Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան մամլո դիւանը տեղեկացնում է
Չորեքշաբթի 6 Սեպտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 7:00-ին, Պոլսոյ մէջ վախճանած է Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան երիցագոյն անդամներէն՝ Հ. Գասպար Վ. Պէյլէրեան յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Հ. Գասպար ծնած է Պոլիս 18 Մարտ 1928 թուին: Ան իր նախնական ուսումը ստացած է Պոլսոյ Էսաեան վարժարանը: Պոլսոյ կեդրոնական լիսէն աւարտած է 1948-ին: Ապա տեղւոյն համալսարանի իրաւաբանական ճիւղին հետեւած է մինչեւ 1950:
1951-ին Լիբանան կը ժամանէ եւ Զմմառու Դպրեվանք մուտք կը գործէ: Զմմառու Միաբանութեան Ճունիէի փոքր ընծայարանը կը մնայ մինչեւ 1953, երկու տարուան պատրաստութեան շրջանի մը համար: Այնուհետեւ կը մեկնի Հռոմ, ուր կը յաճախէ «Գրիգորեան» Քահանայապետական համալսարանը եւ կը հետեւի փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան դասընթացքներուն: 1959-ին, կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի ձեռամբ՝ Արհի. Գրիգոր Արք. Հինտիէի Հռոմի Լեւոնեան վարժարանի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ:
1959-1960 Պոլսոյ մէջ զինուորական պարտադիր ծառայութիւնը կը կատարէ, իբրեւ պահեստի սպայ Թէքիրտաղ:
1961-ին ժողովրդապետ կը նշանակուի Գատըգիւղի Ս. Լեւոն եկեղեցւոյ և հոգաբարձու Ղալաթիոյ Ս. Փրկիչ եւ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութեան եկեղեցիներուն: Հ. Գասպար միաժամանակ կրօնագիտութիւն և բարոյագիտութիւն կը դասաւանդէ Պէյօղլուի և Գատըգիւղի «Անարատ Յղութեան» նախակրթարան վարժարաններուն մէջ: 1997-ին հոգաբարձու կը նշանակուի նաեւ Օրդագիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ:
2007-ին երկար տարիներ Պոլսոյ Հայ կաթողիկէ թեմի հոգեւոր ծառայութեան նուիրուած վարդապետը, յառաջացած տարիքի բերումով եւ վատառողջութեան պատճառաւ, կը փոխադրուի Պոլսոյ Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հանգստեան տուն, ուր Եկեղեցւոյ Սուրբ Խորհուրդներով զօրացած՝ իր մահկանացուն կնքած է:
Լուսահոգի վարդապետին յուղարկաւորութեան և թաղման կարգը պիտի կատարուի Շաբաթ 9 Սեպտեմբեր 2017-ին, կ.ե. ժամը 3:00ին, Գատըգիւղի Ս. Լեւոն եկեղեցւոյ մէջ: Հանգուցեալին մարմինը պիտի ամփոփուի Շիշլիի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատան մէջ: Պաշտօնական ցաւակցութիւնները պիտի կատարուին յետ թաղման արարողութեան:
Կիրակի` 10 Սեպտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Զմմառու վանքի եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ սուրբ եւ անմահ Պատարագին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեց նորոգ հանգուցեալ վարդապետին հոգւոյն համար:
Յաւիտենական հանգիստ հանգուցեալին հոգւոյն։
Խունկ և բիւր օրհնութիւն հոգելոյս Հայր Գասպարի անմահ և պայծառ յիշատակին: