վրայ յենուած էթնիկ ինքնութիւնը կերպարանափոխուած է ժամանակակից ազգային ինքնութեան: Եթէ Սմիթի տուած բացատրութեան մէջ խորանանք, ապա ըստ անոր, ազգը, կարող է բնութագրուիլ որպէս մարդկային հանրոյթ, որ կը կիսէ պատմական տարածք եւ յիշողութիւններ, զանգուածային, հանրային մշակոյթ, ընդհանուր տնտեսութիւն, իրաւունքներ ու պարտականութիւններ պատկան բոլոր մարդոց համար: Սակայն, հայկական իրականութեան մէջ կը տեսնենք, որ այսպիսի ազգային ինքնութիւն չենք կրնար իրագործել, որովհետեւ էթնիկ ինքնութիւնը իր կրօնական լայն բաղադրիչներով, հայկական ինքնութեան համակարգէն ներս, կարեւոր դեր ունեցած է եւ տակաւին կը շարունակէ ունենալ:
Արդարեւ, Հայ Կաթողիկէ վերանորոգ Պատրիարքութիւնը, հիմնադրուած հայկական տարածքային սահմաններէն դուրս, հաւատարիմ մնաց ինքնութեան եզրի սահմանումին, եւ ողջ ընթացքին անմասն չմնաց հայկական տարբեր գաղութներու բարգաւաճման ի նպաստ կատարուող ներդրումներէն: Բնականաբար դժուար պիտի ըլլար մի քանի տողերու մէջ ամփոփել ամբողջ սփիւռքեան տարածքին վրայ շուրջ 270 տարիներու առաքելութիւններով հարուստ դերակատարութիւն մը, որուն անբաժան մաս կը կազմէ նաեւ վերանկախացած մեր Հանրապետութեան հզօրացման եւ անոր բնակիչներու հողին կառչուածութեան գործընթացը: Արդարեւ, 1991 թուականի հոկտեմբերի 2-ին, Սրբազան Պապ՝ Ն.Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. կը հաստատէ 70 տարիներէ ի վեր բռնաբարուած Նուիրապետութիւնը՝ Կաթողիկէ Հայոց թեմը, Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի (Ռուսիոյ եւ Ուկրայինայի): Պետական գրանցումը վաւերացուած է ՀՀ Կառավարութեան առընթեր Կրօնի Գործերի Պետ. Խորհրդի Նախագահութենէն: Թեմի առաջին տիտղոսաւոր Արքեպիսկոպոս կը նշանակուի՝ Վենետիկի Մխիթարեան Ուխտէն՝ Ներսէս Տէր Ներսէսեանը: Այս նշանակումին անմիջապէս կը յաջորդէ Աշոցքի «Նարեկի Տիրամայր» հիւանդանոցի նաւակատիքը, որ մեծ նուէր մըն էր Սրբազան Պապին կողմէ:
Նոյն ժամանակ, Սրբազան հօր հետ միասին գործի կը լծուին վարդապետներ, ինչպէս նաեւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան մայրապետներ, որոնք ամբողջ տարածաշրջանին մէջ կը զբաղուին ժողովուրդին քրիստոնէական դաստիարակութեամբ, որբերու խնամակալութեամբ ու ձեռարուեստի կեդրոններու հիմնադրութեամբ, որով առիթներ կը ստեղծէին նոր սերունդին դաստիարակութեան միջոցով հայկական մշակոյթային որոշ արժէքներ պահպանելու եւ զարգացնելու:
Ստորեւ, հերթաբար կը թուարկենք Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ կատարուած աշխատանքները ըստ ժամանակի: Առաջին հերթին, կ’անդրադառնանք օրհասական օրերուն կատարուած մարդասիրական օժանդակութիւններուն, որոնք կը յաջորդէին 1988-ի երկրաշարժին:
1.1988-ի երկրաշարժէն անմիջապէս յետոյ աղէտեալներուն ֆինանսական նուիրատուութիւն ցուցաբերեց Հռոմի Սուրբ Աթոռը եւ կոչ ուղղեց Եկեղեցւոյ բոլոր հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ միջազգային կառոյցներուն, շտապ ձեռնամուխ դառնալ աղէտեալներու օգնութեան գործընթացին: Եւ այսպէս, Հայաստան հասաւ Սբ. Մայր Թերեզան: Ան սկսաւ աղէտեալներուն օգնութեան փութալ: Ան, ինչպէս ինք արտայայտուած էր, չունէր ո՛չ արծաթ, ո՛չ ոսկի, բայց իր հետ բերած էր իր հոգատարութիւնը, աղօթքը: Ապա, Սպիտակի շրջակայքը հիմնուեցաւ Գթութեան քոյրերու միաբանութեան տունը: Անոնք մինչեւ օրս կը խնամեն հաշմանդամ երեխաներ եւ զանոնք կը դաստիարակեն, շրջանի աղքատներուն կ’օգնեն սննդամթերքով եւ դեղօրայքով: Երկրորդ տուն մը եւս հիմնուած է Երեւանի մէջ:
2.1989-1990 թուականներուն Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերը կը հասնին Հայրենիք եւ կը նուիրուին Շիրակի մարզի համայնքներու ծառայութեան, ինչպէս վերը նշեցինք՝ քրիստոնէական դաստիարակութեամբ, բարոյական եւ հոգեբանական ծառայութիւններով, ինչպէս նաեւ դեղօրայքով, սննդամթերքով, յաճախ ֆինանսական եւ պարենային օգնութիւններով:
3.Նոյն ժամանակաշրջանին, արդէն Փանիկ հասած էր յետ անկախացման շրջանի առաջին կաթողիկէ վարդապետը՝ Մխիթարեան ուխտէն Հայր Կոմիտաս Մանուկեանը, ով կազմակերպեց համայնքային կեանքը տուեալ տարածաշրջանէն ներս:
4.1991 Հոկտեմբեր 2-ին հաստատուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդութիւնը Գիւմրիի մէջ: Կը պատմուի թէ այդ տարիներուն, Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանը դարձած էր սոցիալական ծառայութիւններ իրականացնող մէկ արդիւնաւէտ կառոյց՝ յաճախ փոխարինելով պետական կառոյցներ, որով հոգեւորականներն եւս նուիրուած էին հոգեւորին կողքին սոցիալական աշխատանքներու իրականացումին:
5.Աշոցքի «Տիրամայր Հայաստանի» հիւանդանոցը: Անիկա հիմնադրուած է 1991 թուականին, Սրբազան Պապ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի կողմէ: Հիմնադրման օրէն սկսեալ, հիւանդանոցէն ներս իր նուիրեալ ծառայութիւնը կը մատուցէ Յիսուսի Փոքր քոյրերու (Petites Soeurs) Նոէլ Լոքաթելլին: Աշոցքի հիւանդանոցը շրջակայքի եւ Գիւմրիի հարիւրաւոր ընտանիքերուն տրամադրած է ֆինանսական օգնութիւն, հագուստ, սնունդ, դեղօրայք, անվճար բժշկական օգնութիւն, ինչպէս նաեւ ան միջոց դարձած է շրջանին մէջ հոգեւոր ծառայութեան, եւ սատարած է շատերու կեանքը բարեփոխելու, զանոնք յուսահատութենէ, կործանուած հոգեւոր վիճակէն ազատելով եւ անոնց մէջ ցանելով հաւատքը, յոյսը եւ սէրը միմեանց հանդէպ:
6.Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւն: Վերեւ նշեցինք անոնց առաքելութիւնը, այդ բոլորի կողքին կը նշեմ նաեւ՝
1996-ին Պօղոսեանի հովանաւորութեամբ կառուցուեցաւ «Տիրամայր Հայաստանի» Պօղոսեան կրթական կեդրոնը: Անիկա կը ծառայէ որպէս ապաստան ծնողազուրկ երեխաներուն: Հոն դաստիարակուած շատ մը երեխաներ, քոյրերու օգնութեամբ դարձան լիարժէք հայ օճախներու մայրեր: Ուրիշներ աշխատանքն ունեցան, վերջերս նաեւ մի քանիներ կարողացան իրենց համալսարանական բարձրագոյն ուսումները շարունակել Եւրոպական համաշխարհային համբաւ ունեցող ինստիտուտներու մէջ: 2005 թուականին Քոյր Արուսեակը ձեւաւորեց նաեւ «Տիրամայր Հայաստանի» անուան տակ երգչախումբ մը՝ որուն մէջ ընդգրկեց կեդրոնի սաները: Երգչախումբին ղեկավարութիւնը ստանձնեց Հայաստանի կամերային պետական երգչախումբի ղեկավար Ռոբերտ Մլքէեանը, ով մինչեւ օրս կը շարունակէ զայն ղեկավարել: Այս երգչախումբը եւս եզակի է իր ձեւաչափով, որովհետեւ անիկա ոչ միայն երգարուեստի մէջ, այլեւ կեանքի մէջ ինքնադրսեւորման, ինքնակայացման, հոգեբանական բարդոյթներու յաղթահարման համար անհրաժեշտ հմտութիւններ ձեռքբերելու մէկ կարեւոր հնարաւորութիւն է իր անդամներուն համար: «Նրանք բարդույթների մէջ ապրելու փոխարեն բեմեր են դուրս գալիս եւ դառնում արտիստ, արդե՛ն արտիստ են, որովհետեւ աշխարհի լավագոյն բեմերում են ելույթներ ունենում: Այն երեխան, որը ծնողազուրկ է, խնդիրներ ունի եւ պէտք է թաքնված ապրեր, այսօր, բեմում հպարտ կանգնած, կերտում է հայ արվեստը եւ լավագոյն արվեստագետների ստեղծագործություններն է երգում, ոչ միայն հայ երգարվեստից, այլև՝ համաշխարհային, մեր նման մարդկանց հետ աշխատում է, ձևավորվում է մարդ, քաղաքացի, պատվախնդիր եւ լիարժեք մարդ է զգում իրեն» հարցազրոյցի մը ընթացքին արտայայտած է ղեկավարը: «Տիրամայր Հայաստանի» կենտրոնը նաեւ Ծաղկաձորի մէջ տարիներէ ի վեր ճամբարներ կը կազմակերպէ ամէն տարի հիւրընկալելով մօտ 800 երեխաներ տարբեր համայնքներէ:
7.Հայկական Կարիտասը: Հայկական Կարիտասի գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մարդասիրական առաքելութեան, հոգեւոր սոցիալական ծառայութեան ամենաակնառու դրսեւորումն է: Անիկա սկիզբ առաւ 1995 թուականին շնորհիւ լիբանանահայ ազնուասիրտ եւ բարեբաշտ տիկնոջ մը՝ Զուարթ Նաճարեանի նախաձեռնութեան եւ իր առաջին ծրագիրները իրականացուց աղէտի գօտիի սահմաններուն մէջ՝ մեծ նուիրումով ծառայելով աղէտեալ ընտանիքներու եւ հոգալով անոնց նիւթական, հոգեբանական, սոցիալական կարիքները եւ յաճախ նոյնիսկ փոխարինելով պետական կառոյցները: Անոր ծրագիրները սահմանուած են բոլոր կարիքաւորներուն, անկախ տարիքի, ծագումի, դաւանաբանական տպատկանելիութեան եւ գաղափարական հայեացքներու: ՀԿ-ի առաջին ընդհանուր նախագահ՝ Ներսէս Արքեպս. Տէր Ներսէսեանը 2003 թուականին հրապարակած ամփոփ տեղեկագիրին մէջ կը գրէ. «1995թ. Մայիսին մի քանի նուիրեալ անձանց հետ հիմնուեց Հայկական Կարիտասը՝ որպէս Բալասան հիմնարկ, ի սպաս մեր ազգաբնակչութեան ուսումնական- կրթական, բարոյական, տնտեսական եւ նիւթական բազմատեսակ կարիքների՝ մարդասիրական եւ քրիստոնէական բարձր զգացմունքներով տոգորուած, Սուրբ Աւետարանի աստուածային սկզբունքներով ներշնչուած եւ առանց դաւանական խտրականութեան կամ մարդորսական նպատակների, հարազատ էքումէնիք ոգով»:
Առաջին հերթին, Գյումրիի, Սպիտակի, Վանաձորի յատուկ հաստատութիւններու մէջ ապրող մօտ 1500 երեխաներու տրամադրուեցաւ ամենօրեայ ապրուստի կարեւոր միջոցներ: Ապա, սկիզբ տրուեցաւ տարեցներու խնամքի ծրագիրներուն, որոնք կ’իրականացուին մինչեւ օրս: Օր ըստ օրէ, Կարիտասի ծրագիրները եւ օգնութիւնները առաւել ընդարձակուելով ընդգրկեցին ոչ միայն Սպիտակի եւ Գիւմրիի շրջանները, Շիրակի մարզի զանազան համայնքները:
1998 թուականէն սկսեալ, ՀԿ-ը սկիզբ տուաւ նաեւ զանազան համայնքներու պատկան դպրոցաշինութեան: «Բավրա» գիւղի դպրոցը, Գիւմրիի թիւ 2 մարզական համալիրը, 14 դպրոցը, Արթիկի թիւ 16 յատուկ հաստատութեան եւ թիւ 2 մանկապարտէզի տանիքները: 1999-2003թթ. Վերանորոգուեցան Գիւմրիի թիւ 24, 4, 42, 17, Մարալիկի թիւ 2 միջնակարգ դպրոցներու ջեռուցման համակարգերը: Տարբեր ժամանակահատուածներով, իրականացած են նաեւ Գիւմրիի 1, 15, 8, 10, 11, ինչպէս նաեւ Թավշուտի, Մուսայելեանի, Մեծ Սեպասարի դպրոցներուն ջեռուցման համակարգի կառուցման աշխատանքներ: Բնականաբար, այս ծրագիրները մինչեւ օրս կը շարունակուին եւ ամէն տարի մեծ թիւով դպրոցներ կ’օգտուին անկէ:
Այս բոլորին կողքին, ՀԿ-ը տարբեր համայնքներու համար կ’իրականացնէ ջրուղիներու կառուցում, աղէտէն տուժած համայնքներու միջավայրի՝ բակերու, խաղասրահներու, զբօսանքի վայրերու, նոր տարածքներու ստեղծումի աշխատանքներ, կ’իրականացնէ դպրոցական աշակերտներ ամենօրեայ սնունդով ապահովելու ծրագիր մը, որմէ օգտուեցան առնուազն 12 հազար աշակերտներ:
Այս բոլորին առընթեր սկսաւ գործել նաեւ «առողջութեան առաջնային պահպանման կեդրոնը», չմոռնանք նաեւ ՀԿ-ի «Փոքրիկ Իշխան» սոցիալական ու «Էմիլի Արեգակ» հաշմանդամներու կեդրոնները:
Այստեղ, շատ համառօտ նշեցինք ՀԿ-ի բարեգործական ծրագիրները, սակայն տողերու ընդմէջէն կարելի է հասկնալ եւ երեւակայել այն հսկայածաւալ բարեգործական ծրագիրները, որոնք կ’իրագործուին մեր զանազան համայնքներէն ներս:
Այս շատ համառօտ տեղեկութիւնները միայն փոքր մէկ պատկերացումը կարող են տալ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ գործունէութեան մասին, որը աղէտէն վերապրած սերունդներուն օգնեց յաղթահարելու աղէտի հոգեբանական, բարոյական, սոցիալ-տնտեսական, առողջական հետեւանքները: Մինչեւ օրս, հաւատարիմ նոյն առաքելութիւնը կը շարունակուի՝ շրջանի բնակիչներուն սրտերուն մէջ զօրացնելու համար յոյսը, օգնելու անոնց որպէսզի վերագտնեն իրենց արժանապատուութիւնը, զօրաւոր հաւատքով դիմագրաւեն կեանքի դժուարութիւնները եւ դառնան երկրի հասարակական կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ՝ որպէս զարգացող մէկ մասնիկ:
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ տարիներու ծառայութեան որպէս վարձատրութիւն հանդիսացաւ՝ 2016 թուականի Յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապի Գիւմրի այցելութիւնը եւ Վարդանանց հրապարակին վրայ անոր մատուցած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը՝ ներկայութեամբ բազմահազար հայորդիներու եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու:
Սրբազան Պապը, իր քարոզը սկսաւ Եսայի մարգարէի խօսքերով՝ ««Կը վերակառուցուին հին աւերակները, կը վերանորոգեն անբնակ քաղաքները» (Ես. 61, 4): Այս վայրերում, սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, իրականացել են Եսայի մարգարէի խօսքերը, որոնք լսեցինք»:
Սիրելի ներկաներ,
Միասնական ոգիով Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ եւ ի սփիւռս աշխարհի, ի խնդիր ազգի եւ հայրենիքի առաւել բարգաւաճման, ի խնդիր հարազատ հայու՝ եւ անոր նոյնքան հարազատ ու ճշմարիտ քրիստոնէական դաստիարակութեան:
Օգտագործուած աղբիւրներ.
1.Ի՞նչ է արել Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին՝ աղետի գոտու վերականգնման համար