«Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու աճումով, մենք եւս մեր մէջ կը զօրացնենք հոգիներու փրկութեան առաքելութիւնը»
Հովանաւորութեամբ եւ Օրհնութեամբ՝ Նորին Սրբութիւն Ֆրաչիսկոս Քահանայապետի, արեւելեան Ուղղափառ եւ Առաքելական եկեղեցիներու երիտասարդ հոգեւորականներ Վատիկան հրաւիրուեցան, որպէսզի աւելի մօտէն եւ ամբողջական կերպով ծանօթանան Կաթողիկէ եկեղեցւոյ գործունէութիւնը։
Երեքշաբթի, 18 Փետրուար 2020-ի, կեսօրուայ ժամը 12:30-ին, գլխաւորութեամբ՝ Վատիկանի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու խորհուրդի նախագահ՝ Վսեմ. Կարտինալ Քըրդ Քոխի, անոնք այցելեցին Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան, ուր նաեւ եղբայրական ագապ մը տեղի ունեցաւ, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի հրաւէրով: Որուն նաեւ ներկայ էին՝ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար՝ Արհի. Փօլ եպս. Կալակեր, Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ Արհի. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան, Բերիոյ եւ Բարձր Ճազիրէի Թեմերու առաջնորդ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Ֆրանսայի թեմի վաստակաւոր առաջնորդ՝ Արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, վարժարնիս Մեծաւոր՝ Գերյ. Նարեկ ծ.վ. Նաամոյեան, գերյարգելի եւ գերապատիւ հայրեր ու վարժարանի ժառանգաւորները։ Նշենք որ, վերոյիշեալ հոգեւորականներուն միջեւ նաեւ ներկայ էին՝ Էջմիածնական եւ Անթիլիասական կղերականներ:
Հանդիպումը ընթացք առաւ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, ուր վարժարանիս ժառանգաւորները ընդգծեցին եկեղեցւոյ հինգդարեայ պատմական արժէքն ու այնտեղ գտնուող երկու հայ կարդինալներու շիրիմները եւ Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ երկու նահատակ երանելիներու սրբապատկերները։
Ապա ուղղուեցան դէպի Լեւոնեան Վարժարան, ուր Ճաշու Երրորդ ժամերգութիւնը աղօթեցին Տիրամայր Նարեկի նուիրուած մատրան մէջ։
Աղօթքէն ետք, ճոխ սեղանի շուրջ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ֆրանսերէն լեզուով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք, շնորհաւորեց Հայ եկեղեցւոյ Ղեւոնդեանց Սուրբերու օրուայ Տօնը եւ յայտնեց անոնց տիպար եւ աննկուն վարքը։ Ան ըսաւ. «Բոլորս լաւ կ’ընկալենք եկեղեցւոյ դէմ հալածանքները, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ: Ուստի Ս. Առաքեալներու օրինակով, միասնաբար քաջութեամբ ու աղօթքով միայն կարող ենք զանոնք յաղթահարել։»
Փոխադարձաբար, Վսեմաշուք Կարտինալը շնորհակալութիւն յայտնեց Հոգեւոր Տիրոջ եւ վարժարանիս Մեծաւոր Հօր իրենք ընդունելութեան եւ ջերմ հիւրասիրութեան համար, ապա մէջբերեց Սրբազան Քահանյապետի խօսքը. «Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու աճումով, մենք եւս մեր մէջ կը զօրացնենք հոգիներու փրկութեան առաքելութիւնը»:
Հայկ Շահինյան
Հռոմի Քահանայապետական Լևոնյան հայ վարժարանի սան