• Հռոմում տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսի 5-օրեա նստաշրջանը.սիւնհոդոսի հաղորդագրութիւնը

    Հռոմում տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսի 5-օրեա նստաշրջանը.սիւնհոդոսի հաղորդագրութիւնը


    Հաղորդագրութեան տեքստը վերցուած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի կայքից՝ www.armeniancatholic.org

     

     

    Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց յատուկ Սիւնհոդոսի բացումը կատարուեցաւ 24 փետրուար 2015-ին, Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ վարժարանին մէջ, Հռոմ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց եւ մասնակցութեամբ հետեւեալ թեմերու Առաջնորդներուն. Լիբանան, Հայաստան, Վրաստան, Ռուսաստան եւ Արեւելեան Եւրոպա, Պոլիս, Հալէպ, Դամասկոս, Բարձր Ճեզիրէ, Եգիպտոս, Պարսկաստան, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ եւ Գանատա, Լատին Ամերիկա, Յունաստան:

    Սիւնհոդոսական Հայրերը քննարկեցին գլխաւորաբար հետեւեալ կէտերը.

    Ա. Քննարկում՝ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ իրավիճակին, ընդհանրապէս աշխարհի եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի ներկայ արմատական վերիվայրումներուն եւ անոնց հետեւանքով ստեղծուած մտահոգիչ կացութեան լոյսին ներքեւ: Որոշուեցան առնուելիք քայլերը՝ դիմագրաւելու համար բազմապիսի հարցերն ու մարտահրաւէրները, որոնք կը սպառնան մեր հաւատացեալներուն ազգային ու հոգեւոր ինքնութեան:

    Բ. Ցեղասպանութեան 100 ամեակի յիշատակութեան ծիրին մէջ կատարուելիք՝ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նաեւ համահայկական մակարդակի վրայ եւ զանազան կազմակերպութիւններուն հետ ծրագրուած ձեռնարկներու կարգաւորում եւ անմիջական նախաքայլեր:

    Գ. Այս նոյն գծով եւ յատուկ կերպով նշուեցան հետեւեալ կէտերը.

    – Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կողմէ տրուած դրական պատասխանը Գերեջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ ուղղուած աղերսին՝ սուրբ Պատարագ մատուցանելու Հռոմի «Սուրբ Պետրոս» մայր տաճարին մէջ, յառաջիկայ ապրիլ 12-ին, մասնակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան, ինչպէս նաեւ քոյր Եկեղեցիներու եւ այլ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն եւ ի ներկայութեան հայ եւ օտար քաղաքական անձնաւորութիւններու:

    – Սիւնհոդոսի Հայրերը շնորհակալութեան նամակ յղեցին Սրբազան Պապին՝ Ցեղասպանութեան ոգեկոչումին առիթով Հայ ժողովուրդին հանդէպ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար: Յայտնեցին նաեւ իրենց երախտագիտութիւնը անոր պատմական որոշումին համար՝ ի մօտոյ սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակելու:

    Դ. Սիւնհոդոսական հայրերը զօրակցութիւն յայտնեցին Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներուն մէջ տարագրութեան ու ջարդի ենթարկուող բազմահազար քրիստոնեաներուն հետ որոնք, ի նմանութիւն առաջին դարերու քրիստոնեաներուն, կը նահատակուին իրենց քրիստոնէական հաւատքին կառչած մնալնուն համար: Հայրերը յայտնեցին իրենց պատրաստակամութիւնը՝ բոլոր մարզերու մէջ յառաջ տանելու իրենց ջանքերը, այդ հալածուած ժողովուրդին օգնութեան հասնելու եւ անոնց տառապանքները թեթեւցնելու համար:

    Սիւնհոդոսական նիստերը փակուեցան 28 փետրուար 2015-ին, յատուկ արարողութեամբ, քահանայապետական  Լեւոնեան Հայ Վարժարանի «Սուրբ Նիկողայոս» եկեղեցիին մէջ:

     

    Հռոմ, 28 փետրուար 2015

    Քարտուղարութիւն

    Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոս

    11034468_606400719495438_8531423036444177152_o

    10835029_606399836162193_2099827752167478657_o

    10982700_606399992828844_6504917053227326052_o

     1900764_606400782828765_4100607054916247978_o

    1900764_606400782828765_4100607054916247978_o

Օրացույց

Օրացույց