• Պապական Նուիրակի պաշտօնական այցը Փանիկ գիւղ

    Վստահ եղէ՛ք, դուք Սրբազան Քահանայապետին եւ աշխարհի բոլոր եպիսկոպոսներուն ինչպէս եւ մեր բոլորիս աղօթքներուն մէջ էք


    Կիրակի 6 դեկտեմբեր 2020ին, ժամը 15-ին, Պապական նուիրակ գերպծ. Ժօսէ Պէթթէնգուրթ եւ իր քարտուղարը՝ գերյ. Լաթերցա այցելեցին Փանիկ գիւղի Ս. Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի։ Անոնք աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած վասն խաղաղութեան հայոց աշխարհի։ Ապա հանդիպում ունեցան տեղի ժողովրդապետութեան երիտասարդաց եւ տիկնանց միութեան անդամներուն հետ։

     

    Գերապայծառ Պէթթէնգուրթ իր սրտի խօսքին մէջ ըսաւ.

     

    «Այսօր ես եկած եմ ոչ միայն ներկայացնելու Ն.Ս. Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոսը, այլ՝ եկած եմ որպէս բարեկամ կիսելու ձեր հետ ձեր ցաւերը զոր ապրեցաք Արցախեան 2-րդ պատերազմի արհաւիրքի այս ընթացքին։ Վստահ եղէ՛ք, դուք Սրբազան Քահանայապետին եւ աշխարհի բոլոր եպիսկոպոսներուն ինչպէս եւ մեր բոլորիս աղօթքներուն մէջ էք։ Ճիշդ է, որ դուք երկու պատերազմ մղեցիք՝ Քորոնաժահրի դէմ եւ Արցախի հակամարտութիւնները, բայց երբէք յուսաթափ մի՛ ըլլաք եւ մնացէ՛ք համբերատար։ Դո՛ւք էք Եկեղեցւոյ եւ անոր ապագայի յոյսը»։

     

     

    Հանդիպումին, որուն ներկայ էր նաեւ Ֆրանսայի “Oeuvre d’Orient” բարեսիրական հաստատութեան ներկայացուցիչ՝ Vincent Cayol, յաջորդեց Լսարանի շէնքէն ներս տեղի ունեցող տօնավաճառի այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ առիթը օգտագործելով տեղւոյն ժողովրդապետ՝ գերյ. Հ. Գառնիկ Ծ.Վ. Յովսէփեանը հակիրճ բացատրութիւնները մատուցեց ժողովրդապետութենէն ներս գործող գրասենեակներուն մասին։ Ան վկայ դարձաւ տարուած աշխատանքներուն՝ այցելելով Արհի. Ներսէս Արք. Տէր Ներսէսեանի անուան գրադարանը, Հացի թանգարանը եւ նորակառոյց Կարդինալ Աղաճանեանի անուան սրահը։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը։

    Դիւան Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ

Օրացույց

Օրացույց