• Հաղորդագրություն՝ Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց սինոդոսի տարեկան ժողովի մասին

    Նոր ձեռնարկների դիտավորությամբ՝ ընդառաջ ծիասակատարության վերաբերյալ քահանայապետական սահմանադրության 50-ամյակին


    ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԻՆ

     

    Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց տարեկան Սիւնհոդոսը տեղի ունեցաւ  2017 օգոստոսի 22- սեպտեմբեր 1,  Կաթողիկոսական Աթոռին մօտ, ի Զմմառ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ եւ մասնակցութեամբ բոլոր Հայ կաթողիկէ թեմերու Առաջնորդներուն։

     

    Անկախ Եկեղեցւոյ վերաբերեալ հոգեւոր, հովուական, կանոնական, ընկերային հարցերէն զորս ուսումնասիրեցին, Ժողովական Հայրերը քննարկեցին մասնաւորաբար հետեւեալ հրատապ հարցերը.

     

    Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի տագնապալի կացութեան, ինչպէս նաեւ շրջանէն ներս Լիբանանը յուզող քաղաքական զարգացումներուն  հետեւանքով  յառաջացած անապահով եւ մտահոգիչ իրավիճակը եւ անոր լոյսին տակ  որդեգրուելիք այն միջոցառումները որոնք անհրաժեշտ են  թեթեւցնելու համար ժողովուրդին նիւթա-բարոյական տառապանքը, մասնաւորաբար ընկերային, ընտանեկան, կրթական մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ այն աշխատանքը որ պէտք է տարուի հնարաւորին չափ կասեցնելու համար արտագաղթելու փորձութիւնը որ ծայր առած է վերջին տարիներուն։ Այս շրջագիծէն ներս,  բաժնելով  շրջանի տագնապահար ժողովուրդներու արդար մտահոգութիւնները  անորոշ ապագայի մասին, ժողովական Հայրերը իրենց ձայնը միացուցին տիրող անհանդուրժելի եւ անկայուն կացութեան վերջ դնել պահանջող խաղաղասէր շրջանակներուն։  Անոնք կոչ ըրին մեր ժողովուրդին աղօթել որպէսզի խաղաղութիւնը վերահաստատուի  շրջանէն ներս եւ վերջ գտնէ մեր քրիստոնեայ եղբայրներուն տառապանքը շրջանէն ներս։

     

    Սիւնհոդոսական Հայրերը շեշտեցին լիբանանցիներու միասնականութեան հրամայականութիւնը, այդ միասնականութիւնը նախապայմանը ըլլալով  երկրին սպառնացող վտանգներու չէզոքացումին։ Այս նպատակով հրաւիրեցին երկրին բոլոր բաղկացուցիչները օգնելու Հանրապետութեան Նախագահին եւ կառավարութեան աշխատանքին ի խնդիր քաղաքական, ընկերային, տնտեսական  տագնապներու լուծումին եւ կոչ ըրին ժողովուրդին իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը ցուցաբերելու լիբանանեան բանակին՝ որ  լիբանանցի ժողովուրդի միասնականութեան խորհրդանիշն է եւ անխորտակելի վահանը՝ երկրին սպառնացող բոլոր սպառնալիքներուն դիմաց։

     

    Թեմերէն ներս կղերական եւ աշխարհական դասերուն միջեւ համագործակցութիւնը սերտացնելու հրամայականը, խորացնելու համար քրիստոնէական հաւատքին ճշգրիտ ըմբռնումն ու գործօն ապրումը քսանմէկերորրդ դարուն ներկայացուցած մարտահրաւէրներուն դիմաց։

     

    Թեմերու կացութիւնը հոգեւոր եւ վարչական մարզերու մէջ, համապատասխան միջոցառումներով նիւթաբարոյական հարցերուն բարւոք լուծումներ տալու նպատակով։

     

    Ծիսական բարենորոգումի շրջագիծէն ներս յատուկ խորհրդաժողովի մը ծրագիրը, հիմնուելով Ծէսին ու Ծիսակատարութեան նուիրուած Քահանայապետական Սահմանադրութեան յիսնամեակին վրայ, որ յորդոր մըն է Ծէսը կենդանի պահելու, զայն աւելի մատչելի եւ  իմանալի դարձնելու համար դարուս մարդոց, եւ յատկապէս նոր սերունդին՝ նկատի  ունենալով անոր իւրայատուկ մտայնութիւնը եւ  նորայայտ հոգեկան պահանջները, բոլոր պարագաներուն տակ պահելով հանդերձ Ծէսին անխզելի կապը մեր Հայրերուն հոգեւոր աւանդութեան հետ։

     

    Արդիական լսատեսողական հաղորդիջոցներուն, ինչպէս նաեւ գրաւոր մամուլին օգտագործումը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը, առաքելութեան դաշտը դեռ եւս ընդարձակելով եւ  արդիւնաւորելով քրիստոնէական հաւատքի վերազարդնումը յառաջացնելու համար մեր  ժողովուրդին մօտ ընդհանրապէս, եւ մասնաւորաբար քրիստոնէական ապրումին իմաստն ու նպատակը աւելի ըմբռնելի ու կիրարկելի դարձնելու համար   երիտասարդութեան մօտ։

     

     

Օրացույց

Օրացույց