Խնդրենք Աստուծմէ, որ մեզ դարձի բերէ. հասկնանք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է սիրենք եւ ներենք մեր եղբայրը, որպէսզի ապրինք ինչպէս որ կ՛աղօթենք
Աղբիւրը՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան տեղեկատուական կայք
Խաչի Գիւտի տօնը եւ Հայ կաթողիկէ Սբ. Խաչ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը հանդիսաւոր շուքով նշուեցաւ Կիրակի, 29 հոկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ հայրապետական սուրբ եւ անմահ Պատարագով զոր մատուցանեց Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը։
Յընթացս սուրբ Պատարագին արտասանած հոգեշունչ քարոզին մէջ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ, թէ ըստ պատմական աւանդութեան, մօտաւորապէս 316 թուականին Հեղինէ կայսրուհին` Կոստանդիանոս կայսեր մայրը, ուխտագնացութեան կ՛երթայ Սուրբ Երկիր եւ հոն Գողգոթային վրայ փորել կու տայ, որպէսզի գտնեն Քրիստոսի խաչը: Վերջապէս կը գտնուին երեք խաչեր: Ինչպէ՞ս զանազանել: Բարեբախտաբար այնտեղէն դագաղով սգակիրներ կ՛անցնին, այդ դագաղին վրայ կը դնեն խաչերը, եւ երբ մահացած մարդը յարութիւն կ՛առնէ, կը հասկնան, որ այն է Քրիստոսի ճշմարիտ խաչը: Հոգեւոր Տէրը ըսաւ, որ այս խորհուրդն է, որ 4-րդ անգամուան համար Հայ Եկեղեցին կը տօնէ իբրեւ Խաչի տօն:
Հոգեւոր Տէրը ըսաւ, որ Խաչը մեզի կեանք տուաւ, ուրախութիւն եւ ներում բերաւ, հաշտութիւն բերաւ, խաղաղութիւն բերաւ աշխարհին. եթէ ճշմարիտ քրիստոնեաներ կ՛ուզենք ըլլալ եւ սեպուիլ, այս զգացումներով պէտք է մեր սիրտը լեցուի: Ինչո՞ւ Յիսուս խաչին վրայ ելաւ, որովհետեւ Հայր Աստուած այնքան սիրեց մարդիկ, որ իր միածինը ղրկեց, որպէսզի զոհուի, արիւնը թափէ եւ անով փաստէ, որ ամէն ինչ կորսուած չէ, տակաւին մեզ սիրող կայ ի յաւիտենից եւ մինչեւ յաւիտեան:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յայտնեց, որ Խաչը սիրոյ նշան է. դրախտի ծառէն մեզի մահը հասաւ, այս խաչափայտէն մեզի կեանք տրուեցաւ։ Ապա կոչ ուղղելով ան ներկաներուն ըսաւ. «Պատրա՞ստ ենք այս կեանքը ընդունելու, այս սէրը ընդունելու, ճանչնալու, մեր կեանքի նպատակը դարձնելու: «Աստուած սէր է» առաջին պատուիրանն է, երկրորդը ասոր նման է. «Եղբայրդ սիրէ ոչ թէ քու անձիդ պէս, այլ ինծի պէս, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի եւ կեանքս զոհեցի ձեզի համար, դուք ալ նոյնպէս, ձեր եղբայրները պիտի սիրէք մինչեւ ձեր կեանքին զոհաբերումը»: Հրեաներուն օրէնքը հարիւրաւոր պատուիրաններ ունէր: Բայց օրէնքն ու մարգարէները` մէկ խօսք` սէր, այն աստիճան, որ Ս. Օգոստինոս կ՛ըսէ. «Սիրէ, յետոյ ուզածդ ըրէ», ուզածդ ըրէ ի՞նչ կը նշանակէ. միայն սիրով պիտի ընես, ուրեմն ինչպէս կ՛ըսէ Ս. Պօղոս. «Ան որ կը սիրէ, այլեւս կը ներէ, կը մոռնայ, չի նախանձիր, չ՛ուրախանար եղբօր անկումով, թերութեամբ, այլեւ կ՛ուրախանայ անոր յաջողութեամբ: Ընկեր եւ եղբայր սիրել կը նշանակէ ձեռք տալ անոր, հաց տալ, զգեստ տալ անոր, զինք մխիթարել, իրեն օգնել հոգեպէս, բարոյապէս եւ նիւթապէս»:
Հոգեւոր Տէրը շեշտը դնելով եղբայրսիրութեան վրայ ըսաւ. «Բոլոր քարոզներուս մէջ եղբայրսիրութեան մասին կը խօսիմ: Յովհաննէս աւետարանիչ վերջին տարիներուն միմիայն եղբայրսիրութեան մասին կը խօսէր այն աստիճան, որ իրեն ըսին` մեզի ուրիշ բանի մասին խօսէ. օրէնքը եւ մարգարէները մէկ են, սիրոյ մէջ կը բովանդակուին: Սիրէ Աստուած եւ սիրէ ընկերդ, անկէ դուրս բան չկայ, մենք զմեզ չխաբենք»:
Հուսկ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ. «Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, աղօթենք իրարու, որ հոս ենք եւ կը կազմենք այս ժողովրդապետութիւնը, Լիբանանի մեր համայնքը, բոլոր մեր քրիստոնեայ եղբայրակիցները հոս եւ այլուր, որոնք Քրիստոսի անունին համար, Քրիստոսի հաւատարմութեան համար կը չարչարուին, խաչ կը հանուին, որպէսզի խաչին զօրութիւնը մեզ զօրացնէ եւ հաւատարիմ դարձնէ Քրիստոսի սիրոյն: Աստուած կ՛ուզէ, որ բոլոր մարդիկ, նոյնիսկ մեզ հալածողները դարձի գան, ճանչնան զինք, ճանչնան իր զաւակները, որ դուք էք, մենք ենք, եւ դարձի գան: Խնդրենք Աստուծմէ, որ մեզ դարձի բերէ. հասկնանք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է սիրենք եւ ներենք մեր եղբայրը, որպէսզի ապրինք ինչպէս որ կ՛աղօթենք»:
Յաւարտ սուրբ Պատարագին տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք, եւ աջահամբոյր, որմէ ետք ներկաներուն բաշխուեցաւ մատաղը:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան կազմակերպութեամբ «Ռոյալ» պանդոկի ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, որուն ընթացքին խօսք առնելով Հայր Եղիա ծ. վրդ. Եղիայեան կոչ ուղղեց բոլորին, որ միասնաբար բազմապատկեն ջանքերը, աշխատանքները, որպէսզի Ս. Խաչ համալիրը ըլլայ օրինակելի եւ արդիւնաւէտ: Աշխատանք տանին փնտռելով Աստուծոյ փառքը, ազգին բարգաւաճումը, եկեղեցւոյ պայծառութիւնը եւ սիրելի Լիբանանին խաղաղ օրեր: