• Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանը քայլարշավ կազմակերպեց՝ ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանության զոհերին

    «Կառչած մնանք մեր նախնեաց հաւատքին»:


    Նյութը վերցված է Ազդակ օրաթերթից

     

    Լիբանանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներուն ծիրին մէջ երէկ` կիրակի, 23 ապրիլ 2017-ին, տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին կազմակերպած ժողովրդային քայլարշաւը` Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ շրջափակէն դէպի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան:

     

     

    Ապրիլ 24-ի նախօրեակին տարբեր խորհրդաւորութիւն մը ստացած էր Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի բակը: Խուռներամ բազմութիւնը մոմեր վառած, աշակերտներ` եռագոյն դրօշներով, իսկ սկաուտներ ջահերով կը պատրաստուէին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Եղեռնի զոհերու յիշատակին: ՀԿՄ-ի շեփորախումբին հնչեցուցած նուագին կշռոյթին ներքեւ սկսաւ քայլարշաւը: Հպարտ ու սէգ ճակատներով կողք-կողքի քալեցին հոգեւորականն ու տարեցը, կինն ու պատանին, երիտասարդն ու մանուկը, քալեցին ի խնդիր Հայ դատին ու պահանջատիրութեան: Քալեցին ու մասնակցեցան հսկումի հաւաքին` ապացուցելով հայ ժողովուրդի հաւատարմութիւնը ազգային պահանջատիրական երթին:

    ArmCat417-128

    Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի շրջափակին մէջ կազմակերպուած հսկումին ողջոյնի խօսք արտասանեց Լիւսի Մազմանեան: Ան ըսաւ. «Հաւաքուած ենք յուշակոթողին շուրջ ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակը, յարգելու  մեր մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներու յիշատակը եւ անգամ մը եւս յիշեցնելու համայն աշխարհին, թէ սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը հաստատ կամքով, տոկուն քայլերով կը շարունակէ իր պահանջատիրական պայքարը այս նոր դարաշրջանի սեմին` 100-ամեակի վճռակամութեամբ»: Ան յայտնեց, որ հսկումի հաւաքին արտասանուած խօսքերը, երգերն ու աղօթքները կը միանան սրբազան քահանայապետին, որ Իտալիոյ Ս. Բարթողիմէոս պազիլիքային մէջ իր աղօթքը բարձրացուցած է յիշատակելով հայերը, ասորիներն ու բոլոր քրիստոնեաները, որոնք ջարդուած են Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին:

     

    Այնուհետեւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն Արմիկ Հեքիմեան եւ Մարիա Եմէնեան նուագեցին հայրենասիրական երգեր, ապա Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանէն Ռաֆայէլ Մխճեան ապրումով ասմունքեց Սիամանթոյի «Պարը»: Իր կարգին, «Արծիւեան» երգչախումբը մեկնաբանեց «Ապրիլեան նահատակներուն» երգը:

     

     

    Ձեռնարկի աւարտին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը օրուան խորհուրդը տուաւ: Ան իր յուզմունքը եւ ուրախութիւնը յայտնեց քայլարշաւի մասնակիցներուն, որոնք ճամբայ կտրեցին եւ ուխտի եկան նահատակներու յուշարձանին առջեւ: Ան ըսաւ, թէ այս արարքը կը յիշեցնէ Հայաստան այցելութիւնը Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետին, որ ուխտի գացած էր մարտիրոսներու երկիրը: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ըսաւ. «Ուխտի եկաք յիշելով եւ ապրելով Աստուծոյ հետ, ինչպէս մեր հայրերն ու մայրերը քալեցին դժնդակ պայմաններու մէջ, բայց միշտ կառչած մնացին Աստուծոյ` իրենց Արարիչին եւ Փրկիչին, իրենց կրօնին, իրենց ազգին, երբեք չուզեցին դրժել զանոնք»:

    ArmCat417-405

    Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը դիտել տուաւ, որ կեանքը ուղեւորութիւն մըն է, ճամբայ մը, որ կը կտրենք, ուրեմն պէտք է սորվինք մեր նախնիներէն Աստուծոյ նայուածքին տակ քալել, Աստուծոյ հետ քալել: Հոգեւոր տէրը եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Կառչած մնանք մեր նախնեաց հաւատքին. անոնք մեռան, որ մենք` իրենց շառաւիղները, ապրինք. անոնք մեռան, որպէսզի մենք իրենց արժանաւոր կեանքով ապրինք,  հաւատարիմ իրենց աստուածսիրութեան եւ հայրենասիրութեան», ապա պահպանիչով փակեց հսկումի հաւաքը:

     

    Իր կարգին, Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայոց եղեռնի յանձնախումբին, ՀԿՄ-ի շեփորախումբին, բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին ձեռնարկի կազմակերպման ու գեղարուեստական յայտագիրին եւ մանաւանդ Լիբանանի ապահովական ուժերուն, որոնք յանձն առին հետեւիլ քայլարշաւին եւ հսկումին ապահովութիւնը երաշխաւորել:

Օրացույց

Օրացույց