Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: Յաւիտենական հանգիստ իր լոյս հոգիին:
ՄԱՀԱԶԴ
Գերապայծառ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան,
Պապական Պատուիրակ Մխիթարեան Միաբանութեան
եւ Մխիթարեան միաբանները
սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն իրենց երէց միաբան,
Հոգեշնորհ Հ. ՅՈՎՍԷՓ ՎՐԴ. ՊԵՀԵՍՆԻԼԵԱՆի
փոխումը դէպի յաւիտենականութիւն, Երկուշաբթի,
30 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 4ին։
Հ. Յովսէփ Վրդ. Պեհեսնիլեան, աւազանի անունով Գրիգոր, ծնած է Եթովպիոյ Ատտիս
Ապեպա մայրաքաղաքը, 14 Դեկտեմբեր 1926ին. կրտսեր որդին է Սամուէլ եւ Քաթերին
Սվաճեանի։
Եթոպվպիան Իտալիոյ կողմէ գրաւուած ըլլալով՝ Մխիթարեան վարդապետներէն Հ.
Վահան վրդ. Յովհաննէսեան կ՚ուղեւորուի որպէս հոգեւոր հովիւ տեղւոյն հայոց համար
եւ կը ծանօթանայ Պեհեսնիլեան ընտանիքին։ Գրիգոր Իտալիա կը ժամանէ 26 Յունիս
1938ին իբր աշակերտ Մուրատ Ռափայէլեան Վարժարանի, ուր կը մնայ չորս տարի։
Կրօնաւորական կոչում զգալով, հակառակ իր ծնողքի կամքին, մուտք կը գործէ Սուրբ
Ղազար Մայրավանք 1942 Մայիս 28ին եւ Յունիս 6ին Փոքր ժառանգաւորացի մէջ
կ՚ընդունի կրօնաւորական սքեմը։
1944 Հոկտեմբեր 23ին կը սկսի Նորընծայութեան տարին եւ 24 Հոկտեմբեր 1945ին
Ժամանակաւոր ուխտերը կը կատարէ։ Համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք
1948ին Հռոմ կը մեկնի իր համալսարանական ընթացքը կատարելու համար։ 15
Հոկտեմբեր 1949ին մշտնջենաւոր կերպով կ՚անդամակցի Մխիթարեան Միաբանութեան.
1951 Յունիս 9ին Սարկաւագ կը ձեռնադրուի եւ Սեպտեմբեր 8ին Քահանայական
ձեռնադրութիւն կը ստանայ։
Իր բոլոր կեանքը նուիրում մը եղաւ երիտասարդ սերունդի դաստիարակութեան,
սկսեալ Սուրբ Ղազարէն, Վենետիկ, Փարիզ եւ Հայաստան։
Տակաւին երիտասարդ աբեղայ որպէս առաջին պաշտօն իրեն կը յանձնուի Սուրբ
Ղազարի Փոքր ժառանգաւորացի փոխտեսչութիւնը. պարտականութիւն մը որ կը
կատարէ երեք տարի 18 Օգոստոս 1952էն – 30 Հոկտեմբեր 1955։
Ապա ուսումնապետի պաշտօնով կը փոխադրուի Վենետիկ Մուրատ Ռափայէլեան
Վարժարան (12 Նոյեմբեր 1955 – 3 Նոյեմբեր 1959)։ Կրկին տարուայ մը համար կը
վերադառնայ Սուրբ Ղազարի նախկին պաշտօնին (3 Նոյեմբեր 1959էն 11 Յունիս 1960)։
11 Յունիս 1960էն – 6 Յուլիս 1967 զինք կը գտնենք Փարիզ, իբր ուսումնապետ Սեւրի
Մուրատեան Վարժարանին։ Փարիզի մէջ Եօթը տարի դպրոցական ասպարէզի մէջ
ծառայութիւն մատուցելէ յետոյ, կը վերադառնայ Սուրբ Ղազար եւ այլ 7 տարի ալ կը
վաստակի իբր մեծաւոր ընծայարանին մէջ (8 Սեպտեմբեր 1967-22 Օգոստոս 1974)։
16 Օգոստոս 1970ին Տիրամօր Վերափոխման տօնին օրը՝ Հայր Պօղոս Անանեան
Աբբահօր կողմէ կը ստանայ Վարդապետական աստիճանը։
Մայրավանքի Նորընծայարանէն ետք իրեն կը յանձնուի Հռոմի ուսանողներու
պատասխանատուութիւնը (22 Օգոստոս 1974էն – 7 Նոյեմբեր 1977)։
Իր դաստիարակչական առաքելութեան կողքին միաժամանակ իրեն կը վստահուի նաեւ
Միաբանութեանս Ընդհանուր Առաջիկայի պատասխանատուութիւնը:
1976ի Ընդհանուր Ժողովին Վարչական ընտրուելով կը վերադառնայ Ս. Ղազար եւ
միաժամանակ կը վարէ ընծայարանի մեծաւորի եւ Ընդհանուր Քարտուղարի պաշտօնը։
1995ի Ընդհանուր Ժողովին կ՚ընտրուի Միաբանութեան Ընդհանրական Աթոռակալ։ Իսկ
Հայր Սահակ Աբբահօր վաղահաս մահուան հետեւանքով՝ 1996ի Հոկտեմբերին կը
ստանձնէ Միաբանութեան ղեկը եւ կը պատրաստէ 1997 Մարտ 16ի Ընտրական
Ընդհանուր Ժողովը։
2000 Յուլիսի Ընդհանրական Ժողովին՝ Վենետիկի եւ Վիեննայի զոյգ Մխիթարեան
Միաբանութիւններու վերամիացման Ընդհանրական Ժողովին Հայր Յովսէփ Վրդ.
կ՚ընտրուի Գործակալ առ Գահուն Հռոմայ։
2005-2009, հակառակ իր յառաջացած տարիքին, չվարանեցաւ ստանձնել Երեւանի
Մխիթարեան նորաբաց ժառանգաւորաց Վարժարանի հոգեւոր հայրութեան
պատասխանատուութիւնը։
Հիւանդութեան հետեւանքով կը վերադառնայ Սուրբ Ղազար ուր իր կեանքը կը նուիրէ
աղօթքի, հոգեւոր հայրութեան եւ հոգեշահ գրքերու պատրաստութեան։
Իր գրիչէն թարգմանաբար լոյս տեսած հատորներն են Սալեզացի «Աստուածասէր»,
«Ճափոնի Աստուածամօր արցունքները», «Հաղորդուէ՛», «Վարք Աղեքսանդր Դէ Մետիչի
պատանիին»։
Անտիպ կը մնան Վատիկանեան Քրիստոնէականի դասագիրքը, Սուրբ Յովսէփի վարքը,
Աստուծոյ Ողորմութիւնը՝ Կոնդակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի, Խոստովանանքը, եւն.։
Տակաւին չհրատարակուած աշխատանքներուն մաս կը կազմեն իր բոլոր կեանքի
ընթացքին ժառանգաւորներուն խօսած քարոզներու երեք հատորները, որոնք մեծապէս
օգտաշատ պիտի հանդիսանան բազմաթիւ բարեպաշտ հոգիներու. իր սրտէն բխած
խօսքն է ուղղուած իր հոգեզաւակներուն խուսափելու խաւարէն ու քալելու լոյսի
ճանապարհէն։