• «Աշխարհի խաւարամած գիշերուան մէջ՝ յաւիտենական եւ անմար յոյսի Լոյսը կը շողայ».Արհ. Տ. Միքայել եպս. Մուրադյանի Սբ. Ծնդյան պատգամը

    «Թոյլ չտանք որ յափշտակեն մեր յոյսը…» Ն. Ս. Փրանկիսկոս , «Աւետարանի երջանկութիւնը», 86


     

    Ի մտի ունենալով ահաբեկչական արարքներու զոհերը, աշխարհի մէջ ներկայիս տեղի ունեցած պատերազմները, անօթեւաններուն եւ փախստականներուն աճող քանակը, Միջին Արեւելքի մէջ՝ փոքրամասնութիւններուն եւ յատկապէս քրիստոնեաներուն կրած հալածանքները… շատեր կը մտածեն՝ «Այս Ծնունդը միւսներուն նման չէ», եւ մտածելով այն բոլոր մտահոգութիւններուն մասին որոնք կը հակադրեն մեր ամենօրեայ կեանքին ընթացքը՝ կը խորհին թէ «Ինչպէ՞ս կրնանք տօնել Ծնունդը իբրեւ թէ բան մըն ալ չէ պատահած…»:

     

    Այս Ծննդեան սուրբ օրը, եկէ՛ք յիշենք թէ Յովսէփն ու Մարիամն ալ ստիպուած եղան ճամբորդելու Նազարէթէն դէպի Բեթղեհէմ, եւ Բեթղեհեմէն ալ՝ հալածական փախչիլ դէպի Եգիպսոս: Սուրբ Ընտանիքն ալ պանդուխտի եւ անօթեւանի կեանք ապրեցաւ: Սակայն, այդ բոլորին հակառակ, Մարիամն ու Յովսէփը՝ բնաւ չկորսնցուցին իրենց յոյսը, որովհետեւ գիտէին որ Աստուած իրենց հետ է: Աստուած իրենց հետն էր Մանուկ Յիսուսին անձին մէջ: Մենք ալ, պէտք չէ որ բնաւ մեր յոյսը կորսնցնենք: Ինչ ալ ըլլան մեր ցաւերը կամ նեղութիւնները, հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն որոնք կը սպառնան մեր կեանքին՝ հաւա՛տք ունենանք թէ Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրին հետ է Յիսուս Քրիստոսի անձին մէջ:

     

    Երբ Յովհաննէս Մկրտիչը պատգամաւորներ ղրկեց Յիսուսի մօտ հարցնելու համար՝ «Դու՞ն ես ան որ պիտի գայ, թէ ուրիշի մը սպասենք». Յիսուս անոնց ըսաւ. «Գացէ՛ք, պատմեցէք Յովհաննէսին՝ ինչ որ տեսաք եւ լսեցիք. կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ’առնեն եւ Աւետարանը կը քարոզուի աղքատներուն: Եւ երանի՜ անոր, որ իմ պատճառովս չի գայթակղիր» (Ղուկ. 7, 22-23): Ծննդեան գիշերը, Բեթղեհէմի անշուք քարայրին մէջ աշխարհ եկող այդ անմեղ մանուկը՝ ուրիշ մէկը չէ եթէ ոչ ա՛յս նոյն հրաշագործ Յիսուսը: Այդ գիշեր ամենակարողն Աստուած կը մարդանայ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար:

     

    Ծննդեան օրը, այս աշխարհի խաւարամած գիշերուան մէջ՝ յաւիտենական եւ անմար յոյսի Լոյսը կը շողայ որ «Մեծ ուրախութեան աւետիսն է»: Բոլորիս համար «Փրկիչը կը ծնի որ Օծեալ Տէրն է»: Ան՝ որ կոյրերուն տեսութիւն կը պարգեւէ… մեղքերու թողութիւն կը շնորհէ եւ մեռելներուն յարութիւն կու տայ: Ան՝ Օծեալ Տէրը, Բեթղեհէմի մանուկը, «Երկնաւոր Հօր ողորմութեան պատկերն է»:

     

    Անցեալ Նոյեմբերի 20-ին, սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ Ողորմութեան Յոբելինական սուրբ տարուան փակման առթիւ մատուցած հանդիսաւոր պատարագին Ն. Ս. Փրանկիսկոս Քահանայապետը ըսաւ. «Նոյնիսկ եթէ Սուրբ Դուռը կը փակուի, ողորմութեան ճշմարիտ դուռը որ Յիսուս Քրիստոսի սիրտն է, միշտ բաց կը մնայ մեզի համար…»:

     

    Ծննդեան օրը՝ Յիսուսի ողորմած սիրտը առաւել եւս կը պսպղայ որպէս փարոս յոյսի: Ժամանակ տրամադրենք դիտելու զայն, խորհրդածելու անոր անհուն սիրոյ մասին: Թող Ան ընկերանայ մեզի, լուսաւորէ եւ ուղղէ մեր քայլերը… Ա՛յս է մաղթանքս բոլորին, ձեզմէ իւրաքանչիւրին, ձեր ընտանիքի անդամներուն եւ բարեկամներուն:

     

    Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ Ձեզի մեզի մեծ աւետիս:

     

    23 Դեկտեմբեր 2016

     

    +Միքայէլ Եպս. Մուրատեան

    Առաջնորդ Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմին

Օրացույց

Օրացույց