• Ամեն. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքը Սբ. Պատարագ մատուցեց Աստվածածնի Վերափոխման տոնին

    «Մենք հրաւիրուած ենք ապրելու Աստուծոյ պարգեւած խաղաղութիւնը եւ ասոր համար պէտք է սիրենք զիրար»:


    17 օգոստոսի, 2015թ.

     

    Լուրը՝ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցու պատրիարքարանի կայքից:

     

    «Վերափոխումը պանծացումն է Աստուածածնի» ըսաւ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ ԳրիգորՊետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը  Աստուածամօր ՎերափոխմանՏօնին առիթով Զմմառու վանքին մէջ մատուցած սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։  Յիրաւի, այդ պանծացումին մասնակից դառնալու գիտակցութեամբ է որ  հաւատացեալ հայորդիներու հոծ բազմութիւն մը՝ 16 օգոստոս 2015, կիրակի առաւօտեան ժամը 10.30-էն սկսեալ լեցուցած էր  Զմմառու  Տիրամօր  Վանքին շրջաբակըընդառաջելով Զմմառու ՊատրիարքականԿղերի Միաբանութեան հրաւէրին, ջերմեռանդութեամբ եւ պատշաճ շուքով նշելու համարբազմադարեայ աւանդութիւն ունեցող տօնը, որ այս տարի  կը զգենուր բացառիկ շուք մը նկատելով որան կը կատարուէր  նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքին նախագահութեամբ։

     

    Արդարեւ,  պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբին կատարողութեամբ՝ դոկտ. ԵդուարդԹորիկեանի խմբավարութեամբ հնչած Հրաշափառով խորան բարձրացաւ ամենապատիւ եւգերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Կաթողիկոս Պատրիարքը  Սուրբ Պատարագը մատուցանելուհամար  առընթերակայութեամբ  Բարսեղ վարդապետ Պաղտասարեանի եւ Մաշտոց վարդապետ Զահթերեանի եւ սպասաւորութեամբ Զմմառու Սուրբ Միքայէլ  եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեան ընծայարաններու նորընծաներուն եւ ժառանգաւորներուն։

     

    Յընթացս Սուրբ Պատարագին իրեն յատուկ հաղորդականութեամբ արտասանած քարոզին մէջ, նորընտիր ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը «ՎերափոխումըԱստուածածնի պանծացումն է» ըսաւ, երանի տալով անոնց որոնք կը լսեն իրենց խղճին ձայնը, Աստուծոյ ձայնը ու կընդառաջեն անոր։  Իր «այո»ն արտասանելով՝ Մարիամ ընդունեց Յիսուսի մայրը  ըլլալ։ Միաժամանակ՝  Տիրոջ աղախինը։ Ան հաւատքով ընդունեց Աստուծոյ կամքը։ Մենք ալ երբ լսենք Աստուծոյ  ձայնը, ըսաւ Հոգեւոր Տէրը,  հաւատանք, ընդունինք եւ հաւատարիմ ըլլանք անոր՝ կը դառնանք Յիսուսի եղբայրները եւ քոյրերը։Աստուած մեզ սիրով ստեղծեց եւ մեզ չլքեց, այլ իր ձեռքերուն մէջ պահեց»։ Նշելով որ ամբողջ Միջին Արեւելքը անձկութեան մէջ կապրի այսօր եւ մարդիկ հարց կու տան թէ ի՞նչ պիտի ըլլան վաղը,  Հոգեւոր Տէրը ըսաւ որ առանց խաչի կեանք չկայ, եւ յիշեցուց Յիսուսի խօսքը՝ «երանի անոր որ իր խաչը կառնէ եւ ետեւէս կու գայ»։ «Մենք հրաւիրուած ենք ապրելու Աստուծոյ պարգեւած խաղաղութիւնը եւ ասոր համար պէտք է սիրենք զիրար այնպէս, ինչպէս Ան պատուիրեց իր առաքեալներուն ըսելով՝ զիրար  սիրեցէք ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։ Այս փոխադարձ սէրն է պայմանը երկնային խաղաղութեան»։ Իր քարոզի աւարտին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու եւ Աստուածամօր բարեխօսութեամբ հայցելուԱստուծոյ շնորհները։

     

    Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կատարեց  խաղողի ողկոյզներուն օրհնութիւնը, արարողութեան աւարտին վստահեցնելով որ իւրաքանչիւր հաւատացեալ իր մտքին, հոգիին ու աղօթքներուն մէջ կը գտնուի, միաժամանակ խնդրելով աղօթել իրեն համար։

     

    Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը, արհիապատիւ հայրերուն, Վանքի մեծաւոր Հօր եւ վարչական հայրերուն հետ Վանքի դահլիճին մէջ ընդունեց  շնորհաւորութիւնները հաւատացեալներուն, որոնք օրհնուած խաղողի ողկոյզները ստանալէ  ետք ՀԿՄ.ի Զալքայի պատանիներուն ձեռամբ՝մեկնեցան վանքէն գոհունակ սրտով։ Զալքայի ՀԿՄ.ի պատանիներուն եւ շեփորախումբին ներկայութիւնը շրջափակէն ներս եւ անոր շուրջ՝ ժողովրդայինտօնախմբութեան մթնոլորտ ստեղծած էր։

Օրացույց

Օրացույց