• Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրն ընդունեց ՀՀ Սփիւռքի նախարար Տիկին Հրանուշ Յակոբեանին

    Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրն ընդունեց ՀՀ Սփիւռքի նախարար Տիկին Հրանուշ Յակոբեանին


    Նիւթը վերցուած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի պաշտոնական կայքից:

    ՀՀ Սփիւռքի նախարար Տիկին Հրանուշ Յակոբեան Ուրբաթ, 13 Մարտ 2015, ժամը 11-ին այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան ուր հանդիպում մը ունեցաւ ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ։ Նախարարուհիին կ’ուղեկցէր Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ դեսպան Աշոտ Քոչարեանին։ Հանդիպումին ներկայ եղան նաեւ արհիապատիւ հայր Մանուէլ եպիսկոպոս Պաթագեան, գերապայծառ հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան Պատրիարքական փոխանորդ Պէյրութի թեմի, գերապատիւ հայր Վարդան վարդապետ Գազանճեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման պատրիարքական յանձնախումբի անդամներ։
    Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ողջունեց  նախարարուհին եւ բարձր գնահատեց անոր գլխաւորած գերատեսչութեան  լայնածիր ծրագիրներն ու աշխատանքը՝ ուղղուած համայն սփիւռքահայութեան։
    Ապա, շուրջ ժամ մը տեւած խօսակցութիւնը շօշափեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած համազգային ձեռնարկները եւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը տեղեկացուց Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան կողմէ ծրագրուած եւ արդէն ընթացք առած ծրագիրներու մասին եւ շեշտեց բոլոր բեմերուն վրայ միացեալ ճակատով հանդէս գալու հրամայականը։  Ան կարեւորեց մասնաւորաբար մեծաշուք Սուրբ Պատարագը՝ որ տեղի պիտի ունենայ 12 Ապրիլին Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ եւ  որուն ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին  Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հանդիսաւորապէս պիտի հռչակէ Եկեղեցւոյ Վարդապետ։ Բացատրելով այս տիտղոսին նշանակութիւնը, Հոգեւոր Տէրը նշեց որ  ցարդ միայն 35 սուրբեր արժանացած են այս տիտղոսին։ Նարեկացին պիտի ըլլայ 36-րդը։ Հոգեւոր Տէրը յոյս յայտնեց որ այս բացառիկ իրադարձութիւնը միաժամանակ կը հանդիսանայ համայն Հայութեան միասնականութեան մէկ արտայայտութիւնը։ Այնուհետեւ խօսակցութիւնը շօշափեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան վերաբերեալ եւ սփիւռքահայութիւնը յուզող խնդիրներ։ Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։ Նախարարուհին  շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն վերապահուած ջերմ ընդունելութեան համար ամէն անգամ որ առիթը ունեցած է այցելելու Հայ կաթողիկէ Պատրիարքարան, բարձր գնահատեց Պատրիարքութեան հայանպաստ գործունէութիւնը  եւ Հոգեւոր Տիրոջմէ հրաժեշտ առաւ համագործակցութիւնը շարունակուած տեսնելու մաղթանքով։

Օրացույց

Օրացույց