• Տպաւորութիւններ՝ ապրիլի 12-ի պատմական իրադարձութեան.Սարգիս Նաճարեան

    Տպաւորութիւններ՝ ապրիլի 12-ի պատմական իրադարձութեան.Սարգիս Նաճարեան


    ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-րդ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ  ԱՐՏԱՍԱՆԱԾ ԽՕՍՔԻՆ ՄԷՋ ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՉԱՐԻՔԻՆ ԴԻՄԱՑ ԼՌՈՒԹԻՒՆԸՄԵՂՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՆԿԱՏԵՑ

     

     

     

    2013-ի Մարտին 13-ին՝ Կարդինալ Խորխէ Պերկոլիոյի Պապ ընտրութենէն շաբաթ մը ետք, իբրեւ Սուրբ Պետրոսի 266-րդ յաջորդը՝ Վատիկանիհրապարակին վրայ  Անոր մատուցած առաջին պատարագէն օր մը ետք, «Սուրբ Պետրոսի Գահը չի կրնար փոխել Յիսուսեան Միաբանի զգացումները»խորագրին ներքեւ՝  կը գրէինք.

     «…Հռոմի Պապին նման աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ հեղինակութիւններէն մէկուն  Ճշմարտախօսութեան եւ Արդարամտութեան  մասին տրուածվկայութիւնները բնականաբար չեն կրնար չանհանգստացնել Թուրքիան…  որովհետեւ Ճշմարտութեան եւ Արդարութեան հետամուտ մարդը, առաւել եւսյիսուսեան քահանան, չի՛ կրնար հայասէր չըլլալ։

    «…Այն ինչ որ ըսուեցաւ ու գրուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հայասիրութեան մասին՝ թերեւս անակնկալ մը եղաւ ոմանց համար կամ անտարբերութեամբ դիմաւորուեցաւ ուրիշներու կողմէ, սակայն չզարմացուց  Յիսուսեան միաբաններուն կողմէ տարագիր հայ ժողովուրդին մատուցուած ծառայութիւններուն գիտակ մարդիկը,  որովհետեւ Ֆրանչիսկոս Ա. Պապը իբրեւ հոգեւորական կազմաւորուած է ՅիսուսեանՄիաբանութեան յարկին տակ։ Միաբանութիւն մը, որուն անդամներէն շատերը քաջ ծանօթ են  հայոց պատմութեան, մշակոյթին, ծէսին եւ Կիլիկեանոստաններէն մինչեւ  Սուրիոյ անապատները եւ Միջերկրականի ափերը երկարող Խաչի ճանապարհին։ Այս մօտիկութիւնը չէր կրնար  հայասէր չդարձնելյիսուսեանները, որովհետեւ հայասէր ըլլալ կը նշանակէ գնահատել մարդկային, հոգեւոր, մշակութային ու բարոյական արժէքները, հայապաշտպան ըլլալկը նշանակէ հետամուտ ըլլալ Ճշմարտութեան եւ Արդարութեան։ Իսկ յիսուսեանները ծանօթ են որպէս Ճշմարտութեան, Արդարութեան եւԽաղաղութեան առաքեալներ։

    «…Կարդինալ Խորխէ Պերկոլիոյ արժանթինցի է, Հայոց Ցեղասպանութիւնը առաջինը ճանչցած երկիրներէն մէկուն քաղաքացին։ … Ծանօթ է ՀայոցՑեղասպանութեան 91-րդ տարելիցին առիթով անոր կատարած կոչը Թուրքիոյ՝ ճանչնալու օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ ոչ միայն հայ ժողովուրդին, այլհամայն մարդկութեան դէմ գործուած ծանրագոյն ոճրագործութիւնը։ Կարդինալ Պերկոլիոյ տարբեր առիթներով ալ իր արդարամտութեան ապացոյցըտուած է դատապարտելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ իր համակրանքը յայտնելով հայ ժողովուրդին։

    «… Վստահ ենք որ սուրբ Պետրոսի Գահը չէ որ պիտի փոխէ յիսուսեան առաքեալին համոզումները եւ զգացումները,  որքան ալ անոր զբաղեցուցածպաշտօնը Իրեն յաճախ թելադրեն  զգուշաւորութիւն իր ելոյթներուն մէջ…»։

    Յայտնապէս չէինք սխալած մեր համոզումին մէջ վերոյիշեալ տողերը յանձնելով թուղթին ի պատասխան անոնց որոնք  կը տարակուսէին կարդինալՊերկոլիոյի կեցուածքի հետեւողականութեան մասին, ակնարկելով Օպամաներու նմաններուն…։

     

    ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆՇԱՆԱԲԱՆՆԵՐԸ՝ ՍՈՒՐԲ ՊԵՏՐՈՍԻ  ԽՈՐԱՆԷՆ

     

     

    Հայոց Ցեղասպանութեան 100¬րդ տարելիցին առիթով հայկական բոլոր բեմերէն եւ բոլոր մակարդակներու վրայ բազմիցս  հնչած  նշանաբաններունմիջազգային հնչեղութիւն եւ արձագանգ տալու, համայն աշխարհին ուշադրութիւնը Հայութեան, Հայաստանին, Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայկականպահանջատիրութեան  վրայ հրաւիրելու  առիթ մը հանդիսացաւ մեծաշուք սուրբ Պատարագը զոր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100¬րդ տարեցին առիթով  մատուցանեց Ապրիլի 12¬ին Վատիկանի Սուրբ  Պետրոսի պազիլիքային մէջ։

    Արդարեւ, լատինածէս էր պատարագը, սակայն նշանակալից էին կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին ՍրբազանՔահանայապետի կողքին ներկայութիւնը  Խորանին վրայ՝ իբրեւ համապատարագող, պատարագին սպասաւորումը Հռոմի Լեւոնեանքահանայապետական վարժարանի նորընծաներուն  կողմէ, Սուրբ Աւետարանին ընթերցումը Մխիթարեան Միաբանութեան Վենետիկի վանքինորընծայի մը կողմէ, Սուրբ Կուսի Աւետման Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ վարդապետին աջակցութիւնը գլխաւոր արարողապետին,  Երանելի Մալոյեանիմեծադիր իւղաներկ դիմանկարին մատուցումը Պապին,  հայկական հիասքանչ շարականներուն կատարումը Հայ կաթողիկէ ՊատրիարքութեանԿՌՈՒՆԿ եւ Կիւմրիի Հայ կաթողիկէ ՏԻՐԱՄԱՅՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ զոյգ երգչախումբերուն կողմէ, սուրբ Պատարագի սպասներուն պատարագիչՔահանայապետին մատուցումը  հայկական տարազ հագած մանուկներու կողմէ, հայկական տուտուկին քաղձրահունչ  ձայնը։ Նշանակալից էինմանաւանդ  յընթացս սուրբ Պատարագին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ.  եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսներուն ողջագուրումը ՏիեզերականԵկեղեցւոյ պետին հետ, ինչպէս նաեւ Սուրբ Պետրոսի տաճարի ճակատին պարզուած Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին մեծադիր սրբանկարին հովանիիններքեւ՝  Հայաստանէն եւ աշխարհի բոլոր կողմերէն ժամանած բազմահազար հայ ուխտաւորներու համախմբումը  Հայաստանի Հանրապետութեաննախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ։ Սուրբ Պետրոսի տաճարի կամարներուն ներքեւ պարզուող այս երեւոյթներուն նպատակն էրիրադարձութեան հետեւող միջազգային հասարակութեան զգացնել արարողութեան հայաբոյր մթնոլորտը եւ էքիւմէնիք երանգը, նաե՛ւ հայոցմիաբանութիւնը։ Արդարեւ, անոնք  միաժամանակ հանդիսացան շօշափելի արտայայտութիւնը մենք ուժեղ ենք միասին նշանաբանին։

    Այդ օր, 12 Ապրիլին, քրիստոնեայ աշխարհին սիրտը բաբախեց հայ ժողովուրդի ապրումներուն կշռոյթով ՝ շնորհիւ Հայոց Մեծ Եղեռնի նահատակներըոգեկոչելու, Սուրբ Գրիգոր Նարեկային Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակելու եւ հայկական պահանջատիրութեան ձայնը աշխարհին լսելուդարձնելու Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի որոշումին։ Այս նպատակով Պապը Սուրբ Պետրոսի Տաճարին խորանը տրամադրեց  նաեւ Հայ ԱռաքելականԵկեղեցւոյ   Կաթողիկոսներուն։

    Այն ինչ որ տեղի ունեցաւ 12 Ապրիլին Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Տաճարի կամարներուն ներքեւ, այն խօսքերը որոնք արտասանուեցան այդ օրմիջազգային լուսարձակները եւ լսափողերը իր վրայ ամէնէն աւելի կեդրոնացուցած  սուրբ բեմէն՝ եկան  հաստատելու որ Հայոց Ցեղասպանութեան100¬րդ տարելիցը աւարտ մը չէ, այլ մեկնարկ մը՝ որուն զարգացումները օր ըստ օրէ աւելի պիտի բացայայտեն Ճշմարտութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեանմասին եւ պիտի հարթեն Արդարութեան յաղթանակին ճանապարհը։

    Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 12 Ապրիլին ազդանշանը տուաւ Հայոց պահանջատիրութեան նո՛ր մեկնարկին, առանց վերապահութեան եւաւելի շեշտակիօրէն աշխարհին յիշեցնելով որ Հայոց Մեծ Եղեռնը՝ ուրիշ բան չէր եթէ ոչ   «20¬րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը», այնպէս ինչպէսզայն որակած էր իր նախորդը՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Քահանայապետը՝ Սուրբ Էջմիածնի մէջ 27 Սեպտեմբեր 2001¬ին երջանկայիշատակ Գարեգին Ա.Կաթողիկոսին հետ ստորագրած փաստաթուղթին մէջ, եւ այնպէս ինչպէս ինք՝ նախքան Պապ ընտրութիւնը երբ Արժանթինի պապական նուիրակն էր,բազմաթիւ առիթներով  ըսած էր։

     

    ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻՆ ԱՇԽԱՐՀԱՑՈՒՆՑ ԽՕՍՔԸ

     

     

    Իր աշխարհացունց խօսքին մէջ հաստատելով Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական  իրողութիւնը, Ֆրանչիսկոս յարեց.¬ «Այսօր ալ ականատես ենքտեսակ մը ցեղասպանութեան, որ հետեւանքն է  ընդհանուր կամ հաւաքական անտարբերութեան, Կայէնի մեղսակից լռութեամբ…։ Կարծեսմարդկութիւնը հրաժարած է դաս քաղելէ իր սխալներէն, որոնք հետեւանքն են ահաբեկչութեան օրէնքի։ Այնպէս որ այսօր ալ կան մարդիկ որոնք կըփորձեն բնաջնջել ուրիշները սակաւաթիւ այլոց օգնութեամբ եւ մեղսակից լռութեամբ ուրիշներու, որոնք կանգնած կը նային։

    «Սիրելի հայ քրիստոնեաներ, այսօր ցաւով լեցուն սրտերով, բայց միաժամանակ  մեծ յոյսով ի յարուցեալ Քրիստոս, կը յիշենք  այդ ողբերգականիրադարձութեան հարիւրամեակը, այդ վիթխարի եւ անիմաստ սպանդը, որուն դաժանութիւնը ստիպուած եղան տանելու ձեր նախնիք։Անհրաժեշտութիւն է եւ, յիրաւի, պարտաւորութիւն՝ մեծարել անոնց յիշատակը, որովհետեւ երբ յիշողութիւնը կ՛աղօտի, ասիկա կը նշանակէ որ չարը թոյլկու տայ որպէսզի վէրքերը թարախակալեն։ Չարիքը քօղարկելը կամ մերժելը կը նշանակէ թոյլ տալ վէրքին արիւնահոսումը՝ առանց դեղի ու դարմանի»։

    Հայոց Ցեղասպանութեան 100¬րդ տարելիցին առիթով,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը   հայ ժողովուրդին պարգեւեց երկու անգերազանցելինուէրներ՝  իր զօրակցութիւնը  Հայոց Ցեղասպանութիւնը միջազգային ճանաչման արժանացնելու եւ զայն դատապարտելու հայկական պահանջին եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումը։ Այս աննախընթաց պարգեւատրումին արձագանգեցին համաշխարհայինամէնէն հեղինակաւոր լրատուամիջոցները։ Ան դարձաւ միջազգային հասարակութեան ուղղուած կոչ մը ի խնդիր  Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումինու դատապարտումին՝ կանխարգիլելու համար ցեղասպանական արարքներուն կրկնութիւնը։

    Սուրբ Պատարագի աւարտին երբ մեզի՝  ինծի եւ տիկնոջս բախտը շնորհուեցաւ համբուրելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի  Աջը եւ ստանալու  անոր օրհնութիւնը, յուզումնախառն զգացումով Անոր ըսինք.¬ Սրբազան Հայր, լսելով Ձեր խօսքը՝ Մեծ Եղեռնի նահատակներուն հոգիներըցնծացին այսօր։ «Ես ալ ուրախացայ։ Աղօթեցէք ինծի համար» պատասխանեց ան, խոնարհաբար ամուր սեղմելով մեր ձեռքը։

    Վատիկանի փրոթոքոլի պատասխանատուները առիթը չտուին Անոր ըսելու որ  մեզի հետ համայն հայ ժողովուրդը պիտի աղօթէ Իրեն համար եւերախտապարտ պիտի մնայ իրեն «ցեղասպանութիւն»  բառը անվախօրէն եւ հակառակ թրքական ուղղակի եւ անուղղակի ճնշումներուն օգտագործածըլլալուն, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակած ըլլալուն  եւ այս առթիւ համայն հայութիւնը իր պետական եւ հոգեւորառաջնորդներով Սուրբ Պետրոսի Տաճարի կամարներուն տակ համախմբելուն համար։

     

     

     

    ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

    Բեյրութ,

    18 / 04 / 2015

     

Օրացույց

Օրացույց