«106 տարիներ առաջ տեղի ունեցած ողբերգութիւնը մեծ բիծ մըն է համայն մարդկութեան պատմութեան մէջ». Կարդինալ Սանտրի
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Շաբաթ 24 ապրիլ 2021-ի առաւօտեան ժամը 11.00 Հռոմի Լեւոնեան Ք . Վարժարանի ներքնափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած ոգեկոչման Սուրբ Պատարագ զոր նախագահեց Արհ Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանը Հայաստանի, Վրաստանի Ռուսիոյ Ուքրանիայի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէներու առաջնորդ` առընթերակայութեան Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանի մեծաւոր Գերյ. Հայր Նարեկ Վարդապետ Նաամոյեանին։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան բացի Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչ՝ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիին, որ արարողութեան ընթացքին ներկայացուց յաւուր պատշաճի քարոզը, Գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինոն Սուրբ Աթոռի Առաքելական ստացուածքի մատակարարութեան նախագահը, Խաժակ Արք Պարսամեան՝ Հռոմի մէջ Հայ առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ. Սուրբ Աթոռի եւ Իտալիոյ հանրապետութեան մօտ ՀՀ դեսպաններ Տիար Կարեն Նազարեան եւ Տիկ Ծովինար Համբարձումեան, ու Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդէն՝ Հայր Հիասինթէ Տեսթեվիլը։
Սրբազան Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ յատուկ աղօթք նուիրուած Հայոց Մեծ Եղեռնի նահատակներուն։
Սուրբ Զոհին ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի հաստատեց թէ «Հայերը՝ որոնք զոհ եղան ծրագրաւորուած տառապանքի, երբեք չի կորսնցուցին իրենց հաւատքին գանձը»։
Հայոց ողբերգութիւնը մարդկային պատմութեան մէջ կեղտ
«106 տարիներ առաջ տեղի ունեցած ողբերգութիւնը մեծ բիծ մըն է համայն մարդկութեան պատմութեան մէջ» ըսաւ Կարդինալ Սանտրի վերակոչելով առաջին քրիստոնեայ ազգին ապրած ցաւն ու տառապանքը, որ գիտցաւ «միշտ վերականգնել» ըսաւ Ծիրանաւորը, Հայ ազգը որակելով «աշխատասէր և խելացի, արւեստի և մշակոյթի ստեղծող», «Սուրբերու Ժողովուրդ» ինչպիսին է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ 2015-ին Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակուած՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին, որը «լուսաւորեց մարդկութիւնը. Հայաստանի տարածքի սահմաններէն ալ շատ անդին»։
Եղբայրութեան կարեւորութիւնը
Կարդինալ Սանտրին ակնարկեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ 2015-ի ապրիլի 12-ին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին արտայայտած խօսքերուն ու չարին դիմաց ապրուած անտարբերութեան ու ասկէ մեկնելով շեշտը դրաւ Եղբայրութեան կարեւորութեան վրայ, այն եղբայրութիւնը որուն շնորհիւ հայ ազգը կարողացաւ «վերադառնալ կեանքին»։
Հայերը հաւատարիմ մնացին իրենց հաւատքին
«106 տարիներ առաջ պատահած ողբերգութիւնը բիծ մըն է համայն մարդկութեան պատմութեան համար եւ ոչ միայն անոնց՝ որոնք բացասական դերակատարութիւն ունեցան այդ օրերուն, կամ անոնք՝ որոնք անտարբերութեան ու կամ մեղսակցութեան համար լռեցին» ըսաւ Կարդինալ Սանտրի ու հաստատեց թէ «Անոնք որոնք թիրախ դարձան բռնութիւններուն, իրենց ժառանգորդներուն միջոցաւ չի կորսնցուցին իրենց հաւատքին գանձը եւ այսօր եւս անոնք այստեղ են՝ ապրելու ու հռչակելու համար զայն»։
Ու՞ր էր Աստուած
Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը մատնանշեց թէ նման Հրեայ Ժողովուրդին, որ հայոց ցեղասպանութենէն տասնեակ տարիներ ետք Շոայի պատճառաւ հարց տուաւ «Ու՞ր էր Աստուած ոչնչացման ճամբարներուն մէջ», մենք եւս կարող ենք նոյնը հայցել, հայ ժողովուրդին դէմ ծրագրուած տառապանքին դիմաց։
«Սակայն նախ քան այս հարցումը, այլ ուրիշ հարց մը տանք, աւելցուց Ծիրանաւորը, «Ու՞ր է մարդը»։
Ու՞ր է մարդը
«Ու՞ր ես մարդ, ու՞ր է քու սիրտդ, որ ստեղծուած է բարիին համար սակայն այնքան ալ կարող է իր մէջ ներփակել ատելութեան զգացումները մինչեւ այն աստիճան, որ ուզենայ ոչնչացնել իր եղբայրները» հարց տուաւ Կարդինալ Սանտրի ապա ակնարկեց մեծ Եղեռն եզրին յայտնելով թէ «Ան մեզ կը ստիպէ ամէն օր հաշուի նստիլ մարդկային պատմութեան մէջ չարին ներկայութեան մասին հարցումին հետ ու մասնաւորապէս մեր անձնական պատմութեան հետ, երբ կը յանձնուինք փորձութեան փոխզիջումներուն, երբ կը դադրինք ունկնդրելէ Աստուծոյ Խօսքը, երբ անտարբեր ենք մեր եղբայրներուն հանդէպ կամ աւելի գէշ կը փորձենք անոնց վնաս հասցնել ՝ փոխանակ օրհնութիւններն ու բարիքը բազմապատկելու անոնց նկատմամբ»։
Նահատակները Յիսուսի բարեկամներ
Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը շեշտելով եղբայրութեան կարեւորութիւնը քարոզի աւարտին նշեց՝ թէ Աւետարանը մեզի մխիթարութիւն կը պարգեւէ մտածելով՝ թէ հայ ժողովուրդին զաւակները, որոնք թիրախ եղան ոչնչացումի փորձին 106 տարիներ առաջ «Աստուծոյ բարեկամներ են», ինչպէս ըսած էր Յիսուս «Ոչ ոք աւելի մեծ սէր ունի անկէ, որ իր կեանքը կու տայ իր բարեկամներուն համար»։
Ցորենի հատիկը որ պտուղ կու տայ
Մեր այս եղբայրներուն եւ քոյրերուն կեանքը եղաւ նման Յիսուսին կեանքին, ցորենի հատիկ, որ հողին մէջ կ՛իյնայ ու կը մեռնի բայց կեանք կու տայ համայն աշխարհին զայն փրկելով։
«Անոնց սերմը տակաւին ներկայ է, մենք ենք, որ աշխարհին մէջ այսօրը կ՛ապրինք հաւատքով» ըսաւ կարդինալ Սանտրի ու հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամին ու Հայոց բիւրաւոր նահատակներուն բարեխօսութիւնը, որպէսզի «մեր պտուղէն եւս գետին իյնան կեանքի եւ յարութեան սերմեր մեր ապրած պատմութեան մէջ»։