• Ցեղասպանության զոհերի հիշատակի Սուրբ Պատարագ՝ Բեյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանում

    «Այսօր, 100 տարի ետք թուրքին գործած անասնական ոճիրին համայն մարդկութիւնը դարձեալ ականատես է թուրքի ձեռագիրի յաջորդ պարբերութեան»


    Լուրն՝ ըստ Ազդակ օրաթերթի հրապարակման

     

    Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին նախագահութեամբ, 24 ապրիլ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի բակէն ընթացք առած հանդիսաւոր թափօրը, առաջնորդութեամբ ՀԿՄ-ի շեփորախումբին, մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ հոգեւոր դասին, սկաուտներուն, միութիւններու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հոծ բազմութեան, ուղղուեցաւ դէպի Ս. Գրիգոր լուսաւորիչ ճեմարանի բակը, ուր Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան Ս. Պատարագ մատուցեց Ապրիլեան նահատակներու յիշատակին առընթերական ունենալով Ղազար վարդապետ Պետրոսեան եւ Խաչիկ վարդապետ Գույումճեան: Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց «Արծիւեան» երգչախումբը, խմբավարութեամբ` Մանուէլ Քէշիշեանի:

     

     

    Յընթացս Ս. պատարագին, Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան ժողովուրդին ուղղած իր քարոզին մէջ ըսաւ, որ Հայոց մեծ եղեռնը բնութագիրը հանդիսացած է 20-րդ դարու պատմութեան, որուն ամբողջ ընթացքին մարդկութիւնը ականատես դարձած է մարդկային քստմնելի եւ սահմռկեցուցիչ ոճիրներու, որոնք Ռաֆայէլ Լեմքինի ձեւակերպումով բնութագրուեցան իբրեւ ցեղասպանութիւն:

     

    Ան յայտնեց, թէ թրքական իրերայաջորդ կառավարութիւններ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու փափաք երբեք չեն ունեցած, այլ ընդհակառակը, յաճախ փորձած են զայն քօղարկել տեղահանութեան անուան տակ իբր թէ պատերազմական տարածքներէն ազգաբնակչութիւնը աւելի ապահով վայրեր տեղափոխելու անհրաժեշտութեամբ, որ ինքնին յստակ եւ բացայայտ խոստովանութիւն է Ցեղասպանութեան իրողութեան:

    AR-Cat-24-2017-234f

    Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան ըսաւ. «Այսօր, 100 տարի ետք թուրքին գործած անասնական ոճիրին համայն մարդկութիւնը դարձեալ ականատես է թուրքի ձեռագիրի յաջորդ պարբերութեան, այս անգամ սիրելի սուրիական տարբերակի տեսքով, ուր հայերու տուներ հիմնայատակ կործանեցան ու մոխրացան: Մենք պարտաւոր ենք առաւել մօտէն հետեւիլ թուրքին կատարած իւրաքանչիւր քայլին` աշխարհի ո՛ր երկրին մէջ ալ գտնուինք,  խուսափելու համար անոր տմարդի դաւերէն ու հարուածներէն: Պարտաւոր ենք բացայայտել թուրքին իսկական դիմագիծը եւ համաշխարհային հանրութեան հասկցնել, որ քանի դեռ մեղայականով հանդէս չէ եկած թուրքը եւ չէ փոխհատուցած իր գործած ոճիրին համար, ապա ան տեղ չունի մարդկային հասարակութեան մէջ` որպէս անոր քաղաքակիրթ լիիրաւ մէկ բաղադրիչը»:

     

    Ան կարեւոր նկատեց Հայոց ցեղասպանութիւնը դիտարկել միջազգային իրաւունքի լոյսին ներքեւ` նշելով, որ վերջին շրջանին ընդարձակուած է Հայոց եղեռնը  իրաւական չափանիշներով գիտագործնական հետազօտութիւններու շրջանակը: Այս հանգամանքը պայմանաւորուած է նախ Հայոց ցեղասպապանութեան դատապարտման առնչութեամբ միջազգային ատեաններու արձագանգներու մէջ ի յայտ եկած նոր երանգներով, ապա հայ եւ օտար պատմաբաններու իսկապէս նպատակասլաց ու ծանրակշիռ հետազօտութիւններուն շնորհիւ:

    AR-Cat-24-2017-214

    Հայուն անկոտրում կամքը ո՛չ մէկ ուժ կրնայ ընկրկել, չենք ընկրկած, ոչ ալ պիտի ընկճուինք, այլ աննկուն կամքով եւ քայլերով դէպի լուսաւոր ապագայ պիտի ընթանանք բարեխօսութեամբ մեր մէկուկէս միլիոն սուրբերուն` ի դէմս Մարտինի արքեպիսկոպոս երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի եւ Զմմմառեան 15 միաբան նահատակներուն, որոնք իրենց անմեղ արեան հեղմամբ մահուան զմահ կոխեցին»:

     

     

    Պատարագի աւարտին Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին գլխաւորութեամբ եւ առաջնորդութեամբ ՀԿՄ-ի շեփորախումբին,  հանդիսաւոր թափօրով, պատարագին մասնակիցները ուղղուեցան Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր Նահատակաց յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ աղօթք, որմէ ետք խօսք առաւ Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքը: Ան ըսաւ, որ Յիսուս Քրիստոս խաչին վրայ մեռնելէ առաջ բոլորիս տուաւ իր մարմինը եւ արիւնը, որով կ՛ապրինք, յարութիւն կ՛առնենք եւ աստուածային կեանքին մասնակից կը դառնանք: Այս իրականութիւնը մեր նախնիներ լաւ հասկցած էին, երբ 451 թուականին պատերազմի մասնակցելէն առաջ հաղորդուեցան եւ ուխտեցին իրենց արիւնը խառնել Քրիստոսի արեան: Անոնք յաղթական դուրս եկան, որովհետեւ պաշտպանեցին իրենց կրօնքը, Յիսուսի հաւատարիմ մնացին, ու հայոց աշխարհը չմահմետականացաւ:

     

    Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Տարիներէ ի վեր կ՛արտասանենք պահանջատիրութիւն բառը, որմէ՞ կը պահանջենք, անարդար աշխարհէ՞ն, մեր վրան խնդացող պետութիւններէ՞ն. եւ ի՞նչի կը սպասենք, արդարութեա՞ն, ի՞նչ պիտի տան: Ինչպէ՞ս կարելի է գինը վճարել մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, մեր կալուածներուն, կառոյցներու: Մեր նահատակները արձանագրուած են երկնքին մէջ, հպարտ ըլլանք, որ Աստուած մեզ ընտրեց իբրեւ առաջին պետութիւնը: Ի՜նչ պատիւ է մեզի համար, որ իրեն խաչակից ըլլանք: Մենք` հայերս, բազմահազար խաչքարերուն վրայ մեռեալ Յիսուսը չենք քանդակեր, այլ  յարուցեալ Քրիստոսը: Երբ մենք Քրիստոսի հետ խաչուեցանք, ուրեմն յարութիւն պիտի առնենք. մեր յոյսը միայն Յիսուսի վրայ դնենք. եթէ մինչեւ այսօր անով տոկացինք, ահա այսօր կանք, պիտի մնանք ու շատանանք»:

     

    Այնուհետեւ շեփորախումբին կողմէ հնչած Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու նուագակցութեամբ վարժարաններու, կազմակերպութիւններու, մարմիններու, միութիւններու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ իրենց ծաղկեպսակները զետեղեցին Նահատակաց յուշակոթողին շուրջ. ապա սկաուտներն ու արիները պատուի եկած երգեցին սկաուտական քայլերգները եւ իրենց ուխտը վերանորոգեցին:

Օրացույց

Օրացույց