«Լոյսը աշխարհ եկաւ
եւ աշխարհը մերժեց զինք»:
Մինչ մեր նայուածքը կ՛ուղղենք մսուրին եւ կը դիտենք Աստուծոյ Որդին` մարդու որդի դարձած, ծնած քարայրի մը մէջ, ուր առհասարակ կենդանիները կ՛ապաստանին, ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ ոչ` կանգ առնել, լուռ, անկարող մեր զարմանքը զսպելու, եւ հարց տալ մենք մեզի. Իրա՞ւ է, որ այս յարդէ անկողինին վրայ պառկած նորածին մանուկը Աստուծոյ Որդին է, այն, որ դարերէ ի վեր խոստացուած եւ սպասուած էր աշխարհ գալ` իբրեւ Մեսիան, Փրկիչը մարդկութեան: Նման երեւոյթ մը, ըստ մեր մարդկային դատողութեան, անհաւատալի, անհեթեթ կը նկատուի, եւ ապացոյց կը պահանջուի հաւատալու համար, թէ այդ պահուն, այդ անզօր էակին դիմաց, մենք կը գտնուինք մարդացեալ Աստուծոյն առջեւ, եւ ա՛յն ատեն կը խոնարհինք ու կ՛երկրպագենք Աստուածորդիին առջեւ:
Ճշմարտութի՞ւն իրապէս` այս անպատմելի եղելութիւնը, թէ առեղծուած, բարեպաշտ հոգիներու գիւտ, չըսելու համար միամիտներու զառանցանք:
Ապացոյց կ՛ուզուի, եւ իրաւամբ: Այդ դէպքէն երեսուն տարի ետք, այդ անզօր երեխան, իր հիւսն հօր կրպակին մէջ` ծածուկ, անշշուկ աշխատելէ ետք, պիտի յայտնուի մարդոց եւ պիտի յայտարարէ, թէ եկած է մարդկութիւնը փրկելու աստուածային դատավճիռէն, պիտի համարձակի նոյնիսկ հռչակել գալուստը նոր աշխարհի մը, որ վերիվայր պիտի ընէ մարդկութեան գոյավիճակը, աշխարհ մը, ուր սէրը օրէնքէն վեր պիտի դասուի եւ ողորմութիւնը արդարութեան տեղը պիտի գրաւէ, ուր խաղաղութիւն պիտի հաստատուի ո՛չ թէ զէնքի զօրութեամբ, այլ շնորհիւ փոխադարձ հասկացողութեան ու ներումի, իրարօգնութեան ու շինարար համակեցութեան:
Ծնունդը մեզի կը յիշեցնէ, թէ Անսահմանը, Յաւիտենականը, կամովին դարձաւ սահմանաւոր, մահկանացու, տկար, ենթակայ չարչարանքի ու մահուան, որովհետեւ այդպէս ուզեց Աստուծոյ կամքը, այդ էր պայմանը, որ մարդուն գործած ահաւոր մեղքը` իր ըմբոստութեամբ, համապատասխան ու արդար հատուցումը գտնէ: Դժուարաւ ըմբռնելի, բայց մեր հաւատքին մաս կազմող իրողութիւն է այս. այնքա՛ն մեծ էր մարդուն մեղքը, որ մարդկային կարողութենէն վեր էր անոր քաւութիւնն ստանալը. ուստի հարկ եղաւ, որ Աստուծոյ Որդին մարդանար ու զգենուր մահկանացու բնութիւնը ի՛ր իսկ արարածին, որպէսզի սկզբնական, կորսուած արդարութիւնը վերագտնէր իր տեղը մարդկութեան մէջ:
Քրիստոսի գալուստով աշխարհը կերպարանափոխուեցաւ. այն աստիճան, որ նոր շրջան մը հաստատուեցաւ մարդկութեան պատմութեան մէջ. ժամանակի, տարիներու թաւալումն իսկ նոր թուարկումի ենթարկուեցաւ, պատմութիւնը տարբեր դիմագիծ ստացաւ, գոցուեցաւ հին էջը եւ նորը բացուեցաւ տիեզերքի պատմութեան մէջ. Քրիստոսէ առաջ եւ Քրիստոսէ ետք. քրիստոնեան թէ այլադաւանը, հաւատացեալն ու անհաւատը ընդունեցին, թէ նոր իրողութիւն մը գոյացած է աշխարհի մէջ:
Եւ սակայն, ահա երկու հազար տարիներ անցած են Քրիստոսի գալուստէն ի վեր, եւ կը տեսնենք աշխարհ մը, որ թաւալգլոր կ՛ընթանայ, կարծէք ոչինչ պատահած ըլլար երկու հազար տարի առաջ: Մարդիկ կորսնցուցած են նոյնիսկ կեանքին իմաստը, նպատակը: Շատեր չեն գիտեր իսկ, թէ ինչո՛ւ աշխարհ եկած են եւ ո՛ւր կ՛երթան. կը կասկածին նոյնիսկ, թէ անդենական կեանք մը կայ, որ պիտի յաջորդէ այս անցաւոր կեանքին. որովհետեւ կ՛անգիտանան, թէ մարդը կենդանիներէն տարբեր էակ է` ստեղծուած ըլլալով Աստուծոյ պատկերին համեմատ, օժտուած հոգիով մը անմահ, որով կը զանազանուի անասուններէն:
Այս բոլորին պատճառը բացայայտ է. մարդը չի սիրեր լոյսը եւ կը խուսափի անկէ: Ո՛չ այն լոյսերէն, որոնք կը շողշողան հարուստ քաղաքներու պողոտաներուն երկայնքին, եւ աչքերը կը շլացնեն` զանոնք կուրցնելու աստիճան. այլ այն լոյսէն, որ միտքը, սիրտը, հոգին կը լուսաւորէ եւ ի յայտ կը բերէ ճշմարտութիւնը, սէրը, արդարութիւնը, աղբիւր ճշմարիտ խաղաղութեան եւ երջանկութեան:
Քրիստոս միա՛կ լոյսն է, որ կրնայ լուսաւորել մարդուն ուղին եւ իմաստաւորել անոր գոյութիւնը: Ա՛յդ կը հռչակէ Ս. Յովհաննէս, երբ կ՛ըսէ, թէ «Աստուծոյ Բանը, Խօսքը, մարդ եղաւ եւ բնակեցաւ մարդոց մէջ»` իբրեւ Լո՛յսը աշխարհի. բայց շատեր չընդունեցին զինք, որովհետեւ ան կ՛ուզէր խաւարէն դուրս հանել զանոնք, մինչ իրենք կը մերժէին լոյսը, որ ի յայտ կը բերէ չար գործերը:
Ժամանակն է, որ հարց տանք մենք մեզի, այսօ՛ր. Ի՞նչ տեղ կը գրաւէ մեր ներկայ կեանքին մէջ այդ եղելութիւնը, որ կը կոչուի Ծնունդ Քրիստոսի: Կը հաւատա՞նք, որ ան Լոյսն է աշխարհի, Փրկիչը մարդկութեան: Բացի ուրախութեան, խրախճանքներու ու նուէրներու փոխանակումի առիթներէն, զորս կ՛ընծայէ Մարդացեալ Աստուծոյ գալուստը, որեւէ զգալի ազդեցութիւն կ՛ունենա՞յ ան մեր անհատական, ընկերային, հաւաքական, մանաւանդ քրիստոնէական կեանքին վրայ:
Ծնունդը լոյսի տօնն է: Այդ լոյսին, որ կը բխի մեր սրտէն, որ կը տարածուի մեր մերձաւորին թէ հեռաւորին վրայ, անխտիր: Այդ լոյսին, որ շողարձակումն է ճշմարիտ Լոյսին, Քրիստոսի, որ ըսաւ. «Ե՛ս եմ Լոյսն աշխարհի»: Լոյսի եւ խաւարի պայքարը աշխարհի սկիզբէն ի վեր գոյութիւնը ունի եւ պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ մարդիկ կան, որոնք կը նախընտրեն խաւարը լոյսէն: Մեզի կը մնայ ընտրել մին կամ միւսը: Քրիստոս կը հրաւիրէ մեզ, որ ըլլանք լոյսի առաքեալներ, որպէսզի նաեւ մե՛ր միջոցով աշխարհի վրայ տիրէ խաղաղութիւնը, սէրը եւ, ի վերջոյ, ճշմարիտ երջանկութիւնը:
Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք դէպի Անոր, որ «այնքա՛ն սիրեց աշխարհը, որ իր Միածին Որդին տուաւ աշխարհին». մեր աղօթքը` անոնց համար, որոնք ձեռք առած են աշխարհի ղեկն ու անոր ճակատագիրը, յատկապէս` մեր մայր հայրենիքին, մեր սիրելի Լիբանանին ու տառապեալ Սուրիոյ ժողովուրդներուն, որոնք վճռական օրեր կ՛ապրին, մինչեւ որ լման խաղաղութիւն վայելեն, մեր բոլոր հոգեւոր առաջնորդներուն համար, որոնք սիրոյ ճամբան ցոյց կու տան իրենց յանձնուած հոգիներուն, վերջապէս բոլոր բարի կամքով լի մարդերուն եւ կիներուն, որոնք սիրով կ՛արձագանգեն հրեշտակներու երգին. «Փա՛ռք Աստուծոյ երկինքի բարձունքներուն մէջ եւ խաղաղութիւն երկրի վրայ` բոլո՛ր բարի կամքով մարդոց»:
Պէյրութ, 20 դեկտեմբեր 2016
ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց