• Մխիթարեան հայրերը տոնեցին Միաբանութեան`Սուրբ Ղազարում հաստատման 300-ամեակը

    «Մխիթարեան միաբանութեան պէտք է երախտապարտ ըլլանք, որովհետեւ անիկա ոչ միայն պահպանեց հայկական մշակոյթը, այլ նաեւ նպաստեց մեր մշակոյթի պահպանման»


    Լուրի աղբիւրը՝  Ռադիո Վատիկանի հայկական բաժին

     

    Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ նշուեցաւ հայկական մշակոյթի համաշխարհային կեդրոնի վերածուած Մխիթարեան միաբանութեան 300ամեակը։ Այս առիթով,  Ս. Ղազար եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ պատարագ, որ ուղեկցուեցաւ տուտուկի հնչիւններով՝ Արամ Իփեքճեանի կատարումով:

     

    Պատարագին ներկայ եղան Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեան, Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեան եւ բարձրաստիճան հիւրեր՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէ:

     

    RV28218_Articolo

    Վենետիկի Սուրբ Մարկոս տաճարին մէջ նոյնպէս երեկոյեան ժամերգութեամբ նշուեցաւ մշակութային այս կեդրոնի երեքդարեայ ներկայութիւնը: Պատարագէն առաջ, Վենետիկի պատրիարք Ֆրանչեսքօ Մորալիա վերյիշեց Մխիթարեան միաբանութեան ամբողջ պատմութիւնը:

     

    «Մխիթարեան միաբանութեան պէտք է երախտապարտ ըլլանք, որովհետեւ անիկա ոչ միայն պահպանեց հայկական մշակոյթը, այլ նաեւ նպաստեց մեր մշակոյթի պահպանման», ըսաւ ան:

     

    Մխիթարեան միաբանութեան՝ Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ հաստատման 300ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ յատուկ ցուցադրութիւն մը, ուր ներկայացուեցան Մայր վանքի ամբողջ պատմութիւնը:

     

    Միաբանութեան 300ամեակին առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղած էր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ հաստատելով միաբանութեան ունեցած անգնահատելի դերը՝ հայապահպանման գործին մէջ, որով դարձած է աշխարհի մէջ հայ ժողովուրդի հեղինակաւոր ներկայացուցչութիւն։ «Գտնուելով Եւրոպայի սիրտին մէջ՝ Մխիթարեան միաբանութիւնը հայ մշակոյթը հաղորդակից դարձուցած է Արեւմուտքին, եւ՝ փոխադարձաբար», գրած էր ան:

     

    Նշենք, որ Մխիթարեան միաբանութիւնը հրատարակած է բազմաթիւ հայագիտական-բանասիրական, կրօնական եւ գիտական աշխատութիւններ ու արժէքաւոր հատորներ: Ս. Ղազարի մէջ միաբանները հիմնած են վարժարան, գրադարանի հիմքի վրայ ստեղծած մատենադարան, որուն ձեռագիրները 5000-ի կը հասնին, իսկ տպագիրները՝ 100,000ի:

     

    Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադրութեան 300ամեակին նուիրուած արարողութեանց ծիրին մէջ Կիրակի, 10 Սեպտեմբերին, Վենետիկի մէջ 3 նորընծաներ միացան Մխիթարեան միաբանութեան շարքերուն։

     

    Արարողութեանց հանդիսապետեց Պոլսոյ Կաթողիկէ Հայոց առաջնորդ Լեւոն արք. Զէքիեան, որ աւելի վաղ պապական կարգադրութեամբ նշանակուած էր Մխիթարեան միաբանութեան ընդհանուր պատասխանատու։

     

    Պատարագը մատուցուեցաւ Սերովբէ վրդ. Չամուրեանի կողմէ: Արարողութեան աւարտին երեք նորընծաներ՝ եղբայր Ակսէլ, եղբայր Աթանաս եւ եղբայր Դաւիթ, Զէքիեան գերապայծառին դիմաց կանգնելով՝ կատարեցին իրենց երդումը։

    RV28219_Articolo

    Ըստ մխիթարեաններու օրէնքին՝ Ջաւախքէն, Կիւմրիէն եւ Երեւանէն սերող եղբայրները իրենց տուած ուխտը կրնան վերանորոգել տարի մը ետք՝ ընդունելով միաբանութեան յայտնի 3 դաւանանքները՝ աղքատութիւն, ողջախոհութիւն եւ հնազանդութիւն ու անկէ ետք է, որ անոնք կը դառնան միաբանութեան անդամ կրօնաւորներ ու անոնց ուխտը կը կոչուի մշտնջենական:

     

    Նշենք, որ վերջին տարիներուն առաջին անգամն է, որ Մխիթարեան միաբանութեան շարքերը կը համալրուին նոր ուխտաւոր-նորընծաներով:

     

    Կայքիս խմբագրութիւնը ջերմօրէն շնորհաւորում է Մխիթարեան հայրերին՝ միաբանության 300-ամեակի առթիւ եւ աղօթում, որ Աստուած նորանոր մշակներ հանի՝ միաբանութեան անդամների շարքերը համալրելու եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցուն, հայ ազգին նոր, շնորհառատ եռանդով ծառայելու համար:

Օրացույց

Օրացույց