• Ամենապատիւ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Պատրիարքի խօսքը ճաշկերոյթի ժամանակ, 12 ապրիլի 2015թ.

    Ամենապատիւ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Պատրիարքի խօսքը ճաշկերոյթի ժամանակ, 12 ապրիլի 2015թ.


    Ինչպէս տեղեկացնում է Ռադիո Վատիկանի հայկական բաժինը, ապրիլի 12-ին, Սբ. Պետրոսի տաճարում Սրբազան Քահանայապետի կողմից մատուցուած Սբ. Պատարագից յետոյ Alliance Armenien ընկերակցութեան հովանաւորութեամբ Հռոմի Parco de Principi պանդոկում տեղի է ունեցել ճաշկերոյթ, որին ներկայ են եղել հայ եկեղեցական երեք նուիրապետութիւնների գահակալները, ՀՀ նախագահը, Սուրբ Աթոռի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, այլ հոգեւորալաններ եւ քաղաքական, հասարակական գործիչներ:  Ճաշկերոյթի ժամանակ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ-ը հետեւեալ խօսքով է դիմել ներկաներին.

    «Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք եւ սիրելի  նախագահ

    Տիար Սերժ Սարգսեան,

    Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց,

    Նորին Սրբութիւն Արաբ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ,

    Վսեմաշուք Ծիրանաւոր Հայրեր,

    Արհիապատիւ, Գերաշնորհ, գերապատիւ հայրեր,

    Առաքինազարդ Քոյրեր,

    Մեծայարգ պետական այրեր,

    Յարգարժան եւ սիրելի ներկաներ,

    Շնորհակալական զգացումներով կ՛ողջունենք Ձեր մասնակցութիւնը այս ճաշկերոյթին,  զոր Պարոն Վահէ Կապրաշ իրաւամբ որակեց Սիրոյ Սեղան:

    Փառք Տիրոջ, հազար փառք, որ  1714 տարիներ առաջ Իրեն հաւատարմութիւն ուխտած  Հայ ժողովուրդը  այսօր անգամ մը եւս կը պարգեւատրէ ձեռամբ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Գահակալ` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, որուն երախտապարտ ենք եւ որ Հայ ժողովուրդին հանդէպ իր սիրոյ զգացումները արտայայտած է բազմաթիւ առիթներով:

     Արդարեւ, Հայ ժողովուրդին համար աստուածաշնորհ պարգեւատրում մըն է  իր նահատակներուն յիշատակը բարձրաճակատ, արդար հպարտութեամբ,  համաշխարհային բեմահարթակի վրայ ոգեկոչելու եւ դարերէ ի վեր իր պաշտամունքին առարկայ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին իբրեւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ` այսուհետեւ համայն քրիստոնեայ աշխարհին երկրպագութեան առարկան դարձնելու այս առիթը:

    Հայոց Ցեղասպանութեան  անմեղ զոհերուն յիշատակին 100 տարի ետք միջազգային այս բեմահարթակէն ոգեկոչումը եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին  շնորհուած եզակի տիտղոսը միաժամանակ հրաւէր մըն է աշխարհին` առաջնորդուելու համամարդկային ու քրիստոնէական այն արժէքներով  որոնք  սիրոյ եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած համակեցութեան ու խաղաղութեան, զարգացման ու բարգաւաճութեան երաշխիքն են: Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ամբողջ ընթացքին, յաճախ գերագոյն զոհողութեան գնով վկայութիւնը տուած է այդ արժէքներու իր կառչումին: Տարբեր չէ նաեւ անոր դիրքորոշումը այսօր իր պետականութեամբ, Եկեղեցիով ու աշխարհասփիւռ կառոյցներով, ինչպէս ցոյց կու տայ պատմական Համահայկական Հռչակագիրը որ կ՛արտայայտէ իր պետութեան ղեկավարին եւ Եկեղեցւոյ պետերուն շուրջ համախմբուած Հայ ժողովուրդին Արդարութեան, Ճշմարտութեան եւ Իրաւունքի ձգտումը:

    Թող Սրբազան Քահանայապետը` որ մատուցանեց այսօրուան Սուրբ Պատարագը եւ կատարեց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին Տիեզերական Եկեղեցւոյ 36-րդ Վարդապետ հռչակումը,  թող Տիեզերական Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականները, որոնք  այս պահուս  մեզի հետ կը բաժնեն այս սիրոյ սեղանին ուրախութիւնը, հայ ժողովուրդի այս միասնական ձգտումին եւս մէկ արտայայտութիւնը տեսնեն  Հայաստանի Նախագահին, Հայ Եկեղեցւոյ Վեհափառ Հայրերուն եւ աշխարհի բոլոր կողմերէն ժամանած հայ ուխտաւորներու Վատիկանի սրբադրոշմ կամարներուն ներքեւ համախմբուածութեան մէջ»:

     

Օրացույց

Օրացույց