Ի խորոց սրտի բխած Մեր հայրապետական պատգամը Ձեզի ուղղելով՝ 2023 տարիին ընթացքին կը հայցեմ «խաղաղութեան Իշխանէն», որ «ծնած Փրկիչը եւ օծեալ Տէրն է» (Ղկ. 2,11) անդորրութիւն ու համերաշխութիւն ամբողջ աշխարհին, բայց յատկապէս Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի համար…
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանի
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
Ողջոյն եւ Աստուածաւանդ օրհնութիւն
Պատուական Եղբարց Մերոց՝
Արհի. Արհի. Արքեպիսկոպոսաց, Եպիսկոպոսաց,
Գերյ. ու Գերպտ. Վարդապետաց եւ Արժնպտ. Քահանայից,
Բարեշնորհ Սարկաւագաց ու Հաւատացեալ Ժողովրդեանս:
Պատուական Եղբարք եւ սիրեցեալ Որդեակք ի Քրիստոս,
Ահաւասիկ, մէկ տարի եւս անցաւ մեր երկրաւոր կեանքէն. տարի մը նորանոր տագնապներու, պատերազմներու եւ ժահրերու, որոնցմէ կը տառապինք բոլորս։
Մարդկութեան մէկ ստուար զանգուածը կը հաւատայ միայն այն բանին, զոր աչքով կը տեսնէ եւ ձեռքով կը շօշափէ։ Այս նիւթապաշտութիւնը նոր չէ թէպէտ, սակայն եւ այնպէս արագօրէն կը գահավիժեցնէ մարդկութիւնը դէպի խորխորատ։ Կրօնը եւ զայն բովանդակող հաւատքին լոյսն ու բարոյական արժէքները լիովին անտեսուած են, քանի անոնք այլեւս չեն նկատուիր «արդիական» եւ «այժմէական»։
Արդ, նուիրական օրերն են յետսահայեաց ակնարկով քննարկելու 2022 տարին՝ իր ելեւէջներով, անձնական ու համամարդկային ձեռքբերումներով եւ կորուստներով։
Կը փափաքիմ դիմել իւրաքանչիւրիս խղճին՝ այն ներքին ձայնին աստուածաստեղծ, զոր ոչ ոք եւ ոչ մէկ բան կրնան խաբել կամ մոռացութեան մատնել։
Նորածին Աստուածամարդուն մսուրին առջեւ ծնրադիր՝ քննենք մեր խիղճը, եւ Ամանորին սեմին՝ բանանք մեր սրտերը, տեսնելու ու գնահատելու համար, թէ ի՛նչ ունինք. ապա, խնդրենք ինչի կարիքն ունինք եւ ոչ թէ միայն ինչ կ’ուզենք։
Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան աւետիսը լսելով՝ մէկ կողմ դնենք սոսկ տօնական արտաքին դրսեւորումներն ու հանդէսները:
Բանանք սիրոյ ու գթութեան մեր աչքերը եւ մեր կողքին պիտի տեսնենք Քրիստոսը. «Որովհետեւ անօթի էի, եւ ինծի ուտելիք չտուիք, ծարաւ էի, եւ ինծի ջուր չտուիք, օտար էի, եւ զիս ձեր մէջ չառիք, մերկ էի, եւ ինծի չհագցուցիք, հիւանդ էի ու բանտի մէջ էի, եւ զիս տեսնելու չեկաք» (Մտթ. 25,42-43)։
Յիրաւի, մեր Փրկիչը Ինքզինքը կը նոյնացնէ կարիքաւորին ու տառապողին հետ: Ուստի, ահուդողի մէջ՝ կը սարսափիմ թուել, թէ քանի՜, քանի՜ անգամներ Յիսուս Քրիստոս եկաւ մեզի, եւ մենք մերժեցինք Զինքը…: Քանի՜, քանի՜ առիթներուն՝ մենք անտարբերութեան մատնեցինք եւ մեր անձնասիրութեամբ մերժեցինք մեր Տէր Աստուածը ներկայացնող այս տնանկը կամ այն լուսանցքակեացը (Ղկ. 10,29-32)…։
Անտարակոյս, Աստուածորդիին մարդեղութեան տօնին ուրախութիւնը մեր մէջ կ’արտայայտուի տօնական արարողութիւններով, շնորհաւորանքներով եւ նուէրներով, եւ սակայն այսօր պահանջք կայ կրօնական զարթօնքի, հոգեւոր բարենորոգումի ու մտափոխումի:
Այդ զարթօնքն ու բարենորոգումը կրնան գոյանալ միայն Աւետարանէն, որ Աստուծոյ Խօսքն է կենդանարար եւ լուսատու:
Անկարելի է վերականգնել այս աշխարհն ու մաքրել մարդկութեան խիղճը, առանց փրկարար գալուստին Անոր, որ ամէն տարի, միշտ նորակերտ ուժականութեան մէջ, իր Սուրբ Ծննդեան աւետիսով «անձկագին ցանկացաւ եւ կը ցանկայ» (Ղկ. 22,15) բարեփոխել մտքերն ու սրբացնել սրտերը։
Բարեփոխումի ու սրբացումի այս սիրոյն եւ ողորմութեան հուրը, զոր Քրիստոս բերաւ երկնքէն իր մարդեղութեամբ, մշտանորոգ ընթացքով համակելու է մեզ ու ջերմացնելու է հաւատացեալներուն սրտերը, ինչպէս նաեւ արծարծելու է հաւատքը եւ վստահութիւնն Անոր հանդէպ, որ մեզի համար իր կեանքը տուաւ խաչին վրայ՝ արդէն սկսելով մսուրէն:
Իրապէս համոզուած եմ, եթէ մենք թոյլատրենք, որ Աստուծոյ ու Ընկերոջ սէրը (Մրկ. 12,29-31) մտնէ մեր սրտերուն մէջ եւ միւռոնէ մեր արարքները, պիտի ծաղկեցնէ «հարիւրապատիկ» (Մտթ. 19,29) պտուղներ՝ մեր մտածումը, խօսքն ու առաքելութիւնը արժեւորելով յաւիտենական կեանքին համար:
Այո՛, պիտի փշրէ ամէնէն կարծրացածն ու պիտի բուժէ ամէնէն հիւանդը, քանի Աստուծոյ եւ Ընկերոջ սէրը, որմէ «կախում ունին Օրէնքն ու Մարգարէնեըր» (Մտթ. 22,40), շատ աւելի մեծ է եւ գերհզօր, քան աշխարհի ամէնէն բիրտ ոյժը։
Ս. Ծննդեան պատգամը Տիրոջ անհուն մարդասիրութեան պատգամն է, որ մեզի կը պատուիրէ յարաճուն եւ գործնական սէրը մեր Ընկերոջ հանդէպ, ինչպէս նաեւ «երկրին վրայ խաղաղութեան» աւետիսն է բոլոր անոնց, որոնք սիրելիներն են Անոր (Ղկ. 2,14):
Ի խորոց սրտի բխած Մեր հայրապետական պատգամը Ձեզի ուղղելով՝ 2023 տարիին ընթացքին կը հայցեմ «խաղաղութեան Իշխանէն», որ «ծնած Փրկիչը եւ օծեալ Տէրն է» (Ղկ. 2,11) անդորրութիւն ու համերաշխութիւն ամբողջ աշխարհին, բայց յատկապէս Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի համար, ինչպէս ալ շնորհազարդ ժամանակ ու առաքելաջան ծառայութիւն բոլորիդ համար՝ այսպէս ցնծագին բացագանչելով իրարու. «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ։ Ձեզի եւ մեզի մեծ աւետիս»։
Տուեալ ի Պատրիարքարանէս, որ ի Պէյրութ, Լիբանան, ի 22 Դեկտեմբեր, յամի Տեառն 2022, յԲ. ամի Հայրապետութեան Մերոյ։