«պահպանել եւ խնամել կոչումները․․․ անոնք անտաշ անդամներ են»
Ապագայ քահանաներու կազմաւորումը ներկայ ժամանակներու պահանջներուն պատշաճեցնելու նպատակով եւ հիմնուելով կղերից Տիեզերական ժողովի կողմէ 2016-ի հրապարակուած «քահանայական կազմաւորման հիմնագիծին» “Ratio fundamentalis institutionis sacerdotalis”, Հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան նորընծայարաններու Ա. Համագումարը գումարուեցաւ Երեւան 1-5 օգոստոս 2021-ին, որպէս բնաբան ունենալով Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետի 2014-ին կղերից Տիեզերական ժողովին ուղղած պատգամին՝ «պահպանել եւ խնամել կոչումները․․․ անոնք անտաշ անդամներ են»։
Ժողովը սկիզբ առաւ կիրակի 01-էն մինչեւ 03 օգոստոս 2021-ին Երեւանի Ս․Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցւոյ մէջ։ Ս․ Զոհը մատոյց թեմի առաջնորդ՝ Ռաֆայէլ Արք․ Մինասեանը, մասնակցութեամբ Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան եւ Պէյրութի թեմի փոխանորդ՝ Գերպծ․ Գաբրիէլ Թ․Ծ․Վ․ Մուրատեանի։ Ապագայ քահանաներու կազմաւորման Ա ժողովի աշխատանքներուն ընթացքին կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ անհրաժեշտութիւն՝ նոր ոգիով եւ 21-րդ դարու կեանքի դրութիւններու վրայ վերարժեւորելու եւ վերակազմակերպելու քահանայական կազմաւորման աշխատանքը՝ հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան նորընծայարաններէն ներս։
Օգոստոս 4-ին, Զմմառի, Հռոմի եւ Հայաստանի երէց ժառանգաւորները իրենց տեսուչներու հետ միասին մասնակցեցան համանքային երիտասարդական օրերուն, որ կազմակերպուած էր Թորոս գիւղի Աղաճանեան ճամբարէն ներս։ Իսկ Օգոստոս 5-ին գլխաւորութեամբ Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան փոխանորդին՝ Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանին եւ հռոմի Քահանայապետական Հայ Վարժարանի մեծաւոր հօր, ժառանգաւորները ուղուեցան դէպի Երաբլուր իրենց հարգանքի տուրքը մատուցելու հայրենիքին զօհերին, ապա այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողը, իրենց այցելութիւնը փակելով աղօթքով բոլոր նահատակներուն ու իրենց բարեխօսութիւնը խնդրելով իրենց ապագային կազմաւորման համար։
Սրբոց Հրեշտակապետաց միացյալ հոգևոր ճեմարանի տեսչություն