Նվեր՝ Սրբազան Քահանայապետից
Կիրակի 25 Ապրիլ 2021-ի առաւօտուն, Երեւանի Ս. Գրիգոր Նարեկացի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցու մէջ սուրբ և անմահ Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ Վրաստանի եւ Հայաստանի Պապական նուիրակ Արհի. Յոզէ Ավելինո Պէթէնքուրդ։ Պատարագը մատոյց Ճեմարանի փոխ տեսուչ Հ. Պետրոս վրդ. Մարաշլեանը։
Ներկայ էր նաեւ Աշոցքի Տիրամայր Նարեկի հիւանդանոցի տնօրէն Հ. Մարիօ։
Պատարագի աւարտին, Պապական Նուիրակը շնորհակալական խօսքով մը հանդէս եկաւ, յատուկ նշելով Հայաստանի Թեմի առաջնորդ Արհի. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանի բոլոր ջանքերը ու ներկայ հաւատացեալներուն փոխանցեց Սրբազան Պապի ողջոյնները ու վստահեցուց անոր աղօթքները հայ ժողովուրդին համար։
Որպէս նշան աջակցութեան եւ մօտիկութեան, Սրբազան Քահանայապետը Աշոցքի Տիրամայր Նարեկի հիւանդանոցին նուիրեց շտապ օգնութեան գերարդիական նոր մեքենայ մը, որպէսզի անիկա օգտակար դառնայ եւ ծառայէ բոլոր շրջանի կարիքաւորներուն։
Պապական նուիրակը օրհնեց շտապ օգնութեան մեքենան որպէսզի անիկա փորձաքներէն պաշտպանուած ծառայէ իր բարի նպատակին։
Սրբոց Հրեշտակապետաց միացյալ հոգևոր ճեմարան