«Տէր Աստուած մեր…արա ընդ մեզ եւ ընդ աղօթակիցս մեր առատապէս զողորմութիւն եւ զգթութիւն…» (Պատարագամատոյց)
1 դեկտեմբերի, 2015թ.
Գերյարգելի, Գերապատիւ վարդապետներ,
Առաքինազարդ քոյրեր, եւ Սիրելի հաւատացեալներ:
Ողջոյն եղբայրական,
Մեր Պատարագամատոյցին ու Մաշտոցին աղօթքներուն մէջ բազմիցս կրկնուող «Ողորմութիւն» ու «Գթութիւն» եզրերը, 2015-2016 տարեշրջանին, պիտի զգենուն յատուկ նշանակութիւն մը՝ մեզի պատեհութիւնն ընծայելով առաւել ներթափանցելու անոնց իմաստին խորքը, յօգուտ մեր հոգեւոր կեանքին:
Տեղեակ էք, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հռչակած «Ողորմութեան Սուրբ Տարին», կը սկսի յառաջիկայ 8 Դեկտեմբեր 2015-ին եւ կը տեւէ մինչեւ 20 Նոյեմբեր 2016: Սոյն տարեշրջանին, պիտի ապրինք արտահերթ Յոբելեան մը, որուն բովանդակ տեւողութեան, Եկեղեցին, նշանաբան ունենալով Տիրոջ պատուէրը՝ թէ «Ողորմած եղէ’ք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ողորմած է» (Ղկ 6, 36), մեզի պիտի յիշեցնէ, մէկ կողմէն, որ «Աստուած առատ է իր ողորմութեամբ» (Եփս 2, 4) եւ, միւս կողմէն, որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալ կոչուած է ցոլացնելու կատարելութիւնները Աստուծոյ, «որուն ողորմութիւնն անչափ է եւ գթութիւնն անբաւ:»
Ի՞նչ կը նշանակէ «Յոբելենական Տարի»: Ի՞նչ շնորհքներ կապուած են անոր: Որո՞նք են պայմանները անկէ հոգեպէս օգտուելու:
Յոբելենական կը համարուի այն տարին, որուն ընթացքին հնարաւոր է մեղքերու առանձնայատուկ թողութիւն ստանալ: Առաջին անգամ Յոբելենական Տարին նշուեր է 1300 թ., ապա՝ իւրաքանչիւր 50 տարին մէկ, ապա իւրաքանչիւր 33 տարին մէկ, իսկ 1470 թ., Պօղոս Բ. Պապը որոշում կայացուց զայն նշել 25 տարին մէկ: Այնուհանդերձ, Քահանայապետները կարող են արտահերթ Յոբելենական Տարի յայտարարել, որուն ընթացքին «լիակատար ներողութիւն կը շնորհուի իւրաքանչիւր հաւատացեալի, որ կ’ապաշխարէ ու կը վերահաստատէ Աստուծոյ հետ իր խզած յարաբերութիւնը»:
Պիոս ԺԱ. եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետները, արտահերթ Յոբելենական Տարիներ յայտարարեցին՝ Քրիստոսի կեանքին իրադարձութիւններու հետ կապուած առիթներով: Ֆրանչիսկոս Պապը, իր կարգին, 2016 տարեթիւը՝ Սուրբ Տարի հռչակեց՝ նշելու համար Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովի փակման 50րդ տարեդարձը:
Դեկտեմբեր 8-ին, «Ողորմութեան Յոբելեան»-ի առիթով, Սրբազան Քահանայապետի ձեռամբ կայանալիք Հռոմի Սուրբ Պետրոս Մայր Տաճարին «Սուրբ Դուռ»ին բացումի արարողութեան՝ պիտի յաջորդէ Յաւիտենական Քաղաքի միւս երեք Աւագ Տաճարներու Սուրբ Դուռերուն հերթական բացումը: Սրբազան Պապին տնօրինումով, իւրաքանչիւր թեմակալ եպիսկոպոսին կը վիճակուի խորհրդանշական «Սուրբ Դուռ» մը տեղադրել՝ իր թեմի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ, անոր առջեւ համապատասխան արարողութիւնները կատարելու համար: Առ այդ, մեր՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Կաթողիկէ Հայոց թեմէն ներս, կը խնդրենք Գերյարգելի եւ Գերապատիւ Ժողովրդապետ Վարդապետպերէն որ յառաջիկայ Դեկտեմբերի 13-ի Կիրակի օրուան Ձայնաւոր Պատարագով՝ Յոբելենական Սուրբ Տարուայ պաշտօնական բացումը կատարեն: Որպէս Թեմակալ Եպիսկոպոս, նոյն օրը՝ Կլենտէյլի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցանենք Ձայնաւոր Սուրբ Պատարագը եւ կատարենք Թեմիս խորհրդանշական «Սուրբ Դռան» բացումը: Նկատի առած Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներուն միջեւ աշխարհագրական հսկայական հեռաւորու-թիւնները՝ որու հետեւանքով Գալիֆորնիոյ նահանգէն դուրս եղած մեր հաւատացեալները պիտի չկարողանան ուխտի երթալ Կլենտէյլի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Եկեղեցին, կը տնօրինեմ, որ ժողովրդապետ վարդապետները «Ողորմութեան Յոբելեանի» ժամանա-կամիջոցին, հոն ուր կը գտնուին, իրենց հովուական խնամքին յանձնուած հաւատցեալներուն համար ուխտագնացութիւն կազմակերպեն դէպի իրենց քաղաքին ա՛յն եկեղեցին՝ որու մէջ կը գտնուի Սուրբ Դուռը, որպէսզի ոչ ոք անմասն մնայ «Լիակատար Ներողութիւն» շահելու հնարաւորութենէն:
Եկեղեցւոյ մը Սուրբ Դուռը կը խորհրդանշէ անցքը դէպի վերանորոգուած կեանք՝ դէպի փրկութիւն: Զղջումով եւ ապաշխարութեամբ այդ Դուռէն անցնելով՝ հաւատացեալները կ’արժանանան մեղքերու քաւութեան եւ թողութեան մեծ շնորհքին:
Սիրելիներ,
Ի շարս աշխարհատարած բիւրաւոր Կաթողիկէ Եկեղեցիներուն, Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մեր Հայ Կաթողիկէ թեմի եկեղեցիներէն եւ կրօնական հաստատութիւններէն ներս եւս, պիտի նշուի սոյն Յոբելենական Տարին, որուն ընթացքին, մեզի կը յանձնարարուի, մեր անհատական ու հասարակական կեանքին մէջ, շօշափելի դարձնել Աստուծոյ ողորմութիւնը՝ զայն արտայայտելով՝ մեր մերձաւորին հանդէպ գթասրտութեամբ, ներողամտութեամբ եւ, յատկապէս, եղբայրսիրութեամբ:
Անցեալ Ապրիլ 12-ին, Տիեզերական Եկեղեցւոյ 36 Վարդապետներու շարքին դասուեցաւ Աստուծոյ ողորմութեան սքանչելի ջատագովն ու Հայ Ազգի պարծանքը՝ Ս. Գրիգոր Նարեկացին, որուն գրած Մատեան Ողբերգութեան մեծածաւալ աղօթագրքին ամէն մէկ էջը արձագանգ է Աստուծոյ գութին ու ողորմութեան:
Եթէ սուրբերը, Նարեկացիին նման, կարիքը զգացած են Աստուծոյ ողորմութեան ապաւինելու, առաւել եւս մենք, մեղսաթաթաւ արարածներս, պարտինք, անդադար ու անձանձրոյթ, մեր վրայ հայցել Աստուծոյ առատազեղ գթութիւնը՝ դիմելով ապաշխարութեան Խորհուրդին, աղօթքին ու ծոմապահութեան, որպէսզի, յառաջիկայ Յոբելեանէն լաւագոյնս օգտուինք՝ ընդունելու համար մեր մեղքերուն թողութիւնը, սրբարար շնորհքը եւ սրտի խաղաղութիւնը:
Ուշագրաւ է, որ Դեկտեմբեր 8-ը, Յոբելեանին բացման օրը, կը զուգադիպի Սուրբ Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան տօնին հետ: Հետեւաբար, չվարանինք այս Սուրբ Տարին յանձնելու «Մայր Ողորմութեան» յորջորջուած Աստուածածինին, որուն բարձրացուցած «Մեծացուսցէ»ն համակ գովերգութիւն է Աստուծոյ անհուն ողորմութեան:
Յառաջիկայ Սուրբ Տարուան ողջ տեւողութեամբ, Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մեր ժողովրդապետներուն, կրօնական հաստատութիւններու մեծաւորներուն եւ իրենց գործակիցներուն հայեցողութեան կը յանձնեմ պատշաճ միջոցառումներ որոնելու (ժամասացութիւն, ծոմապահութիւն, Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութիւն, Սուրբ Գիրքի սերտողութիւն, Մատեան Ողբերգութեան գիրքէն ընթերցում, հոգեւոր կրթութիւն եւ սրբավայրերու այց), որպէսզի յուսացուած հոգեշահ արդիւնքները քաղենք մօտալուտ՝ «Յոբելենական Սուրբ Տարի»էն:
«Զողորմութեան քո զդուռն բա’ց մեզ Տէր եւ արժանի արա’ զմեզ լուսեղէն յարկաց քոց ընդ սուրբս քո»: (Դռնբացէքի Շարական ԴԿ)
Աղօթարար՝
Միքայէլ եպիսկոպոս Մուրատեան
Առաջնորդ