«Ամէնքս, անխտիր, այլազան կերպերով եւ տարբեր մակարդակներով, պատասխանատու ենք Քրիստոսի Եկեղեցւոյն յարատեւ կաոուցման ու աճումին».Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիո Կաթողիկէ Հայոց
11 օգոստոսի, 2015թ.
«Սիրելի hաւատացեալ եղբայրներ եւ քոյրեր,
Մինչ այս պահուս ուսերուս վրայ կը դրուի ամենածանր լուծը եկեղեցականի մը համար, թող թոյլտրուի ինծի, որ փոխ առնեմ մեր երկնաւոր Մօր գոհաբանական երգը, զոր ան բարձրացուց երբկ’այցելէր իր զարմուհիին, Եղիսաբեթին, որ ի մօտոյ ծնունդ պիտի տար իր Որդւոյն Կարապետին՝Յովհաննէսին. «Իմ անձս կր փառաւորէ Տէրը եւ հոգիս կր ցնծայ Աստուծմով, իմ Փրկիչովս,որովետեւ մեծամեծ բաներ ըրաւ ինծի Հզօրը»:
Այդ մեծամեծ բաներէն մին, իմ պարագայիս, այն ծանրակշիռ պատասխանատուութիւնն է զորեղբայրակիցներս, Հայ կաթողիկէ Սիւնհոդոսի եպիսկոպոսները ուզեցին ինծի վստահիլ,հակառակ յառաջացած տարիքիս եւ նուաղող ֆիզիքական կարողութիւններուս:
Ոչ իմ անձնական ձիրքերուս, ո՛չ գիտութեանս, ո՛չ ալ երկարամեայ հովուական փորձառութեանսվստահելով է որ ընդունեցայ այս ծանր բեռը, այլ մտաբերելով այն աւետարանականճշմարտութիւնը թէ Աստուած յաճախ տկարներն ու տգէտները կ’ընտրէ իր ծրագիրներրիրագործելու համար, ինչպէս կր քարոզէ Պօղոս առաքեալը:
Աստուածային նախախնամութիւնu ստէպ անսպասելի անակնկալներ կ’ընէ, շրջանցելով մարդոցիմաստութիւնն ու դատողութիւնը: Մեզի կը մնայ, Աստուածամօր օրինակով, արտաբերել Եղիցինոր մեզ ալ, իրեն նման, կր դնէ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ, իբր հլու եւ կամաւոր գործիքներ:
Մե՛ծ է, արդարեւ, խորհուրդը այն առաքելութեան զոր, անսալով իր խղճի ձայնին եւ իր լծակիցներուն հրաւէրին, եպիսկոպոս մը յանձն կ’առնէ, դառնալով Հովիւ, Ուսուցիչ եւ Սրբագործող Աստուծոյ ժողովուրդին : Ո՞վ կրնայ յաւակնիլ նմանպարտականութեան մը գլուխ ելլել, եթէ իր ամբողջ ու բացարձակ վստահութիւնը չդնէ աստուածային ողորմութեան վրայ, որ կըլրացնէ մեր պակասը, կ’ուղղէ մեր թերիներր եւ կ՝ամբողջացնէ ինչ որ մենք կիսատ կը թողունք: Այս համոզումով է որ ես ալհամարձակեցայ արտասանել իմ «Այո» ս համակերպելով Աստուծոյ կամքին եւ եղբայրակիցներուս ընտրանքին:
Եկեղեցին, սիրելի հաւատացեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, անհատներու կոյտ մը, հաւաքածոյ մը չէ, այլ կենդանի մարմին մը,բաղկացած ապրող, շնչող ու գործող էակներէ, որոնց իւրաքանչիւրն ունի իր յատուկ տեղը, առանձին դերը, որոնք, շաղկապուելովիրարու, կը կազմեն Եկեղեցւոյ կենդանի ու գործօն կառոյցը: Ինչպէս կ’ըսէ սուրբ Պօղոս, մարմնի անդամները միեւնոյն պաշտօնըչունին, սակայն անոնցմէ ո՛չ մէկը աւելորդ է, որովհետեւ անոնք զիրար կր լրացնեն, տարբեր բայց կենսական ու անփոխարինելիդերերով:
Այս համոզումով սնած, այս տեսլականով ոգեւորուած է որ սրտիս հրաւէրը կ’ուղղեմ Հայ կաթողիկէ համայնքիս բոլոր կենսունակտարրերուն, սկսեալ նուիրապետական դասէն մինչեւ ամենահամեստ դասակարգերը, անցնելով կղերէն եւ հասնելով համայնքիսյանձնառու անդամներուն: Ամէնքս, անխտիր, այլազան կերպերով եւ տարբեր մակարդակներով, պատասխանատու ենք Քրիստոսի Եկեղեցւոյն յարատեւ կաոուցման ու աճումին:
Մեր կաթողիկոսական առաքելութիւնն ստանձնելու այս նուիրական պահուն, ինծի համար ուրախութիւն եւ պարտականութիւն է ողջունել Հայրապետական զոյգ Աթոռները Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, յանձինս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա.Վեհափառ Հայրապետներուն, որոնք, մեր ընտրութեան աոաջին իսկ վայրկեանէն, հաճեցան իրենց եղբայրական ողջոյնով եւաջակցութեան խոստումով սատար հանդիսանալ մեզի: Կ’ուզենք հաւաստիացնել զիրենք թէ մեր փոխադարձ բարի կամքով ու շինիչ տրամադրութեամբ, կը փափաքինք սերտացնել ու ամրացնել գոյութիւն ունեցող համագործակցութեան զօդերը, որ անհրաժեշտ են մեր նուիրապետական Աթոռներուն հոգեւոր ու ազգային աոաքելութիւնը միշտ աւելի արդիւնաբեր դարձնելուհամար:
Նոյն տրամադրութիւնը կր պահենք մեր հայրենի իշխանութիւններուն հանդէպ, որոնք, գլխաւորութեամբ մեր ՀանրապետութեանՎսեմաշուք նախագահին, Տիար Սերժ Սարգսեանին, փութացին իրենց խնդակցութիւնն ու զօրակցութիւնը բացայայտել,զարգացնելու եւ արդիւնաւորելու դիտաւորութեամբ մեր միացեալ ջանքերը ի խնդիր Հայրենիքի բարօրութեան ու բարգաւաճման:Մեր մաղթանքն է որ, անոր հովանաւորութեամբ, մեր Հայրենիքր օր ըստ օրէ աւելի երջանիկ ու բարգազաճ օրեր ճանչնայ:
Վերջապէս, աղօթքս կը բարձրացնեմ առ Ամենակալը, որպէսզի, աստուածային Գթութեան նուիրուած այս Յոբելինական Տարւոյնընթացքին, ան իր գութն ու ողորմութիւնը տարածէ համայն մարդկութեան, յատուկ կերպով Հայ Ազգի զաւակներուն, եւ իմասնաւորի այս տառապեալ քրիստոնեայ ժողովուրդին, Միջին Արեւելքի այս ալեկոծ ափերուն վրայ, որպէսզի խաղաղութիւնն ուբարօրութիւնը մուտք գործեն վերջապէս հոն՝ ուր քրիստոնէութիւնը իր առաջին արմատները դրաւ եւ անկից տարածուեցաւհամայն աշխարհի վրայ»: