• Լրագրող Սարգիս Նաճարյանի Ֆրանցիսկոս Քահանայապետին նվիրված գրքի շնորհանդեսը

    «Այս ձեռնարկը պարտաւորեցնող է աշխատանքը յաւելեալ թափով շարունակելու»


    Նյութը վերցված է Ազդակ օրաթերթից

     

    Հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան (ՀԿՀՄ), երէկ` ուրբաթ, 5 մայիս 2017-ի, երեկոյեան ժամը 8:30-ին,  Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Ֆարաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ անուանի լրագրող, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան «Մասիս» պարբերաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սարգիս Նաճարեանի «Ֆրանչիսկոս. աղօթեցէ՛ք ինծի համար» գիրքին շնորհահանդէսը:

     

    Ներկաներուն բարի գալուստի խօսք ուղղեց եւ ձեռնարկին յայտագիրը ներկայացուց Ռուբինա Թովմասեան: Ապա ՀԿՀՄ-ի անունով ձեռնարկին բացման խօսք արտասանեց Արամ Գարատաղլեան, որ ներկայացուց լրագրող Սարգիս Նաճարեանը: Ան ըսաւ, որ ՀԿՀՄ-ը այս ձեռնարկով փափաքեցաւ մեծարել Նաճարեանը` կազմակերպելով անոր երկրորդ գիրքին շնորհահանդէսը: Անոր առաջին հատորը լոյս տեսած է 2010 թուականին` «Դէմ առ դէմ» խորագիրով: Գարատաղլեան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկին հովանաւորութիւնը ստանձնած Գէորգ եպս. Ասատուրեանին, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց նպաստը բերին ձեռնարկին յաջողութեան:

     

    Այնուհետեւ Սարգիս Նաճարեանի թոռները` Սարգիս եւ Փաթիլ Նաճարեաններ, գեղարուեստական յայտագիրի ծիրին մէջ երգեհոնի վրայ նուագեցին զոյգ կտորներ: Լիւսի Մազմանեան կարդաց գիրքէն հատուած մը:

     

    «Ֆրանչիսկոս. աղօթեցէ՛ք ինծի համար» գիրքին ներկայացումը կատարեց Մեսրոպ Ծ. վրդ. Թոփալեան: Հայր Մեսրոպ իր խօսքին սկիզբը նշեց, որ, հակառակ իր այն առաջադրանքին, որ այլեւս այսպիսի հրապարակային ելոյթներ պիտի չունենայ, այսուհանդերձ, գիրքին հեղինակին հանդէպ իր տածած համարումը իրեն պարտադրեցին ընդունիլ ներկայացուած խնդրանքը: Հայր Թոփալեան ընդգծեց, որ իր շատ հետաքրքրական բովանդակութեամբ իւրայատուկ հատոր մըն է Սարգիս Նաճարեանի այս աշխատութիւնը, որ առաւելութիւն ունի մէկտեղած ըլլալու նոյնատեսակ գրութիւններ` ընթերցողին ընծայելով դիւրութիւնը զանոնք ըմբոշխնելու:

     

    Մեսրոպ Ծ. վրդ. Թոփալեան ընդգծեց, որ Սարգիս Նաճարեան լիովին համոզուած է իր գրութիւններուն նպատակին եւ անոնց մէջ արտայայտած գաղափարներուն: Այս համոզուածութիւնը եւ նուիրուածութիւնը կը բխին Ֆրանչիսկոս քահանայապետին նկատմամբ Նաճարեանի ունեցած գիտակցական առինքնումէն, որ գոյացած է պապին պարզութեան, համեստութեան, խոնարհութեան եւ զուարթախոհութեան առաքինութիւններուն շնորհիւ, զորս սրբազան քահանայապետը կը կիրարկէ իր ընտրութեան թուականէն մինչեւ այսօր: Արդարեւ, Սարգիս Նաճարեան իր գիրքին ընդմէջէն ցոյց կու տայ, թէ ինք հմայուած է այն իրողութեամբ, որ յանձինս Ֆրանչիսկոս պապին աշխարհը տեսաւ ճշմարտութեան, խաղաղութեան, արդարութեան, իրաւունքի եւ ազատութեան յառաջաւոր պաշտպան մը:

     

    Հայր Մեսրոպ Թոփալեան անդրադարձաւ նաեւ գիրքին մէջ Սարգիս Նաճարեանի մատնանշած այն իրողութեան, որ Ֆրանչիսկոս պապի ընտրութեան առաջին տարուընէ արդէն միջազգային լրատուամիջոցները ուշադրութեան կեդրոն դարձուցին անոր գործունէութիւնը, իսկ աշխարհահռչակ «Թայմ» պարբերականը իր դեկտեմբեր 2013-ի թիւին մէջ զայն նկատեց «Տարուան մարդ»-ը:

     

    Հայր Մեսրոպ նշեց, որ, ըստ Սարգիս Նաճարեանին արժանթինցի քահանայապետը` «մարդկայնութեան առաքեալ»¬ը, յոյժ հայասէր էր Հռոմի քահայանապետ ըլլալէն դեռ շատ առաջ, իսկ իր ընտրութենէն ետք ան առաւել եւս հայասէր եւ հայանպաստ դարձած է: Սարգիս Նաճարեանի այս համոզումը արդիւնք է Ֆրանչիսկոս պապի գործին եւ դաւանումին, որոնք կեանքի կոչուեցան երկու գերպատմական իրադարձութիւններու ընթացքին: Առաջինը Վատիկանի Ս. Պետրոս մայր տաճարին մէջ 12 ապրիլ 2015-ին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով մատուցուած Ս. պատարագն էր, իսկ երկրորդը` 24-26 յուլիս 2016-ին սրբազան քահանայապետին «Առաջին քրիստոնեայ երկիր» տուած երկօրեայ այցելութիւնը:

     

    «Ստոյգ եմ, որ կրնաք զգալ Սարգիս Նաճարեանի ներաշխարհը, երբ ան հոգիով, աչքով ու ականջով ապրեցաւ հայուն եւ կաթողիկէին գերագոյն ժամերը մեր երկրագունդի մեծագոյն եկեղեցիին գեղազարդ պատերուն ներքեւ ու հոյակերտ կամարներուն տակ», ըսաւ հայր Թոփալեան` մէջբերելով Նաճարեանի տպաւորութիւնները Վատիկանի նշանաւոր պատարագէն: Ըստ Սարգիս Նաճարեանի, 12 ապրիլ 2015-ին Ֆրանչիսկոս պապը ազդանշանը տուաւ հայոց պահանջատիրութեան նոր սկիզբին, առանց վերապահութեան եւ աւելի շեշտակիօրէն յիշեցնելով, որ Մեծ եղեռնը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ «20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը»:

     

    Հայր Մեսրոպ Թոփալեան անդրադարձաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս պապին Հայաստան տուած այցելութեան առիթով Սարգիս Նաճարեանի գրած երկար յօդուածին, որ կը կրէ «Ֆրանչիսկոս պապին ուխտագնացութիւնը առաջին քրիստոնեայ երկիր հանդիսացաւ մեծագոյն ներդրումը Հայաստանի վերելքին» խորագիրը:

     

     

    Այնուհետեւ տուտուկի վրայ նուագեց Գէորգ Քէշիշեան, որմէ ետք ձեռնարկի արարողապետ Սեպուհ վրդ. Կարապետեան, Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Մեսրոպ Ծ. վրդ. Թոփալեան եւ տէր եւ տիկին Սարգիս Նաճարեան հրաւիրուեցան գիրքին գինեձօնն ու օծումը կատարելու:

     

    Շնորհակալութեան եւ սրտի խօսք արտասանեց լրագրող Սարգիս Նաճարեան, որ ըսաւ, թէ գիրքին ծաւալը կրնար աւելի մեծ ըլլալ, բայց ներկայիս գլխաւոր մտահոգութիւնը ընթերցող գտնելն է, անոր համար ալ գիրքին այս ծաւալը աւելի մատչելի է: Ան պատմեց, թէ ինչպէ՛ս յառաջացած է այս գիրքը հրատարակելու ծրագիրը` նշելով, որ 2015-ին Երեւանի մէջ ներկայ կը գտնուէր Համահայկական խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս-պատրիարքը իր ելոյթին ընթացքին խօսած էր 12 ապրիլ 2015-ին Վատիկանի մէջ մատուցուելիք պատարագին մասին: Խորհրդաժողովէն ետք հայաստանցի լրագրողներ իրեն հարցումներ ուղղած են Հայկական հարցին գծով Ֆրանչիսկոս պապին դիրքորոշման մասին, ինչ որ իրեն բերած է այն համոզումին, որ հայաստանեան լրատուական դաշտը քիչ իրազեկ է Ֆրանչիսկոս պապի գործունէութեան: Եւ ընդհանրապէս հայաստանեան լրատուամիջոցները քիչ կ՛արձագանգեն Վատիկանի իրադարձութիւններուն: Այդ իսկ պատճառով այս գիրքի տպաքանակին կարեւոր մէկ մասը պիտի ուղղուի Հայաստան` աւելի մեծ իրազեկում ապահովելու համար: Սարգիս Նաճարեան ըսաւ, որ այս ձեռնարկը պարտաւորեցնող է աշխատանքը յաւելեալ թափով շարունակելու:

     

    Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, որ նշեց, թէ կասկած չկայ, որ Վատիկանի սրբազան քահանայապետը թէեւ զէնք ու զինամթերք չունի, բայց անուրանալի է անոր բարոյական հեղինակութիւնը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան առումով: Գերապայծառը նաեւ ըսաւ, որ Սարգիս Նաճարեանի այս գիրքով կը հարստանայ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ արխիւը:

     

    Ձեռնարկի աւարտին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի շրջափակին մէջ Սարգիս Նաճարեան ներկաներուն համար մակագրեց գիրքէն օրինակներ:

Օրացույց

Օրացույց