• Վախճանուել է Մխիթարեան Միաբանութեան նախկին Աբբահայր Տ. Վարդան Արքեպս. Քէշիշեանը

    Յիշատակ արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի


    ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ
    CONGREGAZIONE MECHITARISTA

    Սուրբ Ղազար
    San Lazzaro 22/11/2017

    ՄԱՀԱԶԴ

    Գերապայծառ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան,
    Պապական Պատուիրակ Մխիթարեան Միաբանութեան
    եւ Մխիթարեան միաբանները
    սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն իրենց երէց միաբան,
    նախկին Ընդհանուր Աբբահայր,
    Բարձրշ․ Տ. ՎԱՐԴԱՆ ԱՐՔ. ՔԷՇԻՇԵԱՆի
    փոխումը դէպի յաւիտենականութիւն, Երեքշաբթի,
    Ս․ Կոյսի Ընծայման Տօնին, 21 Նոյեմբերի երեկոյեան։

    Քահանայաթաղի կարգը պիտի կատարուի Ուրբաթ 24 Նոյեմբեր,
    առաւօտեան ժամը 11։00ին, Ս. Ղազարու մայրավանքի եկեղեցւոյն մէջ։
    Ապա հոգելոյս Սրբազանին մարմինը պիտի ամփոփուի
    Մայրավանքի միաբանական դամբարանին մէջ:

    Մկրտութեան Սուրբ Աւազանի անունով՝ Գառնիկ, ծնած էր 13 Սեպտեմբեր 1933ին
    Քեսապ։ Ուսումնառութիւնը սկսած էր տեղւոյն Հայ Կաթողիկէ Վարժարանի մէջ։
    Ապա որպէս ընծայացու կ՚ուղարկուի Լիբանան, Պիքֆայիայի ընծայարանը, հուսկ
    կը հասնի Վենետիկ, Ս. Ղազար մայրավանք 30 Մայիս 1949ին։

    Աւարտելով
    դպրոցական ընթացքը, 1953էն համալսարանական կրթութիւնը կը ստանայ Հռոմ,
    իմաստասիրական եւ աստուածաբանական ուսումները կատարելով Գրիգորեան
    համալսարանին մէջ։ Փայլուն յաջողութեամբ կը ստանայ համապատասխան
    վկայականները։

    8 Սեպտեմբեր 1959ին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի Ս. Ղազարի մէջ։
    1961-66 կը պաշտօնավարէ Պիքֆայիայի Մխիթարեան ընծայարանին մէջ որպէս
    ժառանգաւորներու պատասխանատու։

    1966ին անցնելով Հալէպ, մեծ ձեռնհասութեամբ կը վարէ Մխիթարեան
    Վարժարանին տեսուչի պաշտօնը, եւ ապա, երեք տարի յետոյ կը փոխադրուի
    Փարիզ՝ որպէս Սեւրի Մուրատեան Վարժարանի ուսումնապետ:

    1978-1982 իրեն կը յանձնուի Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարանի
    տեսչութիւնը:

    Կրկին Փարիզ կը գտնենք զինք մինչեւ 1990, որպէս տեսուչ Սեւրի Մուրատեան
    Վարժարանին։

    1991ին իրեն կը վստահուին Հռոմի Մխիթարեան Ուսանողարանի և Վանատան
    տեսուչի եւ մեծաւորի պաշտօնները, իր խնամքին յանձնելով Միաբանութեան
    բարձրագոյն դասի աշակերտութիւնը։

    1993-1997 կը վարէ Պուէնոս Այրէսի Մխիթարեան Վարժարանի տնօրէնի
    պաշտօնը։

    17 Մարտ 1997ին Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի ընթացքին կ՚ ընտրուի
    Միաբանութեան ԺԴ. Ընդհանուր Աբբահայրը։
    Այս պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 2000 թուականը, հրաժարելով՝ ի տես Մխիթարեան
    Միաբանութեան Վենետկեան և Վիեննական Տուներուն միութեան համար
    գումարուելիք Ընդհանուր Ժողովին։

    Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէներուն
    Օժանդակ Եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի 13 Մայիս 2001ին, Լիբանանի մէջ:
    2 Ապրիլ 2005ին, տարիքի եւ առողջական պատճառներու բերումով կը քաշուի իր
    պաշտօնէն եւ կը վերադառնայ մայրավանք Ս. Ղազար, նուիրուելով
    ներանձնական կեանքի։

    Ուղեղային կաթուածի հետեւանքով, 2011ի աշունէն սկսեալ, առողջական վիճակը
    ծանրացած էր։
    Վերջին տարին ինքնաբաւ չըլլալով, փոխադրուած էր տարեցներու
    խնամատարութեան մասնագիտական կեդրոն։

    ԴԻՒԱՆ
    ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
    Վենետիկ, 22 Նոյեմբեր 2017

     

Օրացույց

Օրացույց