«Սրբազան Պապին խօսքը ցնցեց արար աշխարհը». Ամեն. Տ. Ներսես Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարք
26 մայիսի, 2015թ.
Ստորև ներկայացնում ենք Հայ Կաթողիկէ պատրիարքական կայքի հրապարակումը
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ, ի յաւերժական յիշատակ Մեծ Եղեռնի ապրիլեան նահատակներուն, ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ 23 մայիս շաբաթ յետմիջօրէի ժամը 6-ին, Պուտաբեշտի սուրբ Ստեփանոս մայր տաճարին մէջ հայածէս հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ մատուցանեց աւելի քան 2000 հաւատացեալներու ներկայութեան:
Սուրբ Պատարագին նախագահեց Հունգարիոյ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ գլխաւոր առաջնորդ՝ Ծիրանաւոր Կարդինալ Փիթեր Էրտոյ:
Պատարագին մասնակցեցան Հունգարիոյ կառավարութեան Քրիստոնեայ Դեմոկրատական Կուսակցութեան խմբակցութեան նախագահ Փիթեր Հառախ, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Կեդրրոնական Եւրոպայի եւ Սկանտինաւիոյ երկիրներու տեղապահ՝ հայր Տիրան վարդապետ Պետրոսեան, Ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, Քալվինիստ եկեղեցւոյ հովիւներ, պետական, պաշտօնական եւ եկեղեցական բազմաթիւ գործիչներ եւ դեսպաններ, Հունգարիոյ բոլոր հայ կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, եկեղեցական ու պետական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ եւ մամուլի խմբագիրներ, Հունգարիոյ հայ կաթողիկէ եւ առաքելական համայնքներու հաւատացեալներ:
Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեցին սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերան հայկական երգչախումբը, ինչպէս նաեւ երեք այլ երգչախումբեր՝ Աքոշ Նադյի խմբավարութեամբ: Պատարագի սպասաւորութիւնը կատարեցին Պուտաբեշդի սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ սուրբ Միքայէլ Հրեշտակապետ հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ սպասաւորները: Պատարագի ծիսակարգը համակարգեց հունգար հայագէտ եւ ծիսագէտ Պենետեկ Ժիկմոնտը:
Իր քարոզին մէջ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յիշեցուց ներկայ բազմութեան թէ այսօր եւս, ցաւօք սրտի, արար աշխարհ տակաւին կ՛ապրի տեսակ մը ցեղասպանութիւն, որուն պատճառը համընդհանուր լռութիւնն է: Ուստի անհրաժեշտութիւն է, ըսաւ Հոգեւոր Տէրը եւ, պարտաւորութիւն՝ մեծարել յիշատակը մեր մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներուն, որովհետեւ ուր յիշատակ չկայ՝ այնտեղ չարիքը տակաւին բաց կը պահէ վէրքը, եւ յանցանքը ծածկել կը նշանակէ արտօնել որ վէրքը շարունակէ արիւնահոսիլ:
Անդրադառնալէ ետք Պենտեկոստէի խորհուրդին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ․
«Այս օրերուս, Հայ Ժողովուրդը կը յիշատակէ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը, տարելիցը մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներուն, որոնք ահռելի, տմարդի եւ աննախընթաց չարչարանքներու եւ մահուան ենթարկուեցան։ Ջարդարարները չխնայեցին ո՛չ ծերերուն, ո՛չ կիներուն եւ ոչ ալ մանուկներուն: Եկեղեցիները, վանքերը, տուները թալանուեցան ու քանդուեցան Օսմանեան պետութեան կողմէ, որ ծրագրած էր հայ ժողովուրդը բնաջինջ ընել, որովհետեւ քրիստոնեայ է: Անոր սատանայական ծրագիրը ձախողեցաւ, եւ ահա այսօր մենք կա՛նք՝ վկայելու համար մեր նախահայրերուն փառապանծ նահատակութիւնը, եւ վերահաստատելու մեր համոզումները Լուսաւորչեան Հաւատքով՝ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան մասին: «Այսօրուան Սուրբ Աւետարանին խօսքը կ’ըսէ. «Խաղաղութիւնը կը թողում ձեզի, իմ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի. զայն չեմ տար ձեզի, ինչպէս աշխարհը կու տայ: Թող ձեր սրտերը չխռովին ու չվախնան» (Յովհ 14,27): Այ՛ո, սիրելիներ, բիւրաւոր նահատակներուն ժառանգորդներ, մեր նահատակները խաղաղութիւնը կը վայելեն հիմա: Անոնք յաւիտենական խաղաղութեան եւ երջանկութեան մէջ կը գտնուին, որ Յիսուս արդարներուն կը վերապահէ: Անոնք հաւատարիմ մնացին լուսաւորչեան հաւատքին մինչեւ վերջ եւ մեզի անմոռանալի վկայութիւն մը եւ թանկագին աւանդ մը ձգեցին իրենց կեանքին զոհաբերումով: Ասոր համար, սգատօն մը չէ որ կը կատարենք այսօր, այլ՝ փառատօն։
«Նոյնիսկ մեղաւորները կոչուած են յաւիտենական կեանքի, եթէ մեր նահատակներուն նման հաւատան Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան, ինչպէս զայն փառաւոր կերպով մեզի կը սորվեցնէ նորանուանեալ 36-րդ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետը, մեր սրտին շատ սիրելի սուրբ Գրիգոր Նարեկացին, որ այս տիտղոսին արժանացաւ անցեալ 12 Ապրիլին, Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին կողմէ:
«Նոյնպէս, Ապրիլի 12-ի սուրբ Պատարագին ընթացքին, Սրբազան Պապը 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը հռչակեց որպէս քսաներորդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը, եւ հրաւիրեց թուրք կառավարութիւնը ընդունելու այս պատմական իրողութիւնը, որովհետեւ «Վէրքը որ չի դարմանուիր կը շարունակէ արիւնոտիլ, նոյնիսկ հարիւր տարի ետք» յայտարարեց Սրբազան Պապը՝ ամէն երկրէ ժամանած բազմահազար հայ ժողովուրդի ներկայութեան, գլխաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի, Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետներուն եւ հարիւրաւոր երկիրներու ներկայացուցիչներուն առջեւ: Սրբազան Պապին խօսքը ցնցեց արար աշխարհը, մանաւանդ երբ ըսաւ թէ անարդարութեան դիմաց լուռ եւ անտարբեր կեցող պետութիւնները՝ գործուած անարդարութեան մեղսակից կը դառնան»:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր քարոզը աւարտեց յարելով որ «որպէս հայ եւ քրիստոնեայ, մեզի կը մնայ յիշատակել մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն հերոսական վկայութիւնը, անոնց արժանաւոր ժառանգորդներ դառնալ մեր կեանքի կենցաղով՝ հաւատարիմ մնալով Լուսաւորչեան Հաւատքին եւ ընթերցելով սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Աղօթքի Մատեանը»:
Յաւարտ սուրբ Պատարագին, սուրբ Ստեփանոս տաճարի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը, որուն ընթացքին ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ծանօթացաւ սուրբ Զոհին մասնակցող բարձրաստիճան եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ ողջունեց հայ համայնքին բազմաթիւ հաւատացեալները:
Հայր Գրիգոր վարդապետ Պատիշահ