Մաքուր սիրով հայրաբար կը մօտենանք Ձեզի՝ այս համախմբման ընթացքին տալու փրկարար հոգեւոր սնունդը, որով ամրացած՝ պիտի կարողանաք դիմակայէլ այս կործանարար ոխերիմ թշնամուն։
Յո՛յժ սիրելի Պապական նուիրակ Խոսէ եպս. Բետենկուրտ,
Սրբազա՛ն Հայրեր,
Սբ. Աթոռի Կեանքի եւ ընտանիքի գրասենեակի պատասխանատո՛ւ,
Հռոմի քահանայապետական վարժարանի գերյարգելի՛ Մեծաւոր Հայր,
Զմմառեան եւ Մխիթարեան Հայրե՛ր,
Անարատ Յղութեան Միաբանութեան Մեծաւորուհի՛,
Մեծարգո՛յ դեսպաններ,
Յարգելի՛ Տիար Բալասանեան,
Ծայրագո՛յն վարդապետներ, վարդապետնե՛ր, քահանանե՛ր, սարկաւագնե՛ր, մայրապետնե՛ր, ժառանգաւորնե՛ր, հիւրե՛ր եւ, ի վերջոյ, այս հաւաքին բուն մասնակից մեր Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդութի՛ւն, ողջունում ենք ամենքիդ, որ եկել էք աշխարհիս տարբեր երկրներից, մասնաւորապէս՝ Հայաստանից, Վրաստանից, Ռուսաստանից, Ուկրաինայից եւ Արեւելեան Եւրոպայից, ինչպես նաեւ Միացեալ Նահանգներից, Կանադայից, Միջին Արեւելքից՝ Սիրիայից եւ Լիբանանից։
Այսօր՝ Երիտասարդական մեր հաւաքի բացման օրը, Սբ. Պօղոս առաքեալի նմանողութեամբ սրտի խորին գոհունակութեամբ ողջունում եմ Ձեզ եւ փառք տալիս Ամենակալ Աստծուն Իւր անսահման շնորհների համար, որ տուել եւ տալիս է մեզ Իր Միածին եւ մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսով։ Ողջունում եմ Ձեզ Քրիստոսի անսահման ողորմութեամբ եւ սիրով առլցուած, որ Իր նախախնամութեամբ Դուք, սիրելի՛ մեր երիտասարդներ, ճառագում էք Ձեր ներկայութեամբ։
Հաւաքուած միատեղ եւ, վստահ եմ, նաեւ միասիրտ, յառաջիկայ օրերին պիտի խորհրդածենք այս տարուայ հաւաքի որդեգրուած նիւթերի շուրջ, որ կը պարփակեն իրենց մէջ այն բոլոր սկզբունքային ազդակները եւ Աստուածապարգեւ արժեքները, որոնք կը հային եւ կը նպաստեն իւրաքանչիւրի ներանձնական եւ անհատական, համայնքային, ազգային ու հոգեւոր աճին, հասունութեանը, ամրապնդմանը եւ պահպանմանը։ Մեր նախընտրած նիւթերու ընտրութիւնը կը համառոտվի երկու մասերով, եւ ամեն մեկ բաժին բանալի իր բառերով կարտայայտէ խորիմաստ էութիւնը մեր ազնիւ նպատակի։
Առաջին մասը իր ամբողջութիւնը կառնէ հետեւեալ բառերի մէջ՝ Ընտրել, Խորհրդածել, Ուսումնասիրել եւ, անշուշտ, զանոնք իրականացնել ամենօրեայ մեր ապրումով։
Երկրորդ մասը, որ կիզակէտն է մեր հաւաքին եւ էական մեր նպատակը, դարձեալ երեք բանալի բառերով կարտայայտէ մեր բուն եւ կեանքի կոչուելիք նպատակները։ Առաջին՝ Ինքնութիւն, երկրորդ՝ Պատկանելիութիւն, եւ, վերջապէս, երրորդ, որ գործադրումն է նախորդների՝ Վկայութիւն։ Ասոնցմէ ամեն մէկ վիճակը ուղենիշ պիտի ըլլա մեզմէ իւրաքանչիւրի համար մեր անձնական, համայնքային, հոգեւոր ու ընկերային կեանքի մէջ։ Եւ յոյսով ենք, որ մեր Աստուածաստեղծ հոգու եւ փրկութեան ծառայող բանականութեան համար ասոնք պիտի ծառայեն շարժիչ ուժը, նամանաւանդ Ձեզ, հարազա՛տ ու սիրելի երիտասարդներ։
Ուստի կանչուած ենք լուրջ եւ ծանրակշիռ աշխատանքի, մանաւանդ, երբ այսօր հստակորեն կը տեսնենք մարդկութեան կենցաղավարութիւնից եւ անհաստատ ընթացքից, թէ այս երեք բանալի բառերը՝ ինքնութիւն, պատկանելիութիւն եւ վկայութիւն, եթէ ոչ լրիւ կորսուած, ապա, վստահ, արժեզրկուած եւ ապականուած են իրենց նախընտիր եւ հարազատ իմաստից։ Այս մտահոգիչ սպառնալիքի պատճառով եւ ինչպես նաեւ Ձեզ՝ Մայր Հայրենիքի եւ Սփիւռքի Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդներին միասին համախմբելու եւ իրարու ծանօթանալու նպատակով է, որ ստանձնեցինք այս պատասխանատու հաւաքը կազմակերպել, ինչպես նաեւ փոխանցելու հարուստ փորձառութիւնը եւ միասին մշակելու բաղձալի ապագայի տեսլականները ու համարժեք եւ հաստատուն քայլերը։ Վստահելով Աստծուն՝ յոյս ենք յայտնում ու ակնկալութիւններ ունենք, որ այս օրերին կարողանանք Հոգեւոր հայրերի աջակցութեամբ ու առաջնորդութեամբ եւ Ձեր փոխադարձ սիրով ու պատրաստակամութեամբ կառուցել կամ վերանորոգել կամուրջները իրարու միջեւ՝ ի սէր փրկութեան հոգւոց Ձերոց։ Այս ամենը տեղի կունենայ, եւ մեր ազնիւ նպատակը կը նպաստէ Հայ Կաթողիկէ երիտասարդին փայլուն եւ Աստուածախնամ ապագայ ունենալուն։
Եւ ուրեմն, սիրելինե՛րս, Աստուածային գուրգուրանքն առաջինը կերեւի մեր ինքնութեամբ, որէ` ինքը` տուեալ անձը, անձնաւորութիւնը լինելու մէջ, որի ճանաչումը կամուրջն է ապագայի հաստատակամ եւ կայացած անձ կերտելու։ Ինքնութիւնը այսօրուայ ըմբռնումով կը նշանակէ անձ կամ հասարակութիւն տարբեր կամ յատուկ նկարագրով։ Ինքնութիւնը հոգեբանական մարզի մէջ մարդուն կամ անձին կու տայ իր հաւատքը եւ ամբողջականութիւնը՝ հոգեբանական, անձնական, ընկերային կեանքում։ Մեր Աստուածաստեղծ եւ Աստուածանման ինքնութիւնը անձը իր ճշմարիտ նկարագիրը կառնէ Աստուծոյ փրկարար եւ սրբարար Եկեղեցու եօթ խորհուրդների մէջ։ Անտարակոյս, այս խտացուած նիւթի բացատրութիւնը աշխատանքներն են Ձեր այս օրերու հաւաքին։
Երկրորդ կարեւոր կէտը, սիրելինե՛ր, պատկանաելիութիւնն է։ Երբ անձը գիտակից եւ վստահ է իր ինքնութեան, ինքզինքը կը գտնէ ազատ եւ համոզուած որոշումի դիմաց, այսինքն՝ համերաշխ եւ միաբան՝ իր ինքնութիւնը կրելով։ Պատկանելիութիւնը, որ հիմնուած է ընկերային կամ հասարակական փոխյարաբերութիւնների վրայ, երբ որ անձը անդամ եւ ենթակայ կը դառնայ իր ազգատոհմին, իր հարազատ արմատներին։ Այսպէս, օրինակ, Սբ. Պօղոս առաքեալը փիլիպեցիներին ուղղուած իր նամակում հաստատակամ կը խօսի իր պատկանելիութեան մասին՝ անվարան ըսելով, թէ՝ «Իսրայէլի ցեղից եմ, Բենիամինի սերնդից, եբրայեցի՝ եբրայեցի ծնողներից, ըստ օրէնքի եբրայեցի…» (Փիլ. Գ. 5-6): Այսպէս, Սբ. Պօղոսը իր անկաշկանդ ազատութիւնը կ՛արդարացնէ հասարակութեան բոլոր պայմաններին դիմաց՝ լաւագոյն ազատ կեանքը ապրելու համար։ Այս երկու բանալի բառերի՝ ինքնութեան եւ պատկանելիութեան սահմանումից յետոյ գալիս ենք ամենահիմնական եւ բացահայտող արտայայտութեանը՝ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒն, որ նախորդ երկուսի գործադրման եւ ապրելու իրողութիւնն է։
Անտարակոյս, կարելի չէ որդեգրել առաջին երկու կետերը՝ ինքնութիւն եւ պատկանելիութիւն՝ զանց առնելով երրորդը՝ վկայութիւնը, որ մեր առօրեայ ապրումի արտաքին դրսեւորումն է՝ լինի խօսքով, թէ գործով։ Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս Իր փրկարար եւ տնօրինական առաքելութեան երեք տարիների ընթացքին, որ քարոզեց եւ երկնքի արքայութեան ճամփան բացեց իրեն հետեւողներուն եւ հաւատացողներուն, Յայտնութեան եւ Վկայութեան լավագոյն դրսեւորումներն է։ Թէ Իր կենդանի խօսքով եւ սրբարար գործով Քրիստոս կը վկայէ Իր Աստուածային ինքնութիւնը եւ պատկանելիութիւնը եւ Իրեն հետեւողներից կը պահանջէ հաւատք. «Ձեզ ասացի, եւ ինձ չէք հաւատում. այն գործերը, որ ես եմ անում իմ Հօր անունով, դրանք վկայում են իմ մասին, բայց դուք չէք հաւատում…» (Յովհ Ժ. 25)։ Քրիստոս պահանջում է գործունեայ հաւատք, որ ինքնութեան եւ պատկանելիութեան ամենօրեայ վկայութեամբ վերադարձի ճամփան է դեպի Աստուած՝ Իր սրբարար սիրոյ մէջ։
Այսօր մենք էլ մեր կարգին կհիշեցնենք եւ կը քարոզենք բարոյական այս վսեմ արժեքները՝ հաստատելով զանոնք անվարան հաւատքի մէջ, որպէսզի տեսնենք եւ ունենանք ազնիւ եւ ճշմարիտ Հայ Քրիստոնեայ երիտասարդութիւն։ Դուք ձեր կարգին քարոզիչները եւ առաքեալներն ենք Քրիստոսի ձեր ամենօրեայ վկայութեամբ։ Վերջապէս, որպես առաջնորդ եւ հայր՝ մեր պարտականութիւնն է ծառայել եւ հսկել Ձեր կեանքի անխաթար ապագային եւ անոր առողջ ընթացքին։
Ահա թէ ինչի համար ընտրեցի Պետրոս առաքեալի այս խօսքը՝ «Արթուն լերուք, հսկեցէք զի ոսոխն ձեր սատանայ է…» (Պետր. Կաթ. Ա թուղթ Ե. 8): Այո՛, յո՛յժ սիրելի երիտասարդներ, Ձեր դիմաց ունիք ամենժամ արթուն եւ գործող ոսոխը՝ սատանան, որ միակն է այս կեանքում, ում կարող ենք կոչել թշնամի։ Սատանան այսօրուայ աշխարհն է՝ իր բոլոր քաոսային խաբէութիւններով, խորշելի գործունեութեամբ եւ զազրելի ընթացքով։ Սրա համար է, որ մաքուր սիրով հայրաբար կը մօտենանք Ձեզի՝ այս համախմբման ընթացքին տալու փրկարար հոգեւոր սնունդը, որով ամրացած՝ պիտի կարողանաք դիմակայէլ այս կործանարար ոխերիմ թշնամուն։
Սուրբ Գրքին մէջ է դարձեալ, որ կը գտնենք այս նախադասութիւնը, ուր կ՛ըսէ. «Ունկնդիր լերուք առաջնորդաց ձերոց եւ հպատակ կացէք նոցա. զի տքնին վասն ոգւոց ձերոց…» (Եբր. ԺԳ. 17)։ Այո՛, ճշմարիտ է առաքեալին խօսքը՝ ուղղուած հաւատացեալներուն՝ լսել ու անսալ առաջնորդներուն, որոնք անխոնջ կերպով կ՛աշխատին իրենց որդւոց փրկութեան համար։ Մեր պարտականութիւնն է անտրտունջ սիրով տալու Ձեզի այն հոգեւոր, ընկերային եւ մշակութային հարստութիւնները, զօր պիտի կազմեն Ձեր մէջ աննկուն անձնաւորութիւնը՝ դիմագրաւելու բոլոր դժուարութեանց ու փորձութեանց։ Եւ պիտի փայլէք Ձեր հաստատակամ ինքնութեամբ, անուրանալի պատկանելիութեամբ եւ քաջարի վկայութեամբ՝ կեանքի կոչելով կատարեալ եւ հաւասարակշիռ Հայ Քրիստոնեան՝ հարուստ իր բարոյական եւ հոգեւոր արժէքներով եւ վկայող անձնական կեանքի ու ամենօրեայ ապրումի մէջ։
Ահա թէ ինչու ուզեցի մօտենալ Ձեզի մեր հայրական խօսքով` յուշելու ազնիւ նպատակը Ձեր այս օրերին կայանալիք հաւաքին։ Մեր մաղթանքը եւ աղօթքն առ Բարձրեալն Ողորմած եւ Բազմագութ, որ այս հաւաքը ծառայէ Ձեզմէ իւրաքանչիւրի հոգեւոր, բարոյական, ընկերային կեանքի նորոգումի։ Եւ Աստուծոյ առատահոս շնորհներով առլցուած վերադառնաք Ձեր բնականոն կեանքին՝ տանելով Ձեզ հետ այն լուսաւոր եւ պայծառ արդիւնքները, որ Աստուծոյ կամօք պիտի ունենաք այս երիտասարդական հաւաքի օրերին։
Եւս մեկ անգամ փառք ենք տալիս Աստծուն եւ մեր երախտագիտութիւնն ենք յայտնում այս հաւաքին աջակցող բոլոր հաստատութիւններին եւ անհատներին, թող ամենաբարին Աստուած օրհնի եւ Իր առատ շնորհներով պարգեւի խաղաղ եւ պտղաբեր գործունեութիւն:
Ինչպես նաեւ պատիւ ունեմ հաղորդելու մեր այս հաւաքին Ամենապատիվ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքի Հայրապետական օրհնութիւնը եւ ջերմագին մաղթանքները:
Հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը՝ Հայրական մեր օրհնութիւնն ենք տալիս ամենքիդ՝ մաղթելով արդիւնաւոր եւ արգասաբեր աշխատանք Հայ Կաթողիկէ Համայնքային Երիտասարդական երկրորդ հաւաքի օրերուն։