• ՀՀ վարչապետի պաշտոնակատար Նիկոլ Փաշինյանը այցելեց Զմմառի հայ կաթողիկէ վանք

    Նիկոլ Փաշինյանը շեշտել է Հայաստանի կառավարության և Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքության համատեղ աշխատանքի կարևորությունը


    Կիրակի, 21 հոկտեմբեր 2018-ի յետմիջօրէի ժամը 2․30-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան եւ տիկինը՝ Աննա Յակոբեան, ընկերակցութեամբ բազմանդամ պատուիրակութեան մը, որուն մաս կը կազմէր արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեան, այցելեցին Զմմառու վանք, ուր դիմաւորուեցան վանքի մեծաւոր եւ Զմմառու  Միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ Գերապայծառ Գաբրիէլ թ․ ծ․ վ․ Մուրատեանի, Պէյրութի թեմի պատրիարքական փոխանորդ Արհի․ Գէորգ Եպիսկ․ Ասատուրեանի, Արհիապատիւ Գէորգ Արքեպիսկ․ Խազումեանի, Արհի․ Մանուէլ Եպս․ Պաթագեանի, միաբան հայրերու,  նորընծաներուն, ինչպէս նաեւ պետական երեսփոխան Ժան Թալուզեանի, Զմմառու քաղաքապետի, հայ կաթողիկէ կառոյցներու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու կողմէ։

     

    Հրաշագործ Տիրամօր մատուռին մէջ, կարճատեւ ամփոփումի պահէ մը ետք, որուն ընթացքին նորընծաները հնչեցուցին միաբանութեան օրհներգն ու շարականներ, վանքի դահլիճին մէջ խօսք առնելով, վանքին Մեծաւոր Հայրը ողջունելէ ետք մեծարգոյ հիւրը եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութեան անդամները, հակիրճ  անդրադարձ  մը կատարեց շուրջ 300 ամեայ վանքի պատմութեանիբրեւ ոչ միայն հոգեւորականներու դարբնոց, այլ հոգեւոր արժէքներու, հայկական մշակոյթի, հայագիտութեան, դպրութեան օճախ, վստահեցնելով որ Զմմառու միաբանութիւնը միշտ նախանձախնդիր եղած է Մայր Հայրենիքի՝ Հայաստանի զարգացման ու բարգաւաճութեան, հայրենաբնակ ժողովուրդի բարօրութեան եւ հայկական պետութեան հզօրացման։

     

    «270 տարիներու ընթացքին, ըսաւ Գերապայծառ Մուրատեան, Միաբանութեանս գլխաւոր առաքելութիւնը եղած է հայ հոգեւորականներու պատրաստութիւնն ու աշխարհով մէկ ցրուած հայկական թեմերը որակեալ կղերականներով ապահովելը: Ասոր կողքին, Միաբանութիւնս լուրջ աշխատանքներ կատարած է հայապահպանմանն ու հայագիտութեան զարգացման ուղղութեամբ»:
    Ան աւելցուց թէ. « Մեծ Եղեռնի դաժան օրերուն Միաբանութեանս Կղերը՝ իր ժողովուրդի կողքն էր. Մարտինի Թեմի Առաջնորդ՝ Երանելի Իգնատիոս Արք. Մալոյեանը իր հաւատակից միաբաններով ինկան վասն հայրենեաց եւ հաւատքի: Ցեղասպանութենէն հազիւ Ճողոպրած եւ Լիբանան ապաստանած հայութեան բեկորներուն առաջին օգնութեան ձեռք մեկնողը Զմմառու Միաբանութիւնը հանդիսացաւ: Պէյրութի շրջակայքը տեղափոխուած գաղթական հայերուն ապաստան տալու միտումով, Զմմառու Միաբան հայրերէն Գերյ. Պօղոս Արիս Պէյրութէն դուրս հիմնեց Պուրճ-Համուտ հայկական աւանը, որ յետագային դարձաւ Պէյրութի անբաժան մասը եւ դարձաւ անոր առաջին քաղաքապետը, իր աւանդը բերելով ոչ միայն հայերու պատսպարման, այլեւ Լիբանանի քաղաքաշինութեան կարեւոր գործին»:
    Անդրադառնալով Միաբանութեան մշակութային ներդրումի մասին, Գերպծ. Գաբրիէլ Մուրատեան ի մէջ այլոց  ըսաւ. «Միաբանութիւնս աշխարհի չորս ծագերէն հաւաքագրած եւ անդառնալի կորուստէ փրկած է բազմաթիւ հայկական հին ձեռագիր մատեաններ, արխիւային բնոյթի կարեւոր փաստաթուղթեր, յիրաւի դառնալով աշխարհի հայագիտական 5-րդ կեդրոնը»:
    Ապա հայրենիքի հետ մշակուած ծրագրերու շուրջ անդրադառնալով Գերապայծառ Մուրատեան խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Մեր ցանկութիւնն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան միջեւ փոխյարաբերութիւնները հասնին բաղձալի մակարդակի…որպէսզի մեր ազգը յաւէտ խոյանայ դէպի յաւերժութիւն, դէպի մեր ցայսօր անկատար իղձերու եւ երազներու իրագործում՝ ի փառս Հայ Եկեղեցւոյ եւ Ազգին»:

     

    Գերապայծառ Մուրատեան՝ ապա Միաբանութեան անունով ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարին նուիրեց Զմմառու Տիրամօր գեղակերտ լուսանկարը։

     

    Իր կարգին խօսք առնելով, Նիկոլ Փաշինեան արտայայտեց իր ուրախութիւնը եւ շնորհակալութիւնը ջերմ ընդունելութեան եւ այսպիսի հնադարեան հայկական հոգեւոր կեդրոնի մը մէջ գտնուելուն համար։ Ան շեշտեց Հայաստանի եւ վանքին ու միաբանութեան միջեւ կապերը սերտացնելու եւ համագործակցութիւնը զարգացնելու կարեւորութիւնը։

     

    Այնուհետեւ, ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը եւ հայկական պատուիրակութեան անդամները առաջնորդութեամբ Մեծաւոր Հօր շրջայց կատարեցին վանքին զանազան բաժինները՝ սկսելով մայր տաճարէն, ապա թանգարանը, մատենադարանը, գինեմարանը։

     

    Աւելի քան ժամ մը տեւած այս պատմական այցելութիւնը վերջ գտաւ ներկաներուն բարեմաղթանքներով եւ յիշատակի լուսանկարներով։

Օրացույց

Օրացույց