«Ան ճիգ թափեց որպէսզի հայ ժողովուրդին՝ իր պատմութեան ընթացքին կրած տառապանքներուն յիշատակումը դառնայ գոհութիւն Աստուծոյ՝նկատելով նահատակներու եւ վկաներու օրինակը, եւ միաժամանակ ստանայ Աստուծոյ մխիթարութեան եւ հաշտութեան բալասանը, որմով միայնկարելի է բուժել հոգիներու եւ ժողովուրդներու ամենախոր վէրքերը»:
Ցավակցագրի հայերեն թարգմանությունն՝ ըստ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցու Պատրիարքական դիվանի արևմտահայերեն թարգմանության
Առ Արհիապատիւ
Հայր Գրիգոր Եպիսկոպոս Կապրոյեան
Կառավարիչ Պատրիարքական Եկեղեցւոյ Տանն Կիլիկիոյ Հայոց
Մեծ կսկիծով իմացայ մեր սիրելի եղբօր ի Քրիստոս, Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Թարմունիի, Կիլիկիոյ Հայոց Պատրիարքին վերադարձը Հօրտունը։ Սրտիս մէջ կը պահեմ յիշատակը՝ Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակութեան եւ սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետհռչակումին առիթով իր հետ հանդիպմանս, ընկերակցութեամբ սոյն Պատրիարքական Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական եպիսկոպոսներուն եւհաւատացեալներուն։ Սուրբ Պետրոս առաքեալի մասունքներուն մօտ ապրուած այդ պահերը կարծես կ’ամբողջացնէին ձեր Գլխաւորին եւ Հօր երկար եւհաւատարիմ ճանապարհը, որ ցոյց կու տայ անոր անձին կարգ մը յատկանշական գիծերը։
Ամէն բանէ առաջ, ան խորապէս արմատացած էր Վէմին վրայ, որ է Քրիստոս։ Ան կը գիտակցէր, որ ամէնէն արժէքաւոր գանձը, որ եպիսկոպոս մը կոչուած է մատակարարելու՝ հաւատքն է, որ կը յառաջանայ առաքելական քարոզութեամբ։ Երանաշնորհ Հոգեւոր Տէրը ոգի ի բռին աշխատեցաւ հաւատքի տարածումին համար, յատկապէս սատարելով կղերի տեւական կազմաւորումին, որպէսզի, նոյնիսկ դժուարին պայմաններու մէջ, Աստուծոյծառաները նորոգեն իրենց հաւատարմութիւնը Քրիստոսին՝ մարդկութեան միակ յոյսը եւ մխիթարութիւնը։
Ան ճիգ թափեց որպէսզի հայ ժողովուրդին՝ իր պատմութեան ընթացքին կրած տառապանքներուն յիշատակումը դառնայ գոհութիւն Աստուծոյ՝նկատելով նահատակներու եւ վկաներու օրինակը, եւ միաժամանակ ստանայ Աստուծոյ մխիթարութեան եւ հաշտութեան բալասանը, որմով միայնկարելի է բուժել հոգիներու եւ ժողովուրդներու ամենախոր վէրքերը։
Եւ վերջապէս, Ներսէս Պատրիարք կրցաւ համայն հայ ժողովուրդին հետ միասին ուրախանալ՝ սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի բարձրացումով ՏիեզերականԵկեղեցւոյ Վարդապետի լուսապայծառ տիտղոսին։ Լուսահոգի Պատրիարքը միշտ մաղթեց որ այս մեծ սուրբին հոգեւոր ազդեցութիւնը օրինակհանդիսանայ հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, վստահ ըլլալով, որ սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին մէջ իւրաքանչիւրը պիտի կարենայ ճանչնալ այնհրաշալիքները, որոնք Տէրը կրնայ իրագործել Իրեն բացուող սրտերուն մէջ, առօրեայ կեանքի պարզութեամբ եւ խոնարհութեամբ, այս կերպովանընդմէջ բարեխօսութեամբ մը դառնալով զօրակից մարդկութեան ողբերգութեան։
Հրաւիրուած ըլլալով ընդունելու Ներսէս Պատրիարքին մեզի թողած այս եռեակ ժառանգութիւնը, կը խնդրենք Սուրբ Հոգիէն, որ շարունակէ նորոգել ՀայԿաթողիկէ Եկեղեցւոյ դիմագիծը, շնորհիւ հովիւներու եւ հաւատացեալներու յանձնառութեան, եւ Ողորմութեան Հօր կը յանձնենք նաեւ դէպիյաւիտենական Հայրենիք ճանապարհորդող ուխտաւորի վիճակի սահմանափակումներուն եւ տկարութիւններուն հետեւանքով յառաջացածյոգնութիւնները։
Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ ընտանիքին եւ բոլոր անոնց, որոնք կը մասնակցին անոր թաղման, սրտանց կու տամ Առաքելական Օրհնութիւնը, հայցելովԱստուածամօր պաշտպանութիւնը եւ Տիրոջ յանձնելով մեր եղբօր Ներսէս Պետրոսի հոգին սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի խօսքերով՝
Աղաչեմք եւ աղերսեմք արտասուալից հառաչմամբ
Յամենայն անձնէ զփառատրեալ արարչութիւնդ
Անեղծ եւ անստեղծ, անժամանակ Հոգւոյդ գթածի,
Որ բարեխօսդ եւ վասն մեր յանմռունչ հեծութիւնս առ ողորմածդ հայր,
Որ զսուրբս պահես եւ զմեղուցեալսն մաքրես եւ տաճարս կազմես
Կենդանի եւ կեցուցիչ կամաց բարձրեալդ Հօր:
Վատիկանէն, 27 յունիս 2015.
Ֆրաչիսկոս