Լուրն՝ ըստ Ռադիո Վատիկանի հայկական բաժնի հրապարակման
23 նոյեմբերի, 2015թ.
Երկուշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Հայ Կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. նորընտիր Պատրիարքը ընկերակցութեամբ եպիսկոպոսներու եւ պետական երեսփոխաններու պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Հոգեւոր Տէրն ու իրեն ընկերացող շքախումբը Կաթողիկոսարանի Վեհարանին մուտքին դիմաւորուեցան Վեհափառ Հայրապետին եւ Միաբան Հայրերուն կողմէ, որոնք առաջնորդեցին Վեհափառ Հայրապետն ու Պատրիարքը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի աւագ խորան, ուր կատարուեցաւ «Կանոնական» աղօթք:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, թափօրը ուղղուեցաւ Վեհարանի դահլիճ, ուր Արամ Ա. Կաթողիկոս բարի գալուստ մաղթեց Հոգեւոր Տիրոջ: Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ մեր երկու եկեղեցիները ունին ազգային նոյն պատկանելիութիւնը եւ քրիստոնէական նոյն արմատները, հետեւաբար մեր նմանութիւնները իրար հետ շատ աւելի են քան տարբերութիւնները: Մեր եկեղեցիներն ու ժողովուրդը միշտ այս գիտակցութեամբ գործակցած են ու կը շարունակեն գործակցիլ ամէն մակարդակներու վրայ: Ան նաեւ շնորհաւորեց Հոգեւոր Տէրը երկու նոր եպիսկոպոսներու ձեռնադրութեան առթիւ:
Պատրիարքը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, իր գահակալութեան արարողութեան ներկայութեան եւ արտասանած խօսքին համար: Ան շեշտեց մեր հաւատքին կառչած մնալու եւ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը թէ՛ Հայրենիքէն եւ թէ Սփիւռքի մեր գաղութներէն ներս:
Երկու Հոգեւոր Պետերը քննարկեցին աշխարհը ցնցող ահաբեկչական արարքները, Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը, Հայաստանի կացութիւնը եւ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէութեան ներկայութեան կարեւորութիւնը: