Ոգեկոչման երեկոյ Լիբանանում՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի կապակցութեամբ, նախաձեռնութեամբ՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի
Միջոցառման մասին սոյն տեղեկութիւնը վերցուած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի կայքէջից:
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Կաթողիկէ Պատրիարքներու եւ Եպիսկոպոսաց Խորհուրդին, 9 Մարտ 2015-ին NDU համալսարանի (Զուք Մուսպէհ, Լիբանան) հանդիսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակումի երեկոն, հրաւէրովը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան: Սոյն հանդիսութիւնը կեդրոնականն էր նոյն առիթով Լիբանանի մէջ Հայ կաթողիկէ պատկան մարմիններուն կողմէ ձեռնարկուելիք միջոցառումներու շարքին, նախատեսուած՝ ամբողջ տարուան վրայ:
Լիբանանի եւ Հայաստանի ազգային օրհներգներէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ արաբական աշխարհի հաղորդամիջոցներու հանրածանօթ գործիչ եւ երեկոյի հանդիսավար Ժորժ Քըրտահի: Քըրտահի արաբերէնով մեկնաբանեց Եղեռնի զոհ՝ մեծ բանաստեղծ Սիամանթոյի “Ափ մը մոխիր” քերթուածը եւ ապա անդրադառնալով հայ ժողովուրդի պատմութեան, դատապարտեց անոր դէմ Թուրքիոյ կառավարութեան գործադրած ցեղասպանութիւնը՝ Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն:
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան անունով խօսք առաւ հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Եղիայեան, որ պահանջեց Թուրքիոյ կառավարութենէն ճանչնալ Երիտասարդ Թուրքերու իշխանութեան շրջանին, անոնց ղեկավարներ Թալէաթի եւ Ճեմալի ղեկավարութեամբ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ գացին 1.5 միլիոն անմեղ հայեր: Հայր Եղիայեան պահանջեց թրքական կառավարութենէն հատուցել Հայոց ցեղասպանութեան վնասները՝ նիւթական եւ բարոյական ոլորտներուն մէջ, դիտել տալով, որ հայութեան հազարամեայ աշխատանքին պտուղը հանդիսացող հազարաւոր վանքեր ու եկեղեցիներ, դպրոցներ ու ապարանքներ, մշակոյթի եւ տնտեսութեան կեդրոններ, համայնքային թէ անձնական կալուածներ սանձարձակ բարբարոսութեան եւ ահաբեկումի ժամանակաշրջանի մը մէջ վերածուեցան ախոռներու, զօրանոցներու եւ բանտերու, մինչ նոր Թուրքիան ստեղծուեցաւ աւարի հիմքերուն վրայ: Ան շեշտեց, որ հայոց կողմէ բռնագրաւուած հողերը պիտի վերադարձուին իրենց միակ իրաւատիրոջ՝ հայութեան, որուն համար կորսուած հայրենիքը մինչեւ այսօր իր խորհրդանիշերը ունի ի դիմաց Արարատ լերան եւ Կիլիկիոյ կանաչազարդ դաշտերուն:
Ապա բեմ բարձրացաւ լիբանանցի բանաստեղծ Անթուան Ռաատ, որ իր մատուցած քերթուածին ընդմէջէն դատապարտեց բռնատիրութիւններն ու մարդկութեան դէմ գործադրուած ոճիրները՝ դարերու ընթացքին:
Խօսք առաւ Լիբանանի նախկին վարչապետ զօր. Միշէլ Աուն: Ան դիտել տուաւ, որ հայ ժողովուրդը տառապանքներ կրած է Օսմանեան կայսրութեան ամբողջ շրջանին, ենթակայ դառնալով ատելութեան եւ հալածանքի, որոնք իրենց գագաթնակէտին հասան Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին՝ Երիտասարդ Թուրքերու իշխանութեան շրջանին։ Ան ըսաւ, որ հայութիւնը զոհ գնաց համաթուրանական գաղափարախօսութեան, որ կը միտէր ջնջել Թուրքիոյ մէջ ապրող բոլոր ազգութիւններն ու կրօնները։ Ան ցաւով դիտել տուաւ, որ արեւմտեան պետութիւնները բաւականացան դիտորդի կարգավիճակ ցուցաբերել հայութեան բնաջնջման փաստին առջեւ, անտեսելով նաեւ այն, որ կոտորածներուն զոհ կը դառնար ամբողջ քրիստոնէութիւնը՝ իր զանազան դաւանանքներով։ Զօրավար Աուն ըսաւ, որ անցեալի ոճիրներուն ուրացումը թոյլ տուաւ, որ ոճրամիտ ուժեր գործեն նորանոր ջարդեր, եւ անպատիժ աւերեն ամբողջական քաղաքակրթութիւններ։ Հակառակ ասոր, ըսաւ ան, հայութիւնը եւ ամբողջ քրիստոնէութիւնը կը շարունակէ մնալ կրողը յարութեան գաղափարին, եւ կը մնայ պատրաստակամ շարունակելու իր քաղաքակրթական առաքելութիւնը Արեւելքի մէջ։
Յաջորդ բանախօսը եղաւ Լիբանանի նախկին նախագահ Ամին Ժըմայէլ: Նախագահ Ժըմայէլ ըսաւ, որ միջազգային հանրութիւնը պարտաւոր է ճանչնալ եւ դատապարտել անցեալին գործուած եւ ներկայիս գործուող զանգուածային բնաջնջման բոլոր գործողութիւնները, որոնք կը կատարուին ազգութիւններու եւ կրօնքներու հետեւորդ հաւաքականութիւններու դէմ, որպէս գլխաւոր նախապայման անոնց կանխարգիլման՝ ապագային։ Ան կոչ ուղղեց Թուրքիոյ, անկեղծօրէն զղջում արտայայտել Հայոց եւ քրիստոնեայ այլ հաւաքականութիւններու դէմ գործուած ոճիրներուն համար, դիտել տալով, որ կարելի չէ սպասել ժողովուրդներու միջեւ հաշտութիւն՝ առանց կատարուած ոճիրներու նկատմամբ պատասխանատուութեան։ Ան շեշտեց, որ Թուրքիոյ կողմէ սպասուող ներողութեան յայտարարութիւնը պէտք չէ ըլլայ ձեւական կամ ցուցադրական, այլ արտայայտէ անոր ցանկութիւնը վերահաստատելու խաղաղութիւնը իրար հանդէպ թշնամացած ժողովուրդներու միջեւ։ Ամին Ժըմայէլ բարձրօրէն գնահատեց լիբանանահայութեան ներդրումը Լիբանանի գոյատեւման եւ զարգացման մէջ, շեշտելով, որ երկխօսութեան եւ գործակցութեան հայկական աւանդոյթը հիմքերէն մէկն է Լիբանանի ինքնութեան եւ գոյութեան։
Ապա ներկաներուն իր պատգամը յղեց մարոնիներու պատրիարք Պըշարա Ռաաի: Պատրիարք Ռաաի զօրակցութիւն յայտնեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով յայտարարուած “Կը յիշենք եւ կը պահանջենք” կարգախօսին, դիտել տալով, որ այդ բառերը կ’արտայայտեն քաղաքակիրթ բոլոր մարդոց տրամադրութիւնները եւ ներկայիս Միջին Արեւելքի մէջ ընթացող ողբերգութիւններուն ի տես։ Ան ցաւով դիտել տուաւ, որ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան նկատմամբ ոտնձգութիւնները կարծես կը կրեն ռազմավարական ծրագրի մը բնոյթը, որուն նպատակն է քանդել այս շրջանի երկիրները եւ անոնց քաղաքակրթական իւրայատկութիւնը։ Ան դատապարտեց կրօնքի քօղին տակ ծածկուած բռնութիւնը, որ անընդունելի է որեւէ մարդու կողմէ, որ հաւատքի կը տածէ Աստուծոյ եւ մարդկային արժանապատուութեան նկատմամբ։ Պատրիարք Ռաաի ըսաւ, որ քրիստոնէութիւնը անհրաժեշտութիւն մըն է Արեւելքի համար, եւ անոր դէմ կատարուած ոտնձգութիւնը՝ ոտնձգութիւն է բոլորին նկատմամբ։
Յիշատակումի երեկոն փակուեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի աղօթքով:
Աւարտին, ներկաներուն յանձնուեցան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի կողմէ յատուկ այս առիթով հրատարակուած գիրքէն օրինակներ: “ 100…եւ Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի” վերնագրեալ գիրքը, որ կը բաղկանայ 512 էջերէ, կը պարունակէ սպառիչ տեղեկատուութիւն եւ վերլուծութիւն, ինչպէս նաեւ բազմահարիւր վկայութիւններ Հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան մասին՝ տարբեր ժամանակներէ եւ զանազան ազգութիւններ ու պետութիւններ ներկայացնող անձերու գրիչով:
Պէյրութ 9 Մարտ 2015
Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի