• Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց սինոդոսի ամփոփիչ հաղորդագրությունը

    Սինոդի հայրերը բազում կարևոր հարցեր են քննարկել, նաև ընտրել նոր եպիսկոպոսներ՝ թափուր առաջնորդական աթոռների համար


    Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը գումարուեցաւ 2022-ի, փետրուար 04-12, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանին մէջ, նախագահութեամբ նորընտիր Ամենանապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ եւ մասնակցութեամբ Արհիապատիւ Արքեպիսկոպոսներուն եւ Եպիսկոպոսներուն՝ Լիբանանի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Իրանի, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի: Բացակայ էին Թուրքիոյ եւ Հարաւային Ամերիկայի առաջնորդները վատառողջութեան պատճառով:

    Սիւնհոդոսին աշխատանքները սկսան Սուրբ եւ Անմահ պատարագով, զոր մատուցանեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը, Հռոմի Ս. Վլասի անուան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ, վերոյիշեալ Սուրբի տօնին առիթով:

    Եկեղեցւոյ  եւ համայնքին վերաբերեալ եկեղեցական, հովուական, կանոնական եւ ընկերային հարցերը քննելէ ետք, Սիւնհոդոսական հայրերը ընտրութիւն կատարեցին թափուր մնացած աթոռները օժտելու նոր առաջնորդ եպիսկոպոսներով:

    Յատուկ ուշադրութեան նիւթ դարձան փոխյարաբերութիւնները հայ թէ օտար քոյր եկեղեցիներու հետ: Նոյնպէս ուսումնասիրուեցան միջոցները ընդառաջելու Ֆրաչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կոչին ի նպաստ Սիւնհոդոսական եկեղեցւոյ՝ հաղորդութիւն, մասնակցութիւն եւ առաքելութիւն բնաբանով:

    Շեշտը դրուեցաւ աշխուժացնելու երանացման դատը Երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքին:

    Ընտրուեցան Մնայուն Սիւնհոդոսի, Բարձրագոյն Ատեանի անդամները, ինչպէս նաեւ Պատրիարքական զանազան յանձնախումբերու՝ Ծիսական, քահանայական կոչումներու, հաղորդակցութեան միջոցներու, ընտանիքի եւ երիտասարդաց յանձնախումբերու նախագահները:

    Ի վերջոյ, ժողովական հայրերը նամակագրութիւն մը յղեցին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին իրենց սէրը, գնահատանքը եւ երախտագիտութիւնը  յայտնելու անոր անձին, ի մասնաւորի՝ «Եկեղեցական Հաղորդութեան», զոր շնորհեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, յընթացս սուրբ եւ անմահ Պատարագին, որուն միասնաբար հանդիսապետեցին, Սիւնհոդոսական հայերու մասնակցութեամբ, Սուրբ Պետրոս տաճաիին մէջ, 02 փետրուար 2022-ին, Տեառնընդառաջի տօնին եւ Նուիրեալ կեանքի համաշխարհային օրուան առթիւ:

    Սիւնհոդոսը փակուեցաւ շաբաթ 12 փետրուար 2022-ին կէսօրին, ներկայութեամբ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Նախագահ՝ վսեմաշուք Ծիրանաւոր Լէոնարտո Սանտրիին:

    Հռոմ, 12 փետրուար 2022

     

    Դիւան

    Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան

Օրացույց

Օրացույց