• «Սիրել կը նշանակէ աղքատ ու մանուկ ըլլալ».Արհ. Տ. Հովհաննես եպս. Թէյրուզյանի Սուրբ Ծննդյան պատգամը

    «Սուրբ Ծնունդը հրաւէր մըն է հրաժարելու մեր ամբարտաւանութենէն»:


    «Ահա ձեզի մեծ ուրախութիւն մը կ’աւետեմ» (Ղուկաս 2, 10) Սուրբ Ծննդեան տօնն է ահա, որ անգամ մը եւս  կը տօնենք մահ սփռող պատերազմներու եւ  ռումբերու դղրդիւնով:

     

    Սուրբ Ծննդեան տօնն է կրկին, մինչ անդին մանուկներու եւ սգաւոր մայրերու հեծեծանքն ու հառաչանքը կը խեղդեն ղօղանջը եկեղեցիներու զանգերուն:

     

    Այս տարի եւս, 2016, կը տօնենք Սուրբ Ծնունդը՝ երբ հեռուն անշշուկ ու իրենց արժանապատուութիւնը ոտնակոխ եղած ժողովուրդներ, տարտղնուած բազմաթիւ սահմանագլուխներու վրայ՝ անօթի, պապակած ու ճարահատ, երդիք մը կը փնտռեն՝ պատըսպարելու համար իրենց նորածիններն ու մանուկները սաստիկ ցուրտէն ու տեղատարափ անձրեւներէն:

     

    2016 տարիներ ետք, կան տակաւին մարդիկ, որոնք կը շարունակեն փակ պահել իրենց սրտերուն տապանակները, յաւերժ նորածին Բեթղեհէմի մանուկին առջեւ եւ նոյնիսկ կը տքնին զինքը սպաննել:

     

    2016 տարիներ ետք, նոյնը կը կատարեն նաեւ պետութիւններ ու կառավարական պատասխանատուներ, հալածելով Բեթղեհէմի մանուկին՝ Քրիստոսի հետեւորդները. կը փորձեն խեղաթիւրել աւետարանական սկզբունքները մանուկներուն սրտինմէջ, կաշկանդելով Քրիստոսի ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը մարդոց կեանքէն:

     

    Այս մռայլ ու ցաւալի համայնապատկերին ընդմէջէն, Սուրբ Ծննդեան աստղը կը փայլի, մեզ առաջնորդելու հոն՝ ուր կը գտնուի Աստուած/Մանուկը, որ կարող է ապահովել սրտի անդորրութիւնն ու հոգեկան խաղաղութիւնը: Աստուած, որ կը ծնի մեր մէջ, կու գայ յիշեցնելու մեզի մեր ներքին պայքարը ընդմէջ բարիին եւ չարին, լոյսին եւ խաւարին, կեանքին եւ մահուան:

     

    Սուրբ Ծննդեան տօնը կանխող գիշերուան ու խաւարին կը յաջորդէ Արշալոյսը, բոլորիս սրտին մէջ երկնելով սէրն ու յոյսը աստուածային: Աստուած յայտնուեցաւ մանկացած՝ որպէս տկար, աղքատ ու խոցելի, եւ ցոյց տուաւ մեզի ճշմարիտ սէրը, մուրացիկ մը ինչպէս, որ կարօտն ունի մեր սիրոյն:

     

    Սուրբ Ծնունդը հրաւէր մըն է հրաժարելու մեր ամբարտաւանութենէն, ինքնաբաւութենէն, ընդունելու մեր տկարութիւններն եւ

    ուրիշներէն մեր կախուածութիւնը:

     

    Սիրել կը նշանակէ աղքատ ու մանուկ ըլլալ:

     

    Սիրել կը նշանակէ ճանչնալ մեր սահմաններն ու անբաւարարութիւնը, վստահիլ ուրիշին՝ մեր կարիքներուն ընթացքին:

     

    Սիրել կը նշանակէ միասնականութիւն եւ սէր ցուցաբերել ուրիշներուն հանդէպ:

     

    Մսուրին մանուկը, մարդեղացած Աստուածը, մեզ կը հրաւիրէ ըլլալու բարեգութ, որպէսզի ընկերութիւնը իրապէս մարդկային դառնայ մանուկներուն, տկարներուն, աղքատներուն, հիւանդներուն, բանտարկեալներուն, մեղաւորներուն, անիրաւուած ներուն եւ մերժուածներուն հանդէպ:

     

    Աստուած մարդեղանալով՝ Էմմանուէլ, կը փափաքի մեզ համակել Քրիստոսի սիրով. Գերազանց օրինակը՝ ինքնամոռացումի եւ ինքնանուիրումի, որ կը քաջալերէ մեզ ըլլալու մարդասէր, նամանաւանդ օգնութեան հասնելու անզօր մանուկին, տկար չքաւորին, ուժասպառ հիւանդին, ներելու՝ մեզ նախատողին եւ անարգողին:

     

    Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան առիթով մաղթանքս է, որ Ան ծնի մեր մէջ եւ Անոր ուրախութիւնը պարուրէ մեր սրտերը: «Ինք, որ հարուստ էր եւ մեզի համար աղքատացաւ» (2 Կոր. 8, 9), թող մեզ հպարտ դարձնէ Իր աղքատութեամբ. որովհետեւ մեր տկարութիւններուն մէջ է, որ Անոր զօրութիւնը կը զգենու իր գերազանց տարողութիւնը (Հմմտ. 2 Կոր.12, 9): Անոր մսուրէն եւ տապանակներէն գալարող ճառագայթները թող թափանցեն մեր հոգիները, ընտանիքներն ու հաստատութիւնները, զանոնք լուսաւորեն՝ փարատելու համար ստուերները վախի, ատելութեան, պատերազմի, հալածանքի ու ցեղասպանութեան:

     

    Սուրբ Ծննդեան խորհուրդին առջեւ մեր գոհաբանական աղօթքը թող ըլլայ «նման խունկի… եւ մեր ձեռքերուն բարձրացումը՝ իբրեւ ընծայ երեկոյեան» (Սաղ. 141, 2): Մսուրին եւ Տապանակներուն սիրոյ բանտարկեալին մէջ լիառատ գտնենք Իսկական Կեանքը (Հմմտ. Յովհ. 10, 10):

     

    Ձեզի եւ ձեր բոլոր սիրելիներուն կը մաղթեմ, որ մսուրին պարզութիւնն ու Տապանակներուն Սուրբ Հաղորդութիւնը՝ ըլլան իւրաքանչիւրիս համար որպէս նուիրումի խանդ, միութեան եւ համերաշխութեան աղբիւր՝ ընտանիքներուն համար եւ խաղաղութեան խրախոյս՝ ազգերուն համար:

     

    Կը մաղթեմ, որ Քրիստոնէական սիրով լիացած ապրինք 2016-ի Սուրբ Ծննդեան տօնը, եւ նոյնպէս ալ թեւակոխենք 2017 տարին, որպէսզի ան ըլլայ բարօրութիւններով յուռթի եւ անկեղծ ժպիտներով խանդավառ:

     

    Սուրբ Ծննդեան աստղը թող առաջնորդէ մեր քայլերը դէպի սիրտը մանուկ Աստուծոյ, Անոր լոյսը ցաթեցնելու մարդկութեան վրայ, 2017 տարուան բոլոր օրերուն ընթացքին:

     

    Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ Եւ Նոր Տարի

     

    Արհ. Տ. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան

Օրացույց

Օրացույց