• Զմմառի վանքում մեկնարկել է հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսների սինոդոսի ժողովը

    Քննարկվող մարտահրավերներից մեկը հայ կաթողիկէ լրատվամիջոցների զարգացման անհրաժեշտությունն է:


    26 օգոստոսի, 2016թ.

    Ներկայացնում ենք Ռադիո Վատիկանի հայկական բաժնի հրապարակումը:

    Հինգշաբթի, 25 օգոստոս 2016-ին, Զմմառու Տիրամօր վանքին մէջ սկիզբ առին Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսական նիստերը` նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի, Արեւելեան Եւրոպայի, Պոլսոյ, Հալէպի, Դամասկոսի, Գամիշլիի,  Եգիպտոսի, Պաղտատի , Սուտանի, Պարսկաստանի, Ֆրանսայի, Արեւմտեան Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Արժանթինի, Լատինական Ամերիկայի, Յունաստանի, Երուսաղէմի եւ Յորդանանի թեմերու առաջնորդներուն, ինչպէս նաեւ Զմմառու վանքի մեծաւորին:

     

    Սիւնհոդոսի բացման նիստը տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, մասնակցութեամբ` Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիայի:

     

    Նիստի ընթացքին սիւնհոդոսական հայրերը շնորհակալական նամակ մը յղեցին Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետին` յայտնելով իրենց խորին երախտագիտութիւնը աշխարհի եւ մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն տարածելու աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ 2016-ը «Գթութեան տարի» հռչակելուն առիթով:

     

    Առաջին օրուան աշխատանքներու աւարտին Աղեքսանդրիոյ կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան կարդաց սիւնհոդոսական նիստերու բացման պաշտօնական հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուած են սիւնհոդոսական հայրերուն քննարկելիք նիւթերը.

     

    1- Շարունակել Հայոց ցեղասպանութեան  նուիրուած յանձնախումբի աշխատանքները, որպէսզի կարելի ըլլայ սուրբ հռչակել երանելի Իգնատիոս  եպս. Մալոյեանը:

     

    2- Ուսումասիրել Ֆրանչիսկոս քահանայապետի յորդորները ընտանիքի մասին եւ զանոնք ներկայացնել ու բացատրել  բոլոր հաւատացեալներուն, բայց մանաւանդ երիտասարդներուն:

     

    3- Զարգացնել  ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները` մամուլը, պատկերասփիւռը եւ համացանցը, որպէսզի կարելի ըլլայ եկեղեցական ուսմունքները եւ յորդորանքները տարածել կաթողիկէ համայնքի զաւակներուն` Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին:

     

    4- Քննարկել  Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ իրավիճակը, ընդհանրապէս աշխարհի եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի ներկայ վերիվայրումներուն եւ անոնց հետեւանքով ստեղծուած մտահոգիչ կացութեան լոյսին ներքեւ` դիմագրաւելու համար բազմապիսի հարցերն ու մարտահրաւէրները, որոնք կը սպառնան հաւատացեալներուն ազգային ու հոգեւոր ինքնութեան:

     

    5- Անդրադառնալ հայ երեք յարանուանութիւններու մատուցած ընկերային եւ տնտեսական ծառայութիւններուն` տեղահանուած հազարաւոր քոյրերուն եւ եղբայրներուն Սուրիոյ, Իրաքի, Յորդանանի, Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ:

     

    Սիւնհոդոսական նիստերու բացման առիթով սիւնհոդոսական հայրերը իրենց ձայնը բարձրացուցին մեծ պետութիւններուն, ՄԱԿ-ին, Արաբական լիկային եւ Մարդու իրաւունքներու միջազգային խորհուրդներուն` մերժելու ահաբեկչական ու բռնութեան բոլոր երեւոյթները, կոչ ուղղեցին, որ գաղթականները վերադառնան իրենց տունն ու հայրենիքը` ցանկալով աշխարհին խաղաղութիւն, արաբական աշխարհին համերաշխութիւն եւ միութիւն, իսկ Լիբանանի քաղաքական կեանքին համար կայունութիւն, որպէսզի կարելի ըլլայ ընտրել նախագահ եւ նոր էջ բանալ Լիբանանի արդի պատմութեան մէջ, որ հիմնուած ըլլայ ընկերային արդարութեան եւ մարդկային եղբայրասիրութեան վրայ:

     

    Աւարտին սիւնհոդոսական հայրերը իրենց աղօթքը բարձրացուցին Զմմառու Տիրամօր եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանին, որ ամենակարող Աստուած օրհնէ սիւնհոդոսական աշխատանքները, ուժ եւ կարողութիւն ներշնչէ բոլոր քաղաքական ուժերուն, կառավարիչներուն, որ պատասխանատուութեան ոգիով զինուին եւ համարձակօրէն դէմ կանգնին երկրին դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն, իսկ եկեղեցւոյ պատմութեան, Լիբանանի, Միջին Արեւելքի յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ արձանագրուին պայծառ էջեր` լեցուն սիրով ու յոյսով, պահպանելու բոլոր հաւատացեալներուն իրաւունքները:

     

    Յայտնենք, թէ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը իր աշխատանքները պիտի աւարտէ ուրբաթ, 2 սեպտեմբեր 2016-ին:

     

    14203016_1249108755140503_161520005_o14215759_1249108768473835_995549118_o

Օրացույց

Օրացույց