• Ամեն. Տ. Տ. Ռաֆայել Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքն այցելեց Մարսելի քրիստոնեական քույր համայնքներին

    Մարք Ավելինիի ներկայութեամբ , Մարսէյի Սուրբ Սիրտ Պազիլիքային մէջ ունեցաւ «Հայերը` քրիստոնեայ ժողովուրդի մը հազարամեայ հաւատքը» խորագիրով բանախօսութիւն մը


    Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Պատրիարքը որ այս օրերուն՝ Ֆրանսական «Œuvre d’Orient» ընկերակցութեան հրաւէրով կը գտնուի Մարսէյ,  շաբաթ 20 նոյեմբեր 2021-ին, ընկերակցութեամբ Ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ՝ Արհ. Եղիա եպս. Եղիայեանին, Պէյրութի պատրիարքական Թեմի փոխանորդ եպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեանի ու Մարսէյի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Մունզէր Սուքիասեանին, այցելեց Մարսէյի քրիստոնեայ քոյր համայնքները հանդիպելով համայնքապետերուն ու հաւատացեալներուն հետ։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կ՛ընկերանար նաեւ Ֆրանսական «Œuvre d’Orient» ընկերակցութեան ընդհանուր տնօրէն Գերապայծառ Փասքալ Կոլնիշը։

    Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեցին նախ Մարսէյի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Թարգմանչաց աթոռանիստ Եկեղեցին, ուր ընդունուեցան տեղւոյն հովիւ գերշ  Հայր Արամ Ղազարեանի եւ ազգային խորհուրդի անդամներէն։ Եկեղեցւոյ մուտքին Հոգեւոր Տէրը՝ հաց ու աղով դիմաւորեցին երկու մանուկներ, հուսկ երկու պատուիրակութիւններու միջեւ տեղի ունեցաւ եղբայրական հակիրճ հանդիպում մը։

    Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ուղղուեցաւ ապա Մարոնիդ Համայնքի եկեղեցի ուր զինք դիմաւորեց տեղւոյն ժողովրդապետը՝ Հայր Իսամ ապու Խալիլը ու խումբ մը երիտասարդ երիտասարդուհիներ իսկ երրորդ հանգրուանը եղաւ Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցին ուր Հոգեւոր Տէրը հանդիպեցաւ տեղւոյն ժողովրդապետ Հայր Էլի Նամուրի հետ։

    Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս Պատրիարքը  այցելեց նաեւ Մարսէյի Հայ Բողոքական կեդրոնը ու Վերապատուելի Սամուէլ Ալպանիանը ինչպէս նաեւ Քաղդէացիներու ժողովրդապետութիւնը։

    Երեկոյեան Ամեն. Հոգեւոր Տէրը՝ Մարսէյի Թեմին առաջնորդ գերապայծառ Ժան Մարք Ավելինիի ներկայութեամբ , Մարսէյի Սուրբ Սիրտ Պազիլիքային մէջ  ունեցաւ  «Հայերը` քրիստոնեայ ժողովուրդի մը հազարամեայ հաւատքը» խորագիրով բանախօսութիւն, որմէ ետք Ան նախագահեց «Œuvre d’Orient»ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Հայածէս Սուրբ եւ Անմահ պատարագին։

     

    Վատիկան Նյուզ

     

Օրացույց

Օրացույց