• Տանն Կիլիկիո Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքության հայտարարությունը՝ ՀՀ սահմանին տիրող իրավիճակի վերաբերյալ

    «Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք մեր զոհերու հարազատներուն»


    ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
    Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին մեծագոյն մտահոգութեամբ եւ ցաւով կը հետեւի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն ծաւալող ու կեանքեր խլող իրավիճակին։
    Մեր անվերապահ աջակցութիւնը կը յայտնենք Մայր Հայրենիքին ու Հայոց Պետականութեան, ինչպէս նաեւ մեր պատրաստակամութիւնը՝ միասնականօրէն դիմագրաւելու մեր Ազգին սպառնացող վտանգներուն եւ մարտահրաւէրներուն։
    Համաշխարհային հանրութեան ու միջազգային կառոյցներուն մեր յորդորը եւ կոչն է՝ լուռ չմնալ ու անյապաղօրէն գործօն միջոցներու ձեռնարկել, մարդկային կեանքը եւ իրաւունքները ոտնահարող ամէն տեսակի ոտնձգութիւններուն ու ոճիրներուն դէմ, որոնց ականատես ենք այսօր Հայաստանի սահմանին ընթացող ռազմական յարձակումներով։
    Մինչ մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք մեր զոհերու հարազատներուն, կը վստահեցնենք մեր աղօթքը առ ամենազօր Տէր Աստուած եւ կը հայցենք կորով մեր Ժողովուրդին ու անսասանութիւն մեր Մայր Հայրենիքին։

Օրացույց

Օրացույց