• Պատրիարքական կառավարիչ Արհ. Տ. Գրիգոր եպս. Կապրոյանի դամբանական ճառը.«Ամեն բանից առաջ՝ նա հոգևոր կյանքի մարդ էր»

    «Մեկնեցսււ Աստուծոյ մարդը, աղօթքի մարդը, ծառայութեան մարդը, ժողովուրդին մարդը»։


    1 հունիսի, 2015թ.

     

    «Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

     

    Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին կը սգայ այսօր կորուստը իր հովուապետին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ.Կաթողիոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ։

     

    Մեր հայրապետին անակնկալ ու տարաժամ մահը ցնցեց մեր համայնքը իր բոլոր տարրերով ու խաւերով։ Ոչ ոք, արդարեւ, կրնար երեւակայել թէ ան, օր մը աոաջ յետ հանդիսապետելու պաշտօնական սուրբ Պատարագի մը եւ երկարաշունչ պատգամ մը ուղղելու, մեր աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, եւ ապա, յաջորդ առաւօտ կանուխ, ըստ, իր քահանայական անբեկանելի սովորութեան, իր առօրեայ սուրբ Պատարագը մատուցանելէն անմիջապէս ետք, իր հոգին պիտի յանձնէր իր երկնաւոր Հօր ձեոքը, խաղաղ կերպով, լուռ ու անվրդով, կրնանք ըսել՝ տառացիօրէն՛ արդարի մահով կնքելով իր քահանայական յիսնամեայ կեանքը:

     

    Լուսահոգի Հովուապետին բաժանումովը իր հօտէն, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին կը կորսնցնէ ոչ միայն քաջարի ու պարտաճանաչ Առաջնորդ մը, այլ նաեւ անձնուէր հայր մը եւ օրինակելի եկեղեցական մը, հաւատարիմ ծառան իր աստուածային Վարդապետին, րարի օրինակ հանդիսանալով իր եպիսկոպոս եղբայրակիցներուն եւ քահանայ գործակիցներուն համար։

     

    pic (1)

    Պատրիարքական կառավարիչ Արհ. Տ. Գրիգոր եպս. Կապրոյան

     

    Երբ, տասնվեց տարիներ աոաջ, համակերպելով սիւնհոդոսական եղբայրներուն կամքին, ան կ’ընդունէր ծանրակշիռ պարտականութիւնը կաթողիկոսական պաշտօնին, լաւ գիտէր թէ ինչպիսի ծանր պատասխանատուութիւն մր կը դրուէր իր ուսերուն վրայ։ Սակայն, շնորհիւ իր ամրապինդ հաւատքին եւ անվերապահ վստահութեան աստուածային նախախնամութեան, կ’ընդունէր ծանր բեոը եւ անյապաղ կը լծուէր հովուական աշխատանքի։

     

    Լուսահոգի Հայրապետին առաջին գործը եղաւ վերակագմակերպել եւ վերաշխուժացնել համայնքային կառոյցները, յատուկ կարեւորութիւն ընծայելով աշխարհական դասակարգի գործօն եւ հետեւողական մասնակցութեան Եկեղեցւոյ կեանքին ու գործունէութեան։ Ապա, հետապնդելով  պատրիարքական Յաձնախումբերու կազմերու նորոգումը, ըստ կանոնական օրէնքներուն, ոյժ տուաւ ծիսական, հովուական, միջեկեղեցական, քրիստոնէականի ուսուցման հաղորդակցան, կոչումներու եւ այլ եկեղեցական գործունէութիւններուն։

     

    Առանց ժամանակ կորսնցնելու, եւ կենսական համարելով եղբայրական ներդաշնակ յարաբերութիւններն ու անկեղծ համագործակցութիւնը բոլոր յարանուանութիւներուն հետ, ջանք չխնայեց անոնց հետ մնայուն եւ սերտ կապ պահելու համար, ըլլայ հոգեւոր թէ ազգային մարզերու մէջ։ Համոզուած էր թէ մեր ժողովուրդին գերագոյն բարիքը կր պահանջէ որ անոր Առաջնորդները ձեռք ձեոքի տան, մանաւանդ երբ Ագգին վերաբերեալ վճռական հարցեր կան, որ կը պահանջեն անտեսել հատուածական մտայնութիւնները ի մտի ունենալով մի միայն Ագգին գերագոյն բարիքը:

     

    Ասոր համար, ան առիթը չէ փախցուցած հաղորդակցելու մանաւանդ քոյր Եկեղեցիներու նուիրապետական Աթոռներուն հետ, ամէն պատեհ առիթով, գրաւոր հաղորդակցութեամբ թէ անձնական կամ պաշտօնական հանդիպումներով:

     

    Հանգուցեալ Հայրապետին մասին խօսելով, կարելի չէ զանց ընել երախտագիտութեամբ յիշելու եւ լոյսի տակ աոնելու անոր արժանիքները, յայտնաբերուած իր երկարամեայ քահանայական եւ նուիրապետական կեանքին ընթացքին:

     

    Ան, ամէնէն աւելի եւ ամէն բանէ վեր, հոգեւոր կեանքի մարդ Էր։ Լիուլի համոզուած Էր, որ քահանան նախ եւ աոաջ Աստուծոյ մարդն Է։ Աղօթքի կեանքը անհարաժեշտ կը սեպէր եկեղեցականի մը գործունԷութիւնը շնորհաբեր եւ արդիւնաւէտ դարձնելու համար:

     

    Հոգեւոր Տէրը անվերապահ ջատագովն ու կիրարկողն էր օրէնքներու, կապուած մանաւանդ օրէնքի հոգիին: Խորապէս կառչած էր, ոմանց կողմէ ծայրայեղ դատուելու աստիճան, օրէնքի հաւատարիմ գործադրութեան, եւ ստէպ կր դիմէր օրէնքի աղբիւրներուն, իր տեսակէտներն ու դիրքաւորումները հիմնաւորելու համար:

     

    Երջանկայիշատակ Հովաապետը կր ճանչնար ծէսին ու ծիսական կեանքին կենսական դերը՝ Աստուծոյ ժողովուրդին սրբացման եւ հոգեւոր փրկութեան գործին մէջ։ Չգոհանալով երբեմն պատրիարքական յատուկ Յանձնախումբին կատարած սւշխատանքով, ստէպ, նախաձեռնութիւներ կ’առնէր օժանդակելու համար անոր: Իր քաջալերանքով ու հետեւողական ջանքերով կատարուեցաւ վերատեսումն  ու վերահրատարակումը Սուրբ Պատարագի խորհրդատետրին, Մաշտոցին եւ այլ ծիսամատեաններու։ Զարկ տուաւ Աստուածաշունչի աշխարհաբար թարգմանութեան վերատեսումի եւ հրատարակումի նախաձեռնութեան:

     

    Հոգեւոր Տէրը կը յատկանշուէր իր յամառ աշխատողի նկարագրով։ Իր աշխատանքի ժամերը չէին սահմանուէր սովորական աշխատողի մը պահերով, ստէպ երկարելով մինչեւ ուշ գիշեր։ Չէր հանդուրժէր որ որեւէ ծրագրուած աշխատանք մնար կիսաւարտ։ Իր անմիջական գործակիցները անբաժին չէին մնար իր գործելու ծայրայեղ եռանդէն։ Արդար է յիշել հոս, պատմութեան համար, իր նախաձեռնութեամբ իրականացած ծրագիրները, յատկապէս այս վերջին տարիներու ընթացքին։

     

    Իբր Հովիւ եւ Դաստիարակ իր հօտին, ան հրատարակեց բազմաթիւ հովուական թուղթեր, որոնցմէ հարկ է յիշատակել յատկապէս Հայաստանի քրիստոնէացման 1700 ամեակը, Հայոց Ցեղասպանութեան 90 ամեակը եւ 100 ամեակը, քրիստոնէական Դաստիարակութիւնն ու քրիստոնեայ Վարժարանին առաքելութիւնը, Նոր Աւետարանումի Տարին, եւ այլն։

     

    Անխոնջ ճանապարհորդող, ի հեճուկս իր աոողջական աննպաստ պայմաններուն, ան անհրաժեշտ սեպեց հովուական սւյցելութիւններով խրախուսել եւ յուսադրել իր հօտը ամենահեռաւոր գաղութներու մէջ։ Ջանաց հովիւներով օժտել համայնքիս կարգ մը առաքելավայրերը որոնք երկար ատեն զուրկ մնացած էին հոգեւոր առաջնորդներէ։

     

    Իր առաքելական եռանդին պսակումը եղաւ սակայն, այս վերջին տարուայ ընթացքին իր բազմամեայ զոյգ երազին իրականացումը. հոչակումը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի իբր վարդապետ Տիեզերական Եկեղեցւոյ եւ պատմական Սուրբ Պատարագը, զոր մատոյց Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, եւ որու ընթացքին ան բարձրաղաղակ դատապարտեց Օսմանեան պետութեան ահաւոր ոճիրը, արտասանելով համայն հայութեան կողմէ սպասուած  բառը. «Առաջին ցեղասպանութիւն քսաներորդ դարու»։ Այս գոյդ եղելութիւնները, որոնք տարիներու յամառ եւ համբերատար աշխատանքի արդիւնքն էին Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին, գլխաւորութեամբ երանաշնորհ Հայրապետին, իր վերջին մխիթարութիւնն եղան նախքան յաւիտենականութեան մէջ իր մուտքը։

     

    Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

     

    Մենք այս պահուս հրաժեշտ կու տանք եկեղեցականի մը։ Եկեղեցական մը անով միայն կ’արդարացնէ իր տիտղոսը՝ անվրէպ ու անվերապահ հետեւողն ըլլալով իր աստուածային Վարդապետին՝ որ ինքզինքը յորջորջեց «բարի Հովիւ»:

     

    «Ես եմ բարի Հովիւը», ըսաւ ան եւ բնորոշելով իր այդ հանգամանքը, ան թուեց անոր գլխաւոր յատկանիշը. «Բարի հովիւը իր կեանքը կու տայ իը ոչխարներուն համար», ըսաւ։ «Բարի Հովիւը իր հօտին առջեւէն կը քալէ», զայն կ’ուղղէ եւ կ’աոաջնորդէ Սիրոյ եւ Ճշմարտութեան ճանապարհին վրայ: Ան պատրաստ է նոյնիսկ զոհուելու՝ իր ոչխարներուն կեանքը ապահովելու համար:

     

    Չենք վարանիր ըսելու թէ մեր երջանկայիշատակ հայրապետը ճշմարտապէս Բարի Հովիւ եղաւ իր հօտին համար։ Մինչեւ իր վերջին շունչը, դիմագրագելով ամէն տեսակ դժուարութիւներ, պահ մը իսկ  չխորհեցաւ լքել իր հօտը եւ պատասխանատւութիւնը։ Հակառակ բժիշկներուն  զգուշացումներուն, ան պատարագեց, քարոզեց, գրեց, ճամբորդեց, ժողովներ գումարեց, մինչեւ որ իր ոյժերը լքեցին զինքը: Տոկաց քաջաբար, պայքարեցաւ առանց յուսալքուելու, եւ իր հոգին յանձնեց իր Տիրոջ պատնէշի վրայ: Անոր խաղաղ դէմքը այս դագաղին մէջ, ապացոյցն է թէ ան հանգիստ սրտով մեկնեցաւ այս աշխարհէն, վստահելով Աստուծոյ ողորմութեան վրայ, որ գիտէ ճանչնալ իրենները եւ արժանապէս հատուցանել զանոնք։

     

    Մեկնեցսււ Աստուծոյ մարդը, աղօթքի մարդը, ծառայութեան մարդը, ժողովուրդին մարդը։ Թող ան, երկինքէն, շարունակէ գուրգուրայ իր Եկեղեցիին եւ իր հօտին վրայ, եւ բարեխօս հանդիսանայ անոնց համար՝ իր երկնաւոր Հօր մօտ։

     

    Մեր երախտագիտութիւնը կ’ուղղենք մեր, ամենախնամ Տիրոջ, որ պարգեւեց մեզի այս համեստ, բայց բոլորանուէր եկեղեցականը, հովուելու համար ցհեղումն արեան իր հօտը, որովհետեւ իրապէս իր կեանքը տուաւ, կարենալու համար միջնորդ ըլլալ երկնաւոր Հովիւին մօտ:

     

    Թող, իրենց կարգին, բարեխօս ըլլան Տիրոջ մօտ, Զմմառու սիրազեղ Մայրը, Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը, եւ մանաւանդ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին, որոնց հանդէպ այնքան խորունկ ու անկեղծ սիրով սնուցած էր իր հոգին»:

     

Օրացույց

Օրացույց