Սուրբ Միքայել, Գաբրիել և Ռաֆայել հրեշտակապետեր, պահապան եղե՛ք մեր ճեմարանին
Հայ ազգի պատմութեան մէջ առանձնայատուկ կը նշուին Դպրեվանքները՝ այն դարբոցները, ուր կը պատրաստուին ապագայի իրենց կոչման յանձնառու հոգեւորականները, որոնք կը նպատակադրեն հասարակութեան հոգեւոր կեանքի բարձրացման գործը, ինչպէս նաեւ իրենց պապերէն ժառանգած հոգեմտաւոր հարստութիւնները կը փոխանցեն նոր սերունդներուն: Հակառակ դարու պարտադրած մարտահրաւէրներուն, Ընդհանրական Եկեղեցւոյ դիմագրաւած կոչումներու տագնապալից իրավիճակին, Զմմառու Միաբանութիւնը կը շարունակէ յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերել անոր գոյատեւումի գործընթացին: Այս սկզբունքներէն մեկնած 2018-ի սեպտեմբերին Երեւանի մէջ կեանքի կոչուեցաւ Սրբոց Հրեշտակապետաց Միացեալ Հոգեւոր Ճեմարանը: Անիկա արգասիքն է Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդութեան եւ Զմմառու Վանքի վարչութեան միջեւ հանդիսացած համաձայնագրին: Հոգեւոր Ճեմարանի բացման առաջին տարեդարձը նշուեցաւ 9 նոյեմբեր 2019-ին, Միքայէլ, Գաբրիէլ եւ Ռաֆայէլ հրեշտակապետներուն տօնին առիթով, որոնց պաշտպանութեան յանձնուած է Դպրեվանքը՝ իր բովանդակ իմաստով:
Այս առթիւ սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատոյց Հռոմէն պետական այցով Երեւան ժամանած Սուրբ Աթոռի պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար՝ Արհի. Փօլ Արք. Կալլակէր, Պապական Նուիրակ՝ Արհի. Խօսէ Եպս. Պէթթէնգուրթ եւ անոնց պատուիրակները, Թեմի առաջնորդ՝ Արհի. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան, հոգեւոր հայրեր, Մխիթարեան ճեմարանի սաները եւ համանուն կրթօճախի նորընծաներն ու անոր նեցուկ հանդիսացող բարեկամներ:
Պատարագէն ետք բոլորը մասնակցեցան եղբայրական ագապին, առաջնորդարանի սեղանատան մէջ: Թեմի առաջնորդ՝ Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան, իր ողջոյնի խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթելէ ետք կարեւորեց Սուրբ Աթոռի եւ Հայաստանի իշխանութեան միջեւ ստեղծուած սերտ յարաբերութիւններու անխախտ շարունակութիւնը: Ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց Սրբոց Հրեշտակապետաց Միացեալ Հոգեւոր Ճեմարանի տեսուչ՝ Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանը, որ Հրեշտակապետաց տօնին առիթով բոլոր ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք յատուկ շնորհաւորական եւ դրուատական խօսքեր ուղղեց առաջնորդ հօր՝ որ Դպրեվանքի իւրաքանչիւր սանի եւ տեսչութեան ողջ անձնակազմին հանդէպ կը մնայ հոգատար հոգեւոր հայր եւ առաջնորդ: Տեսուչ հայր սուրբը համառօտ անդրադարձաւ տարածաշրջանին մէջ Դպրեվանքին կարեւոր դերակատարութեան մասին՝ «այնտեղ կերտել ապագայի մարդն ու հոգեւորականը»: Ապա, առաջի տարեդարձի առթիւ ներկայացնելէ ետք հոգեւոր ճեմարանի պաշտօնական կերպը՝ logo-ն, քանդակուած առաջին օրինակները յանձնեց բարձրաստիճան հոգեւորականներուն: Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ժողովի քարտուղար՝ Փօլ Արք. Կալլակէր շնորհակալութիւն յայտնեց այս օրուան գեղեցիկ առիթին համար, շնորհաւորեց Սրբազան առաջնորդ հօր՝ անուանակոչութեան առթիւ եւ իր հայրական խօսքը ուղղեց ճեմարանի սաներուն: Աւարտին, օրուայ տօնին առիթով պատրաստուած կարկանդակի հատումէն ու հայկական աւանդական երգերու մեկնաբանութենէն ետք, Տէրունական աղօթքով վերջ գտաւ տօնակատարութիւնը:
Յիշենք նաեւ, թէ 10 Նոյեմբեր 2019-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ Ս. և Անմահ Պատարագ մատոյց Արհի. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան, մասնակցութեամբ արքեպիսկոպոս Փօլ Կալլակէրին եւ անոր ընկերացող պատուիրակութեան: Ներկայ հաւատացեալներուն իր խօսքը ուղղեց գերպծ. Կալլակէր անդրադարձաւ եւ յիշեցուց թէ գլխաւոր պատգամը «յիշել վստահութեամբ, որ մեր Աստուածը միայն Արարիչ չէ… այլ՝ Ճշմարիտ Աստուած է եւ հայր է… Ան միշտ կենդանի Աստուած է եւ մեր կողքին կանգնած է»: Ան իր խօսքը եզրափակեց հայ ժողովուրդին փոխանցելով Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոսի հայրական ողջոյնները:
Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեան