• «Երանի՜ մենք` երէց կղերականներս նահատակուէինք եւ մնային երիտասարդները…». Հ. Մեսրոպ Թոփալյանի հոդվածը՝ նահատակ քահանայի մասին

    «Մարտիրոսներուն արիւնը սերմն է Եկեղեցիին». Տերտուղիանոս


    Տէր Զօրի ճանապարհին վրայ, ասկէ ճիշդ ութ օր առաջ, երկուշաբթի, 11 նոյեմբեր 2019-ին վայրագ ահաբեկիչներուն դիտաւորեալ կրակոցին զոհ գնաց Յովսէփ քհնյ. Պետոյեան (1976-2019), Գամիշլի քաղաքին հայ կաթողիկէ համայնքին ժողովրդապետը, որուն ուղեկցող հայրը` Հաննա Աբրահամ Պետոյեան հանդիսացաւ նահատակակից:

     

    Քրիստոնեայ աշխարհին հետ ցնցուեցան մեր հոգիները` մէկ կողմէ, բայց նաեւ երկիւղած բերկրանքով խոնարհեցան մեր «նոր վկաներ»-ուն առջեւ` միւս կողմէ: Կիրակի, նոյեմբեր 17-ին անոնց խնկելի եւ անթառամ յիշատակը ոգեկոչեց Այնճարի Ս. Վարդարան Տիրամայր հայ կաթողիկէ համայնքը: Ժողովրդապետս քարոզեցի հոգեհանգստեան ս. պատարագին ընթացքին` բնաբան առնելով մեր Աստուածային Վարդապետին այս յայտարարութիւնը. «Ես եմ քա՛ջ Հովիւը: Քա՛ջ Հովիւը իր կեանքը կը զոհէ իր ոչխարներուն համար: Ես եմ բարի՛ Հովիւը, կը ճանչնամ իմ ոչխարներս, եւ ոչխարներս զիս կը ճանչնան» (Յվհ. 10, 11-16):

     

    Այո՛, գիտեմ, տ. Յովսէփ ոչ միայն ճանչցաւ իրեն յանձնուած հոգիները, այլ նաեւ սիրեց զանոնք: Անոնք ոչ միայն ճանչցան զինքը, այլ նաեւ սիրեցին իրենց բարի՛ հովիւը:

     

    Այո՛, գիտեմ, տ. Յովսէփ, որ ներքուստ պատրաստ էր «իր կեանքը» զոհելու «իր ոչխարներուն համար», իր պաշտօնին մէջ պարտաճանաչութենէն ինքնազոհաբերումին գիտակցութեամբ տուաւ իր կեանքը պարտականութեան առաքելագործ ճանապարհին վրայ, զոր սկսած էր եօթ տարիներ առաջ` 2012-ին ձեռնադրուելով իբրեւ ամուսնացեալ քահանայ Բարձրեալին:

     

    Քահանայութեան սէրը, սակայն, սերմանուած էր տարիներ առաջ, երբ իբրեւ կղերացու կը գտնուէր Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան դպրեվանքին մէջ (1989-1994), ուր ծանօթացայ այդ բարի ու հեզահամբոյր Աբրահամ պատանիին:Այդ ծանօթացումէն սահած էին տարիներ, երբ մեր առաջին ու վերջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 2010-ի սեպտեմբերին, Գամիշլի, ուր գացած էի այսօր արդէն ինքն ալ լուսաբնակ դարձած հ. Գէորգ ծ. վ. Եղիայեանի (1946-2019) մօր` տիրամայր Նուարդ Եղիայեանի յուղարկաւորութեան մասնակցելու:

     

    Տ. Յովսէփ, որ բարեշնորհ սարկաւագ ձեռնադրուած էր, մանկամիտ պարզութեամբ եւ ուրախութեամբ յիշեց ու յիշեցուց վիեննական տարիներն անմոռանալի` արտայայտելով իր բուռն տենչը վայրկեան մը առաջ հասնելու ս. քահանայութեան: Անոր հարցումներուն եւ «սուրբ» անհամբերութեան վրայ տուի պէտք եղած պատասխաններն ու թելադրանքները` յանձնարարելով վստահիլ իր հարցը Տիրամօր արագահաս միջնորդութեան: Ինչպէ՛ս ըմբոշխնեցի անոր մնայուն սէրը եւ յարգանքն իր վաղեմի Մխիթարեան դաստիարակներուն հանդէպ:

     

    Գիտէք` այս յուշերուն մտաբերումովս ու Ս. պատարագին ատեն «ի Քրիստոս» մերննջեցեալներուն հետ լաւագոյն հանդիպումին իմ խոր համոզումովս, եւ այն` «բարեխօսութեամբ Ս. Աստուածածնին` անարատ Ծնողի Միածնին» Հայր Աստուծոյ (հայ պատարագամատոյց), ինչպէս ալ տ. Յովսէփի վկայուած յաւերժերթին առթած հաւատքովս` ձեզի կ՛ուզէի ըսել այս խօսքս, որ սրտաբուխ ու մտածոր է. «Մի՛ տխրիք, այլ ցնծացէ՛ք, որովհետեւ տխրութիւնն անո՛նցն է, որոնք յոյս եւ հաւատք չունին անմահութեան: Դեռ աւելի: Մի՛ վախնաք մեզ հալածողներէն ու սպաննողներէն, քանի այսպէս մեզ արժանի կը դարձնեն ըլլալու ժառանգակիցները Խաչեալին` Աստուածութեան ու մարդկութեան անգերազանցելի Նահատակին յաւիտենականութեան մէջ: Այս իմաստով` կ՛ուզէի եզրակացնել, թէ երանի՜ մենք` երէց կղերականներս նահատակուէինք եւ մնային երիտասարդները… Քահանայագործ 46 տարիներուս կայծն է անմար… Տէրը, սակայն, Ի՛նքը գիտէ լաւագոյնս…»:

    Ամենատեսը նաեւ գիտէ, թէ ի՛ր Եկեղեցին, ինքզինքն թարմացնելու ու սրբակերտելու իր մշտամնայուն ջանքին եւ «ուխտաւորի իր ուղեւորութեան» մէջ, անհրաժեշտ կարիքն ունի ամենազգի վկաներուն, մարտիրոսներուն, քանի ինչպէս իրաւացիօրէն կը սահմանէր հալածանքներուն եւ նահատակութիւններուն ականատես մատենագիրը` Տերտուղիանոս (155-222), որ վաղքրիստոնէական նշանաւոր աստուածաբանն էր, «մարտիրոսներուն արիւնը սերմն է Եկեղեցիին»: Իր այժմէականութիւնն երբեք չկորսնցուցած այս սահմանումին ծիրէն ներս յիշեցնելու եմ, որ Եկեղեցին մի՛շտ ունեցաւ եւ յա՜ր պիտի ունենայ իր կտրիճները` հաւատքին ու հաւատարմութեան:

     

    Նաեւ կը փափաքիմ յիշեցնել 1915-ի «Հայոց ցեղասպանութեան միջազգայնացած դէմքը» նկատուած երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի (1869-1915) կեանքէն մանրամասնութիւն մը, որ նոյնպէս օծուած է այժմէականութեան կնիքով:

     

    Հռոմ, 10 դեկտեմբեր 1911-ին, Ս. Պիոս Ժ. քահանայապետը (1835-1914), որ 1954-ին սրբադասուեցաւ, հայ կաթողիկէ նուիրապետներուն հետ հանդիպումին ընթացքին խօսած իր ճառին մէջ շեշտեց. «Մի, Սուրբ, Կաթողիկէ-Առաքելական յատկանիշերուն կը կցեմ Հալածուած: Արդարեւ, եթէ Եկեղեցին հալածուած չըլլար, պիտի չըլլար Յիսուս Քրիստոսի Եկեղեցին եւ անոր պիտի պակսէր փաստը իր ճշմարտութեան»:

     

    Այս վառ գիտակցութիւնն ունեցող հաւատացեալը` աշխարհական կամ հոգեւորական, այսօր ներկայացուած Հաննա Աբրահամ Պետոյեանի եւ տ. Յովսէփ քահանային կողմէ, կ՛ընթանայ աստուածային նախախնամութեան իրե՛ն համար որոշած կենսուղին` առանց վախնալու զինքը շրջապատող նեղութիւններէն եւ վտանգաւոր պարագաներէն:

     

    Ա՛յս եւ ա՛յսպէս եղաւ տ. Յովսէփ առաքեալին համար, որ, ինչպէս անոր վկայող սպանութեան արձագանգ հանդիսացած միջազգային լրատուական ու կայքէջային բազմաթիւ եւ բազմալեզու գործակալութիւններ գովասանքով վերհանեցին, բացայայտ արիութեամբ ու աներեր գիտակցութեամբ քալեց իր առաքելագործ ճամբան, օրինակի համար, մահասփիւռ եւ ամէնաւեր վերջին տարիներուն մէջ մինչեւ եօթը անգամ կտրելով Գամիշլի-Տէր Զօր ճանապարհագիծը, զոր ամենաստոյգ բծախնդրութեամբ հետազօտելով` ահաբեկիչները գիտէին իրենց ուշ թէ կանուխ ընելիք ոճիրը…

     

    Տրուպիս համար շատ յստակ են պատճառները ոճրային սպանութեան: Առաջին` տ. Յովսէփ ժիրաժիր քահանայ էր: Երկրորդ` կը ջանար վերանորոգել ահաբեկիչներէն քանդուած Տէր Զօրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցին, որուն Յովհաննէս-Պետրոս ԺԸ. կաթողիկոս-պատրիարքին (1982-1999) կողմէ 11-12 Դեկտեմբեր 1993-ին կատարուած օծումին մասնակցեցայ: Շինարարական գործունէութեամբ, պիտի ապահովէր վերադարձը կաթողիկէ հայերուն, եւ այսպէս` վերահաստատելու ներկայութիւնը քրիստոնեաներուն այս նուիրական գիւղաքաղաքին մէջ: Երրորդ` տ. Յովսէփ, ինչպէս միջազգային «Œuvre d’Orient» օժանդակութեան կաթողիկէ հիմնարկը հաստատեց նահատակութեան յաջորդ օրերուն հրապարակած իր յայտարութեան մէջ, կը բերէր իր գործօն մասնակցութիւնը ռազմական փախստականներուն օգնութեան եւ գաղթականներուն տեղաւորումին համար տարուած աշխատանքներուն հիւսիս արեւելեան Սուրիոյ մէջ: Չորրորդ` տ. Յովսէփի սպանութիւնը հաւանաբար ունենայ նաեւ իր քաղաքական շարժառիթը կամ նպատակը` միջազգային տարողութեամբ, որովհետեւ, ինչպէս կը վերլուծէ Jérémy André Florès ֆրանսացի անկախ լրագրողը, որ լաւ կը ճանչնայ տարածաշրջանն ու ծանօթ է անխտիր բոլոր տառապեալներուն օգնութեան հասած եւ ժողովրդականութիւն ունեցած մեր տէրհօր, այս անարգ ոճրագործութեան պատասխանատուութիւնն անմիջապէս ստանձնած «Իսլամական պետութիւն» յորջորջեալ ինքնակոչ խմբակը կը փորձէ հասկցնել, թէ «իր զինեալները տակաւին վտանգ են արար աշխարհին, նոյնիսկ` իրենց հիմնադիր-ղեկավարին սպանութենէն ետք, զոր կատարեց ամերիկեան ռազմամիաւոր մը»…

     

    Ամէն պարագային, ինծի եւ, անկասկած, իւրաքանչիւր հայուն համար նշանակալից է տեղը նահատակութեան, որ, աշխարհագրական ըլլալէն շատ աւելի, սրբավայրն է 1915-ի հայասպանութեան ընթացքին Տէր Զօրի անապատները օսմանցի թուրքերէն քշուած ու ջարդուած հայազգի անմեղներուն, որոնց անբիծ արիւնը վերածորեցաւ տ. Յովսէփի բոսոր արիւնին մէջ` անգամ մըն ալ յիշեցնելով, նախ` թէ «մարտիրոսներուն արիւնը աւիշն է քրիստոնեաներուն», եւ, երկրորդ` մտաբերել տալով Տէր Զօր մեր կանգնած Նահատակութեան սրահին մէջ քանդակեալ Վահան Թէքէեանի այս քառեակը.

     

    «Անոնց համար, որ ինկան,
    Զմեզ ազատ ուզելով,
    Սրտերը մեր քովէ քով`
    Կ՛ըլլան այսօր մէկ խորան»:

     

    Հուսկ, ինծի թոյլատրուի «Ազդակ»-ի մէջ գրած «Այնճար, 10 նոյեմբեր 2013» թուակիր սիւնակէս կատարել այս մէջբերումը` պահանջելով հանդերձ մեր արդարդատին հատուցումն ու մեր Ցեղասպանութեան ճանաչումը.

     

    «Մենք չենք ցեխոտեր մեզ ատողները, որովհետեւ մենք բարիք կ՛ընենք անոնց` ատուելէն առաջ եւ յետոյ:
    «Մենք չենք նզովեր մեզ անիծողները, որովհետեւ մենք կ՛օրհնենք զանոնք` անիծուելէն առաջ եւ յետոյ:
    «Մենք չենք վախնար մեզ հալածողներէն, որովհետեւ մենք կ՛աղօթենք անոնց համար` հալածուելէն առաջ եւ յետոյ:
    «Մենք չենք խորշիր մեզ թշնամանողներէն, որովհետեւ մենք կը սիրենք զանոնք` թշնամանուելէն առաջ եւ յետոյ:
    «Մենք չենք սարսափիր մեզ սպաննողներէն, որովհետեւ մենք կը ներենք անոնց` սպաննուելէն առաջ եւ յետոյ»:

     

    Ուշադրութի՛ւն: «Յովհաննէս առաքեալի Յայտնութիւն» մատեանին 12-րդ գլուխին մէջ յայտնագրեալ տասներկու աստղերով պսակադիր Կնոջ` Մարիամ Աստուածածինին տանելիք յաղթութեան մասնակից պիտի ըլլան վախճանախօսական յաղթականներն ու փառաւորեալները… Անոնց հոյլին մէջ են, ապրիլեան նահատակներուն հետ, մեր նոր վկաները, որոնք մեզի այսօր կը վերյիշեցնեն Սիրամօր կուսածին Որդիին այս ճշմարտապատում խօսքերը. «Չկայ աւելի մեծ սէր, քան` իր կեանքը զոհել բարեկամներուն համար (Յվհ. 15,13): Իր կեանքը սիրողը կը կորսնցնէ զայն, իսկ այս աշխարհին վրայ իր կեանքն ատողը կը պահէ զայն յաւիտենական կեանքին համար» (Յվհ. 12,25):

     

    Հ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Թոփալեան, Ժողովրդապետ Այնճարի հայ կաթողիկէ համայնքի

    Այնճար, 18 Նոյեմբեր 2019

Օրացույց

Օրացույց