Ամենապատիվ Տեր Ներսես Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքի խոսքը Ցեղասպանության 100-րդ տարելիցի միջոցառումները համակարգող պետական հանձնաժողովի 5-րդ նիստի ժամանակ
«Վսեմափայլ Սերժ Սարգսեան, Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան,
Վսեմափայլ Բագօ Սահակեան, Նախագահ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան
Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց,
Նորին Սրբութիւն Արամ Առաջին, Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ,
Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան, Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի Նախագահ,
Մեծայարգ պետական այրեր,
Յարգարժան ներկայացուցիչներ հայկական կառոյցներու։
Հաւաքուած ենք Հայկական Պետութեան հովանաւորութեան տակ, ազդանշանը տալու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդտարելիցի ձեռնարկներուն, որոնք սահմանուած են վերջին շուրջ մէկուկէս դարու հայոց պատմութեան մէջ անկիւնադարձայինհանգրուան մը դառնալու։
Այն ինչ որ Օսմանեան պետութիւնը ծրագրեց ու գործադրեց 1915-ին Կայսրութեան հայաբնակ Արեւմտեան Հայաստանի ուԿիլիկիոյ մէջ իր հաւատարիմ, պարկեշտ, օրինապահ, ստեղծագործ եւ քրիստոնեայ քաղաքացիներուն դէմ՝ ժամանակիպայմաններուն ու պարագաներուն պարտադրանքով գործուած գազանաբարոյ պատահական արարք մը չէր, այլ՝կանխամտածուած ու նախապատրաստուած ցեղասպանութիւն մը, աւելին՝ բառին ամբողջական առումով ՀԱՅԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆմը, այնպէս ինչպէս այնքան իրաւամբ զայն կ‘որակէ անուանի լիբանանցի իրաւապաշտպան Մէթր Մուսա Փրէնս։ Արդարեւ, ՀայոցՑեղասպանութեան նուիրուած եւ 1975-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 60-րդ տարելիցին առթիւ հրատարակուած իր աւելի քան2000 էջնոց ուսումնասիրութիւնը խորագրելով. «Un Génocide Impuni – l’ARMÉNOCIDE», որ թարգմանի՝ (Անպատիժ մնացածցեղասպանութիւն մը՝ Հայասպանութիւնը): Միջազգային իրաւագէտը միաժամանակ կը զգուշացնէր միջազգային ընտանիքը, որցեղասպանութիւն մը որ անպատիժ կը մնայ՝ քաջալերանք է ուրիշ ցեղասպանութիւններու ծնունդին։ Եթէ ան այսօր ողջ ըլլար, անվստահաբար պիտի աւելցնէր. Հայոց Մեծ Եղեռնի պատմական իրողութեան ուրացումն ու ժխտումը եւ յանցագործութեանհետքեըը ջնջելու ամէն փորձ եւս քաջալերանք է նոր ցեղասպանութիւններու կատարման։
Գազանացած օսմանեան իշխանութիւնները ուզեցին ու փորձեցին ոչ միայն ֆիզիքապէս ջնջել հայութիւնը, այլ անոր գոյութիւնըյիշեցնող ամէն հետք աշխարհի քարտէսէն եւ քաղաքակրթութեան պատմութեան էջերէն։ Այս նպատակով աւերեցին հայուհաւատքի ու մշակոյթի կոթողները, հայածին ու հայադրոշմ ամէն արժէք ու մնացին եւ դեռ կը մնան անպատիժ՝ հակառակպետական ու պաշտօնական արխիւներուն մէջ կուտակուած վկայագրութիւններուն եւ պատմական իրողութեան ճանաչումինբազմաթիւ երկիրներու ու միջազգային կառոյցներու կողմէ։ Այս իրողութիւնը շրջելու եւ պատմական արդարութիւնըվերականգնելու մարտահրաւէրին առջեւ կը գտնուինք այսօր ազգովին՝ մեր Պետութեամբ ու Եկեղեցիով շարունակելով յիշել, ապամիջազգային բեմերուն վրայ մեր Պետութեան թիկունքին կանգնած եւ անոր թիկունքին յենած՝ յիշեցնել ու պահանջել։
Այս իրողութիւնը շրջելու աշխատանքը այսօր չէ որ պիտի սկսի։ Ան սկսաւ բարեխնամ Աստուծոյ խնամատար ձեռամբ ոռոգուածՀայկական անխորտակելի կաղնիի վերընձիւղումով դար մը առաջ։ Արդարեւ, այդ աշխատանքին սկսան ցեղասպանութենէնճողոպրած՝ բռնագաղթուած, տարագիր հայութեան աշխարհասփիւռ հալումաշ բեկորները, որոնց շառաւիղներն ենք մենք, այսօրբարձրաճակատ ու հպարտօրէն համախմբուած հայկական պետութեան հովանաւորութեան ներքեւ։ Մեզ այսօրուան հասցնողճանապարհը հարթ ու կանաչապատ չեղաւ։ Զայն բացին ու լուսաւորեցին դար մը ամբողջ, ամէն տարի, մեր մէկուկէս միլիոննահատակներու յիշատակով ներշնչուող եւ անոնց Կտակով առաջնորդուող սերունդները, համախմբուելով մեր ազգային,եկեղեցական, քաղաքական, մշակոյթային կառոյցներուն շուրջ։ Նահատակաց յիշատակը ոգեկոչող սգոյ մոմերը 50 տարիներառաջ վարեցին պահանջատիրական պայքարի ջահը, զոր երկու տասնամեակներ առաջ աւելի բարձրացնելու ու բոցավառելուեկաւ հայկական անկախ պետականութիւնը։
Դար մը առաջ սկսած յիշելու, յիշեցնելու ու պահանջելու համազգային աշխատանքին նոր ծաւալ, սլացք ու որակ տալու կոչուածենք այսօր՝ աւելի միակամ, համախմբուած ու միասնական շարքերով։
Անցեալ Սեպտեմբերին կայացած Հայաստան–Սփիւռք 5-րդ համաժողովին կողմէ որդեգրուած Յայտարարութիւնը կ‘աւարտէրհետեւեալ կարգախօսով.- ՄԵՆՔ ՈՒԺԵՂ ԵՆՔ ՄԻԱՍԻՆ։
Այո՛ Միասի՛ն՝ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք։ Այս հաստատումը իր արտայայտութիւնը պէտք է գտնէ Հայոց Ցեղասպանութեան100-րդ տարելիցին նուիրուած իւրաքանչիւր ձեռնարկի մէջ, անով պէտք է առաջնորդուի իւրաքանչի՛ւր հայ՝ աշխարհի որ անկիւննալ գտնուի եւ մանաւանդ նո՛ր սերունդը, անով պէտք է մուտք գործենք իրաւական դաշտ, որպէսզի 100-րդ տարելիցը իրապէսանկիւնադարձային ըլլայ։ Աստուծոյ կամքով եւ ամէն: