• Յիսուսի Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը Փանիկում

    «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, Որուն Ես հաճեցայ: Անոր մտիկ ըրէ՛ք»:


    Կիրակի, 24 յուլիս, 2022 թուական. Տօն Պայծառակերպութեան Տ.Մ. Յիսուսի Քրիստոսի:

     

    Փանիկի Սուրբ Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցում Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեց ձեռամբ՝ Զմմառեան Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան անդամ Գերապատիւ Հայր Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի, առընթերակայութեամբ՝ Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի եւ Ֆրանսիայում գործող «Սուրբ Հաղորդութեան» Երիտասարդական շարժման հոգեւոր հովիւ՝ Հայր Ժոզէ Վրդ. Կոստէի:

     

    Սուրբ գրային ընթերցումներից յետոյ՝ Գերապատիւ Հայր Մովսէս Վրդ. Տօնանեանն իր քարոզում մասնաւորապէս ասաց.

     

    ««Վեց օր ետք, Յիսուս իր հետ տարաւ Պետրոսը, Յակոբոսն ու անոր եղբայ­րը՝ Յովհաննէսը, և զանոնք հանեց, առանձին, բարձր լեռ մը, ուր  անոնց առջեւ պայծառակերպեցաւ» (Մտթ. 17, 1-2):

     

    Այսօր, Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնն է, որ Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն է: Յիշատակութիւնն է մեր Տիրոջ Թաբոր լերան վրայ աստուածային փառքին յայտնութեան, զոր աւետարանիչները կը նկա­րագրեն մեզի:

     

    Յիսուս, իր առաքելութեան երրորդ տարուայ ամառը, աշակերտներէն Պետրոսը, Յակոբոսն ու Յովհաննէսը ընտրելով՝ անոնց հետ բարձրացաւ Թաբոր լեռը` աղօթելու համար (Ղկ. 9, 28): Երբ աղօթքի կանգնած էր Յիսուս, յանկարծ «անոր երեսի տեսքը այլակերպեցաւ» (Ղկ. 9, 29): Մեր Տէրը աշակերտներուն երեւցաւ իր աստուածային փառքով. «Անոր դէմ­քը փայլեցաւ` ինչպէս արեւը, եւ անոր զգեստները դարձան սպիտակ` ինչպէս լոյսը» (Մտթ. 17, 2): Այս պատահարէն ծագեցաւ տօնին անունը` «Այլակերպութիւն» կամ «Պայծառակերպութիւն», որ կը նշանակէ լուսաւոր «կերպարանափոխութիւն»: Քրիստոնեայ բոլոր Եկեղեցիները այս տօնը «Այլակերպութիւն» կը կոչեն: Միայն Հայ Եկեղեցին «Պայծառակերպութիւն» անուանումը կու տայ՝ շեշ­տելով Քրիստոսէ ճառագայթող աստուածային փառքն ու փայլը:

     

    Տեսիլքին ներկայ էին Մովսէս և Եղիա մարգարէները, որոնք մտեր­մօրէն կը խօսէին Յիսուսի հետ ու կը դիտէին անոր պայծառացած դէմքը։ Այսպէս, Մովսէս և Եղիա հանդիսացան վկաները Յիսուսի Աստուածութեան։ Անոնք կը պաշտեն Տէրը՝ կենալով Անոր աջ ու ձախ կողմը։ Յիսուս երկուքին ցոյց տուաւ, թէ Ինքն է Մեսիան Իսրայէլին ու Փրկիչը մարդկութեան, ինչպէս նախագուշակած էին մարգարէները:

     

    Այստեղ, Մովսէսի ներկայութիւնը վկայութիւնն է, թէ Յիսուս երբեք չէ խախտած Տէր Աստուծոյ պատուիրանները: Իսկ Եղիա, որ միակ եւ ճշմարիտ Աստուծոյ բանբերն էր հեթանոսներուն քով, կը վկայէ, թէ Յիսուս չի խլեր Տիրոջ փառքը, այլ՝ ունի զայն Ինքնիր մէջ:

     

    Առաքեալները, որոնք զմայլանքով լեցուած էին այս երկնային տեսարա­նէն, դաւանեցան, թէ Յիսուս ճշմարիտ Օծեալն է, Քրիստոսը (Մկ. 8, 29):

    Առաքեալներուն Ինքզինքը յայտնելով որպէս Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս ուզեց անոնց հաւատքը զօրացնել: Ասով՝ Յիսուս ուզեց պատրաստել աշակերտները իր չարչարանքներուն ու խաչելութեան: Այո՛, Թաբորի դէպքը նախապատրաստութիւնն էր Գողգոթայի պատահա­րին: Փառքին ճանապարհը միշտ խաչին ուղիով ամրապնդուելու է…

     

    Յիսուսի ինքնայայտնութիւնը վաւերացուց Հայր Աստուծոյ անակնկալ ու պաշտօնական վկայութիւնը, երբ երկնքէն ձայնեց, թէ Յիսուս իր Որդին է, եւ, ուրեմն, Աստուած է, որուն փառքը «ի յաւիտենից» էր, դարերէն առաջ, Հօր հետ միասին (Յվհ. 17, 5 եւ Հռմ. 8, 18): Առաւել, Յիսուս ուզեց որ իր առաքեալները նմանէին այս երկու մեծ մար­գարէներուն: Մովսէս այնքան կը սիրէր իր ժողովուրդը, զոր քառասուն տարիներ առաջնորդեց անապատին մէջ: Իսկ Եղիա այնքան քաջարի ու նախանձախնդիր էր Աստուծոյ փառքին:

     

    Պայծառակերպութեան տօնին խորհուրդը Հայր Աստուծոյ սա պատուէրին մէջն է նաեւ. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, Որուն Ես հաճեցայ: Անոր մտիկ ըրէ՛ք»:

     

    Արդ, առաքեալներուն ուղղուած այս խօսքը պատգամն է ամբողջ մարդկային ցեղին՝ բոլոր ժամանակներուն:

     

    Ահա, Պայծառակերպութեան խորհուրդին բանալին՝ սիրել Աստուած, լսել Տիրոջ ձայնը, պահել անոր պատուիրաններն ու գործադրել անոր պատգամները, որոնք գրաւականներն են մարդերուն երջանկութեան եւ ժողովուրդներուն խաղաղութեան:

     

    Քրիստոս, որ մարմնացած էր Ադամի բնութեամբ, պայծառակերպութեամբ ցոյց տուաւ իր փառքը եւ մեզ եւս վերստին հագցուց այն լուսեղէն զգեստը, զոր ունէր մեր նախահայրը դրախտին մէջ, մեղանչելէ առաջ:

     

    Հետեւաբար, Յիսուսի լուսափայլ այլափոխութիւնը նախատիպն է մեր պայծառակերպու­թեան, ինչպէս Քրիստոս ըսաւ. «Արդարները երկնքի արքա­յութեան մէջ պիտի ծագին արեգակին նման» (Մտթ.13, 43):

     

    Ուրեմն, մենք գովաբանենք մեր Փրկիչը, որ իր պայծառակերպութեամբ յայտնապէս ցոյց տուաւ մեզի այդ գալիք կեանքը, որուն մէջ պիտի ըլլանք իր նմանութեամբ եւ իր փառաւորութեան մէջ: Ամէն:

     

    Արդ, հոս յիշեցնելու եմ ձեզի, թէ ինչպէս բոլոր տաղաւար տօներուն յաջորդ օրը, նոյնպէս Պայծառակերպութեան հրաշափառ Կիրակիին յաջոր­դող Երկուշաբթին «Օր մեռելոց» է, այսինքն՝ ննջեցեալներուն յիշատա­կութեան եւ աղօթքի օրն է: Հայ եկեղեցիներուն մէջ, մեր հանգուցեալներուն համար կը մատու­ցուի Ս. Պատարագը, որուն կը յաջորդէ հոգեհան­գստեան պաշտօնը»:

     

    Սուրբ Պատարագից յետոյ, Փանիկ համայնքի երիտասարդները եւ «Սուրբ Հաղորդութեան» Երիտասարդական շարժման անդամները միասին նշեցին Վարդավառը՝ համաձայն հայկական ժողովրդական աւանդոյթների:

     

     

     

    Դիւան Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդութեան

     

Օրացույց

Օրացույց